04 Eylül 2016
Բերիոյ Հայոց Թեմի հոգեւոր աւանդութեան համաձայն, Աստուածամօր ծնողաց` Ս. Յովակիմի եւ Աննայի յիշատակին, ամէն տարի, ընդհանրապէս Օգոստոս ամսուան վերջին Կիրակին, սուրիահայ գիւղերէն Եագուպիէի Ս. Աննայի մատռան մէջ կը մատուցուէր Ս. Պատարագ եւ աւարտին` հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին կը կատարուէր հայկական հերիսայի օրհնութիւն:
Սուրիոյ տագնապին ու պատերազմին հետեւանքով, երբ աշխարհագրական կարգ մը տարածքներ գրաւուեցան եւ հայկական ուխտատեղիներ (Տէր Զօր, Րաս Ուլ Այն, Թէլ Ապիատ, Եագուպիէ, Արամօ, Ղնէմիէ) մեր ժողովուրդին համար անհասանելի դարձան, Թեմակալ Առաջնորդին տնօրինումով, Կրօնական Ժողովին կարգադրութեամբ եւ շրջաններու հաւատացեալներուն ջերմեռանդ մասնակցութեամբ, մասամբ կարելի եղաւ տօնախմբութիւնները իրականացնել հայկական աւելի ապահով շրջաններու ու եկեղեցիներու մէջ:
Այսպէս, անցեալ տարի` Ս. Աննայի տօնին, Եագուպիէի ուխտագնացութիւնը իրականացաւ թէ՛ Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, թէ՛ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Այս տարի եւս, աւելի մեծ խանդավառութեամբ, երկու եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ, իսկ Գարատուրանի մէջ դարձեալ աւանդական հերիսան օրհնուեցաւ, կը գրէ “Գանձասար”-ը:
Կիրակի, 28 Օգոստոս 2016-ին, Հալէպի մէջ, Առաջնորդ Սըրբազան Հայրը հանդիսապետեց արարողութեան եւ օրուան խորհուրդն ու պատգամը փոխանցեց ուխտաւորներուն: Մեկնելով Մարկոսի Աւետարանի դրուագէն (Մր 4.38), յիշեցուց որ Տէրը միշտ իր աշակերտներուն հետ է, կեանքի նաւուն վրայ եւ մեզ երբեք առանձին չի ձգեր, եթէ մեր տագնապներուն կամ ալեկոծութ-եանց ընթացքին իրեն դիմենք հաւատքով եւ չերկմտինք, որովհետեւ միայն Ան կրնայ փոթորիկն ու ալեկոծումը հանդարտեցնել` խաղաղեցնել, եզրակացուց Սրբազան Հայրը:
Այս տարուան գեղեցիկ տնօրինումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն երկու երիտասարդ միաբան հայրեր, որոնք ժողովրդանուէր իրենց ծառայութեամբ առաւել փայլք տուին տօնախմբութեան: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Հալէպ) պատարագը մատոյց` Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Շխրտմեան (ծնեալ` Հալէպ, Դպրեվանքի հսկիչ եւ խմբավար կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին): Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Գարատուրան) պատարագեց եւ քարոզեց Հոգեշնորհ Տ. Լեւոն Աբեղայ Եղիայեան (ծնեալ` Եագուպիէ, կաթողիկոսարանի լուսարարապետի օգնական եւ արխիւատան տեսուչի օգնական):
Նախորդ օրը, Գարատուրանի մէջ, Ս. Աննայի ուխտագնացութեան մթնոլորտը զգալի էր: Ծովափի շրջանին այցելու հոգեւոր հովիւ ու քարոզիչ` Հոգեշընորհ Տ. Արտակ Վարդապետ Արապեան (ծնեալ` Քեսապ) Ս. Ստեփանոսի մատուռին դիմաց, Հ. Լեւոնին հետ, կատարեց աղի օրհնութիւնը ի ներկայութեան Եագուպիէի ու շրջանի հայութեան: Ապա տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում եւ հերիսայի պատրաստութիւն: Իսկ Կիրակի առաւօտ, Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգիստի ընթացքին, հերիսայի օրհնութիւնն ու բաշխումը կատարուեցաւ:
Հալէպի մէջ, Ս. Պատարագի աւարտին` հոգեհանգիստին, յիշատակումը կատարուեցաւ Սուրիոյ բոլոր նահատակներուն: Եկեղեցւոյ մեծ ներքնասրահը հոծ բազմութեամբ լեցուած էր: Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ գեղարուեստական ծրագիր մը իրագործուեցաւ: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամ Սարգիս Կիրակոսեան, Եագուպիէի եւ շրջակայքի հայ քաղաքապետ Աւետիս Պետրոս, Եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը, Տիկնացի ատենապետ Արաքսի Երէցեան-Տիրարեան, Աղքատախնամը, Եագուպիէի Եղբայրակցութիւնն ու Տիկնացը եւ ուխտաւորներ: Սրտի խօսքեր արտասանեցին` Արժ. Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան եւ այլք: Վերջաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց բոլորին մասնակցութիւնը Հալէպ թէ Գարատուրան, մանաւանդ աւանդութիւններուն հաւատարիմ մնալու եւ շարունակելու ներկայ գիտակցութիւնն ու տրամաբանութիւնը: Պատմական օրինակներով շեշտեց տաճար, եկեղեցի, դպրոց ու ազգային շէնքերու ոչ նիւթեղէն նշանակութիւնն ու արժէքը, ընդգծելով որ հակառակ տագնապի աւերիչ իրականութեան, երբ առկայ է աներկմիտ հաւատքը, մենք կրնանք միասնաբար վերականգնել համայնքային բոլոր կառոյցները, եթէ մեր մէջ չէ մեռած հոգին ու կապուածութիւնը` մեր ուխտատեղիներուն եւ ուխտերուն, մեր սրբութիւններուն ու մարդկային թէ ազգային անկորընչելի արժէքներուն: Տիկնաց յանձնախումբերը հիւրասիրեցին ներկաները: Աւարտին, սըրբազան հօր «Պահպանիչ»ով ու Դպրաց Դասի «Կիլիկիա» մաղթերգով փակուեցաւ հանդիսութիւնը: