29 Temmuz 2016
9 օգոստոսին Փեթերսպուրկի մէջ տեղի կ՛ունենայ Փութին- Էրտողան հանդիպումը: Այս հանդիպումը սպասելի էր գրեթէ մէկ տարի տեւած խզուած ընդհատումէ ետք:
Ռուսական զինուորական օդանաւի հարուածէն ետք ստեղծուած լարուած իրավիճակի պարունակին մէջ արձանագրուող պարանաձգութեան խաղը աւարտած է: Նախ` օդանաւը իմանալո՞վ, թէ՞ չիմանալով խփուած է, յետոյ Թուրքիոյ օդային սահմանը հատա՞ծ է, թէ՞ չէ հատած, ապա Էրտողանը ցաւակցութի՞ւն, թէ՞ ներողութիւն ըսած է, գրաւո՞ր փոխանցած է, թէ՞ կիսապաշտօնական եւ այլն: Մինչ այդ նաեւ չմոռնանք, որ պարանաձգութեան այս խաղի ընթացքին պաշտօնական Մոսկուան շատ պաղ, եթէ ոչ հեգնական վերաբերում ունեցած էր Ռուսիոյ ազգային տօնին առիթով Թուրքիոյ կողմէ իրեն ուղղուած շնորհաւորագիրին առիթով:
Հիմա այդ բոլորի փուլը երեւութապէս աւարտած է եւ հետեւողներուն մօտ այն տպաւորութիւնն է, որ պահանջուածը ներողութիւնն էր, որ պէտք է ըսէր Էրտողանը, որուն դիմաց երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները պիտի վերաբնականոնացուէին:
Խորքին մէջ սակայն թատերական այս ներկայացումներուն ետին, Մոսկուան եւ Անգարան յայտնուած են Արեւմուտքի կողմէ միեւնոյն վերաբերմունքին արժանանալու դիրքերուն վրայ: Փոխադարձ, յատկապէս տնտեսական շահերը կը մերձեցնեն երկու երկիրները: Ռուսիոյ տնտեսական պատժամիջոցները իրօք վնասած են Թուրքիոյ, որ այլապէս մեծ մարտահրաւէրներ դիմակայելու ընթացքին մէջ է:
Թուրքիոյ մէջ չկայացած յեղաշրջումը Էրտողանի դէպի Ռուսիա կատարած շրջադարձէն ետք էր: Թէեւ պետական զինուորական հարուածի պատճառներուն յայտարարութիւններուն մէջ այս հանգամանքը չէր նշուած, բայց չի բացառուիր, որ անիկա կրնար լուռ ազդեցութիւն ունեցած ըլլալ: Մանաւանդ որ Էրտողանը անընդհատ կը մեղադրէ Արեւմուտքն ու Ուաշինկթընը յեղաշրջումի Միացեալ Նահանգներէն հեռակառավարուած ըլլալու վարկածը առաջ քշելով:
Տակաւին պարզ չէ, որ սուրիական պատերազմին առումով երկու երկիրները ի՛նչ համատեղ դերակատարութեան մասին կրնան համաձայնիլ` նկատի ունենալով տրամագծօրէն հակոտնեայ իրենց դիրքորոշումները այս հարցին մէջ: Ասիկա աւելի պարզ կը դառնայ քրտական գործօնին նկատմամբ երկու երկիրներու գործնական դիրքորոշումները դիտարկելու ընթացքին:
Հայկական հարցերու վերաբերեալ թրքական մամուլին մէջ երեւցան այն կանխատեսումնային վերլուծումները, որոնց համաձայն, յեղաշրջումի փորձին նախորդած ժամանակահատուածին Անգարան կը պատրաստուէր Երեւանի հետ իր յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթաց սկսելու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուն Պաքու այցելութենէն ետք յայտարարած էր, որ նախադրեալներ ստեղծուած են Արցախեան խնդիրի լուծման համար: Միաժամանակ թէ՛ ան եւ թէ՛ այլ բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաներ տարբեր առիթներով հաստատած են, որ Թուրքիան խնդիրի լուծման հարցին մէջ ամբողջովին կը պաշտպանէ Ազրպէյճանի մօտեցումը: Գաղտնիք չէ, որ Ազրպէյճանն ալ փոխզիջում ըսուածը կը հասկնայ միայն իբրեւ հայկական կողմի միակողմանի եւ ամբողջական զիջում: Ուրեմն այս պարագային ինչպէ՞ս կը համադրուին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու ռուս-թրքական կանխատեսումները:
Կարելի չէ չյիշել այստեղ «Իզվեսթիա»-ի յօդուածը, որ Ռուսիան կը նախապատրաստուի աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան երկկողմանի ապաշրջափակման: Այս մէկը կը խօսի նաեւ արցախեան հիմնահարցին մէջ ռուսական լուծման ծրագիրի մասին, որ այժմ քաղաքագիտական վերլուծութիւններով հանդէս կու գայ իբրեւ այժմէականացած քազանեան նախագիծ անունով: Վերլուծման համար գուցէ նաեւ օգտակար ըլլայ յիշել Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Զախարովայի յայտարարութիւնը Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացին Անգարան մասնակից դարձնելու հաւանականութիւնը չբացառող, թէկուզ խիստ պայմանական:
Այս հանգրուանին նման հարցերու տարողունակութիւն չ՛ունենար հանդիպման օրակարգը: Ռուսիոյ կողմէ Թուրքիոյ տնտեսական ապաշրջափակումը կ՛ըլլայ այս հանդիպման առաջնային արդիւնքներէն մէկը: Երկու կողմերն ալ կը գիտակցին, որ դժուար կացութեան մէջ յայտնուած ըլլալն է իրենց մօտ մերձեցման շարժառիթը, եւ երկու երկիրները, մեկնելով բազմաթիւ հանգամանքներէ, չեն կրնար երկարատեւ կտրուածքով համադրել իրենց զինուորաքաղաքական գործունէութիւններու սլաքները: Իսկ ասիկա ոչ միայն Սուրիոյ պարագային: