28 Haziran 2016
Նախագահ Սերժ Սարգսեան կը կարծէ, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) պիտի յաղթէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: «Ռոյթըրզ»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ան ընդգծեց, որ Հանրապետականի պարտութեան պարագային քաղաքականութեան մէջ այլեւս ընելիք պիտի չունենայ, ապա ծիծաղով բացառեց անոր հաւանականութիւնը:
«Եթէ կուսակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն անյաջողութեան մատնուի, ես այլեւս քաղաքականութեան մէջ ի՞նչ ունիմ ընելիք», ըսաւ նախագահը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին` ընդգծելով, որ Հռոմի պապի սկզբունքային դիրքորոշումն ու Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ արտայայտուած տեսակէտը ճամբայ կը հարթեն այլ ազգերու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
«Եւ ես վստահ եմ, որ Գերմանիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ու նաեւ պապի հաստատակամութիւնը կը բերեն նոր ալիքի: Ես գրեթէ կասկած չունիմ, որ մօտ օրէն ֆրանսացիները անգամ մը եւս իրենց խորհրդարան կը տանին Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրինագիծը: Երկրորդ, ինչպէս յայտնի է, Գերմանիան շատ ծանրակշիռ խաղացող է եւ մեծ հեղինակութիւն ունի ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ ես վստահ եմ, որ Գերմանիոյ օրինակը բազմաթիւ այլ երկիրներու համար պիտի դառնայ ուսանելի», ըսաւ նախագահը:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ձգտումներուն` նախագահը կասկած յայտնեց, թէ Անգարան կը յաջողի ճնշումներու միջոցով մաս կազմել Եւրոպական Միութեան: «Բայց ըստ երեւոյթին կը շփոթեն, թէ որու վրայ կարելի է ուժ գործադրել, ճնշում գործադրել, որու վրայ` կարելի չէ: Ես չեմ կարծեր, որ Թուրքիան այն երկիրն է, որ Եւրոպական Միութեան վրայ կրնայ ճնշում գործադրել: Անկեղծ ըսած, ես չեմ տեսներ այն հաւանականութիւնը , որ Թուրքիա կրնայ Եւրոպական Միութեան մաս կազմել», նշեց նախագահը:
Միեւնոյն ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստանը չի պատկերացներ բարեփոխումներու յաջող ընթացքը առանց Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան: «Մենք պիտի շարունակենք այդ ճամբան», շեշտեց նախագահ Սարգսեան:
«Ռոյթըրզ»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը նաեւ անդրադարձաւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումին` ըսելով, թէ պայմանաւորուած են շարունակել եռակողմանի ձեւաչափով: «Մենք պայմանաւորուած ենք, որ այդ հանդիպումները` եռակողմանի ձեւաչափով, պիտի ըլլան շարունակական եւ անոնք կու գան լրացնելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափը», եզրափակեց նախագահը: