02 Eylül 2016
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնած է, թէ Անգարա գերմանացի երեսփոխաններու պիտի արտօնէ մուտք գործել Ինճիրլիքի ռազմակայան այն պարագային, երբ Գերմանիոյ կառավարութիւնը հրաժարի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւէն:
Անդրադառնալով գերմանացի երեսփոխաններու Ինճիրլիքի ռազմակայան մուտքի արտօնութիւն տալու հարցին` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսած է.- «Ատիկա կախեալ է Գերմանիոյ կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերէն:
Եթէ անոնք անհրաժեշտ քայլերու դիմեն, ապա մենք կարելի պիտի դարձնենք այցելութիւնը: Սակայն, դժբախտաբար, պէտք է ըսեմ, որ անոնք, որոնք կը միջամտեն եւ անարդար ձեւով կը շահագործեն մեր պատմութիւնը, այցելութիւն կատարելու արտօնութիւն պիտի չստանան»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարները յայտնած են, որ Չաւուշօղլուի նախանշած «անհրաժեշտ քայլերը» կ՛ենթադրեն, թէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ինքզինք հեռացնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Պունտեսթակի բանաձեւէն եւ յստակացնէ, որ կառավարութիւնը ատոր չ՛աջակցիր: