Սուրբ Աննայի Ուխտի Օրը Նշուեցաւ Հալէպի եւ Քեսապի Մէջ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

04 Eylül 2016  

Սուրբ Աննայի Ուխտի Օրը Նշուեցաւ Հալէպի եւ Քեսապի Մէջ -

Սուրբ Աննայի Ուխտի Օրը Նշուեցաւ Հալէպի եւ Քեսապի Մէջ Սուրբ Աննայի Ուխտի Օրը Նշուեցաւ Հալէպի եւ Քեսապի Մէջ

Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի հո­գե­ւոր աւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, Աստ­ուա­ծա­մօր ծնո­ղաց` Ս. Յո­վա­կի­մի եւ Ան­նա­յի յի­շա­տա­կին, ամէն տա­րի, ընդ­հան­րա­պէս Օգոս­տոս ամ­սուան վեր­ջին Կի­րա­կին, սուր­ի­ա­հայ գիւ­ղե­րէն Եա­գուպի­էի Ս. Ան­նա­յի մա­տ­ռան մէջ կը մա­տուց­ուէր Ս. Պա­տա­րագ եւ աւար­տին` հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին կը կա­տար­ուէր հայ­կա­կան հե­րի­սա­յի օրհ­նու­թիւն:

Սուր­իոյ տագ­նա­պին ու պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով, երբ աշ­խար­հագ­րա­կան կարգ մը տա­րածք­ներ գրաւ­ուե­ցան եւ հայ­կա­կան ուխ­տա­տե­ղի­ներ (Տէր Զօր, Րաս Ուլ Այն, Թէլ Ապ­ի­ատ, Եա­գուպիէ, Արա­մօ, Ղնէմիէ) մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ան­հա­սա­նե­լի դար­ձան, Թե­մա­կալ Առաջ­նոր­դին տնօ­րի­նու­մով, Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վին կար­գադ­րու­թեամբ եւ շր­ջան­նե­րու հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն ջեր­մե­ռանդ մաս­նակ­ցութ­եամբ, մա­սամբ կա­րե­լի եղաւ տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րը իրա­կա­նաց­նել հայ­կա­կան աւե­լի ապա­հով շր­ջան­նե­րու ու եկե­ղե­ցի­նե­րու մէջ:

Այս­պէս, անց­եալ տա­րի` Ս. Ան­նա­յի տօ­նին, Եա­գուպի­էի ուխ­տագ­նա­ցու­թիւնը իրա­կա­նա­ցաւ թէ՛ Հա­լէ­պի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ, թէ՛ Գա­րա­տու­րա­նի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ:

Այս տա­րի եւս, աւե­լի մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ, եր­կու եկե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ Ս. Պա­տա­րագ մա­տուց­ուե­ցաւ, իսկ Գա­րա­տու­րա­նի մէջ դարձ­եալ աւան­դա­կան հե­րի­սան օրհն­ուե­ցաւ, կը գրէ “Գանձասար”-ը:

Կի­րա­կի, 28 Օգոս­տոս 2016-ին, Հա­լէ­պի մէջ, Առաջ­նորդ Սըր­բա­զան Հայ­րը հան­դի­սա­պե­տեց արա­րո­ղու­թեան եւ օր­ուան խոր­հուրդն ու պատ­գա­մը փո­խան­ցեց ուխ­տա­ւոր­նե­րուն: Մեկ­նե­լով Մար­կո­սի Աւե­տա­րա­նի դր­ուա­գէն (Մր 4.38), յի­շե­ցուց որ Տէ­րը միշտ իր աշա­կերտ­նե­րուն հետ է, կեան­քի նա­ւուն վրայ եւ մեզ եր­բեք առան­ձին չի ձգեր, եթէ մեր տագ­նապ­նե­րուն կամ ալե­կո­ծութ-եանց ըն­թաց­քին իրեն դի­մենք հա­ւատ­քով եւ չերկմ­տինք, որով­հե­տեւ միայն Ան կր­նայ փո­թո­րիկն ու ալե­կո­ծու­մը հան­դար­տեց­նել` խա­ղա­ղեց­նել, եզ­րա­կա­ցուց Սր­բա­զան Հայ­րը:

Այս տար­ուան գե­ղե­ցիկ տնօ­րի­նու­մին իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թենէն եր­կու երի­տա­սարդ մի­ա­բան հայ­րեր, որոնք ժո­ղովր­դան­ուէր իրենց ծա­ռա­յու­թեամբ առա­ւել փայլք տուին տօ­նախմ­բու­թեան: Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ (Հա­լէպ) պա­տա­րա­գը մա­տոյց` Հո­գեշ­նորհ Տ. Գա­րե­գին Վար­դա­պետ Շխրտմ­եան (ծն­եալ` Հա­լէպ, Դպ­րե­վան­քի հս­կիչ եւ խմ­բա­վար կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի «Շնոր­հա­լի» երգ­չա­խում­բին): Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ (Գա­րա­տու­րան) պա­տա­րա­գեց եւ քա­րո­զեց Հո­գեշ­նորհ Տ. Լե­ւոն Աբե­ղայ Եղ­իայ­եան (ծն­եալ` Եա­գուպիէ, կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի լու­սա­րա­րա­պե­տի օգ­նա­կան եւ արխիւա­տան տե­սու­չի օգ­նա­կան):

Նա­խորդ օրը, Գա­րա­տու­րա­նի մէջ, Ս. Ան­նա­յի ուխ­տագ­նա­ցու­թեան մթ­նո­լոր­տը զգա­լի էր: Ծո­վա­փի շր­ջա­նին այ­ցե­լու հո­գե­ւոր հո­վիւ ու քա­րո­զիչ` Հո­գեշը­նորհ Տ. Ար­տակ Վար­դա­պետ Արապ­եան (ծն­եալ` Քե­սապ) Ս. Ստե­փա­նո­սի մա­տու­ռին դի­մաց, Հ. Լե­ւո­նին հետ, կա­տա­րեց աղի օրհ­նու­թիւնը ի ներ­կա­յու­թեան Եա­գուպի­էի ու շր­ջա­նի հա­յութ­եան: Ապա տե­ղի ու­նե­ցաւ ոչ­խար­նե­րու զե­նում եւ հե­րի­սա­յի պատ­րաս­տու­թիւն: Իսկ Կի­րա­կի առա­ւօտ, Ս. Պա­տա­րա­գի աւար­տին, հո­գե­հան­գիս­տի ըն­թաց­քին, հե­րի­սա­յի օրհ­նու­թիւնն ու բաշ­խու­մը կա­տար­ուե­ցաւ:

Հա­լէ­պի մէջ, Ս. Պա­տա­րա­գի աւար­տին` հո­գե­հան­գիս­տին, յի­շա­տա­կու­մը կա­տար­ուե­ցաւ Սուր­իոյ բո­լոր նա­հա­տակ­նե­րուն: Եկե­ղեց­ւոյ մեծ ներք­նաս­րա­հը հոծ բազ­մու­թեամբ լեց­ուած էր: Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ ու ներ­կա­յութ­եամբ գե­ղար­ուես­տա­կան ծրա­գիր մը իրա­գործ­ուե­ցաւ: Ներ­կայ էին Ազգ. Վար­չու­թեան ան­դամ Սար­գիս Կի­րա­կոս­եան, Եա­գուպի­էի եւ շր­ջա­կայ­քի հայ քա­ղա­քա­պետ Աւե­տիս Պետ­րոս, Եկե­ղեց­ւոյ Թա­ղա­կա­նու­թիւնը, Տիկ­նա­ցի ատե­նա­պետ Արաք­սի Երէց­եան-Տի­րար­եան, Աղ­քա­տախ­նա­մը, Եա­գուպի­էի Եղ­բայ­րակ­ցու­թիւնն ու Տիկ­նա­ցը եւ ուխ­տա­ւոր­ներ: Սր­տի խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին` Արժ. Տ. Յու­սիկ Ա. Քհնյ. Սեդ­րակ­եան եւ այլք: Վեր­ջա­ւո­րու­թեան, Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը գնա­հա­տեց բո­լո­րին մաս­նակ­ցու­թիւնը Հա­լէպ թէ Գա­րա­տու­րան, մա­նա­ւանդ աւան­դու­թիւններուն հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու եւ շա­րու­նա­կե­լու ներ­կայ գի­տակ­ցու­թիւնն ու տրա­մա­բա­նու­թիւնը: Պատ­մա­կան օրի­նակ­նե­րով շեշ­տեց տա­ճար, եկե­ղե­ցի, դպ­րոց ու ազ­գա­յին շէն­քե­րու ոչ նիւ­թե­ղէն նշա­նա­կու­թիւնն ու ար­ժէ­քը, ընդգ­ծե­լով որ հա­կա­ռակ տագ­նա­պի աւե­րիչ իրա­կա­նութ­եան, երբ առ­կայ է աներկ­միտ հա­ւատ­քը, մենք կր­նանք մի­աս­նա­բար վե­րա­կանգ­նել հա­մայն­քա­յին բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը, եթէ մեր մէջ չէ մե­ռած հո­գին ու կապ­ուա­ծու­թիւնը` մեր ուխ­տա­տե­ղի­նե­րուն եւ ուխ­տե­րուն, մեր սր­բութիւններուն ու մարդ­կա­յին թէ ազ­գա­յին ան­կորըն­չե­լի ար­ժէք­նե­րուն: Տիկ­նաց յանձ­նա­խում­բե­րը հիւ­րա­սի­րե­ցին ներ­կա­նե­րը: Աւար­տին, սըր­բա­զան հօր «Պահ­պա­նիչ»ով ու Դպ­րաց Դա­սի «Կի­լիկ­իա» մաղ­թեր­գով փակ­ուե­ցաւ հան­դի­սու­թիւնը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+