05 Eylül 2016
Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Ամման, Յորդանան, նախագահելու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովին։ Նորին Սրբութիւնը Խորհուրդի չորս նախագահներէն մէկն է, ուր կը ներկայացնէ Արեւելեան Ուղղափառ Ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու ընտանիքը։ Վեհափառ Հայրապետը համաժողովին գլխաւոր խօսողը պիտի ըլլայ. ան պիտի անդրադառնայ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։
Վեց տարին անգամ մը գումարուող Մ.Ա.Ե.Խ.-ի համաժողովին կը մասնակցին Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիները. այս անգամ բացառաբար ներկայ պիտի գտնուին նաեւ բոլոր պատրիարքները եւ հոգեւոր պետերը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, համաժողովին պիտի մասնակցին Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Տեղեկատուական բաժանմունքներու վարիչ Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Լիբանանի Քրիստոնեայ-իսլամ յանձնախումբին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Դոկտ. Ժան Սալմանեան։
Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանք պիտի վերադառնայ Հինգշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2016-ին։