29 Temmuz 2016
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Սուրիոյ ծովեզերեան շրջաններ տուած հովուապետական այցելութիւնը սկսաւ Լաթաքիայէն: Վեհափառ հայրապետը Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն, ապա եկեղեցւոյ կից` «Արարատ» սրահէն, հաւաքուած բազմութեան փոխանցեց իր հովուապետական օրհնութիւնը, ապա շեշտեց, թէ` «հարիւր տարիներ առաջ երբ հայը Թուրքիոյ մէջ մահ ու կոտորած տեսաւ, ապա Սուրիոյ մէջ գտաւ եղբայրական սէր ու համերաշխ գոյակցութիւն: Սուրիահայ գաղութը կապուած է իր երկրին: Ան պիտի մնայ, գոյատեւէ եւ բարգաւաճի»:
Այս առիթով սրտի խօսք արտասանեց Լաթաքիոյ նահանգապետը` բարի գալուստ մաղթելով վեհափառ հայրապետին եւ շեշտելով, որ հայ տարրը Սուրիան պաշտպանելու համար յառաջապահ դիրքի վրայ գտնուեցաւ եւ տուաւ բազմաթիւ նահատակներ:
Վեհափառ հայրապետը Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին պարգեւեց օծման կարգին յարմար պանակէ մը, իսկ սրբազան հայրը առիթը առաւել քաղցրացուց օրուան առիթով պատրաստուած յատուկ կարկանդակի հատումով:
Կարկանդակի հատման մասնակցեցան օրուան հիւրերը` Լաթաքիոյ նահանգապետը, ոստիկանապետը, կուսակցապետը եւ իսլամ հոգեւորականութեան ներկայացուցիչներ:
Ուշագրաւ էր սուրիական լրատուամիջոցներու խիտ ներկայութիւնը:
Վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը կը շարունակուի: