26 Haziran 2016
«Կը Խոնարհիմ Ողորմութեան Առջեւ Տիրոջ, Որ Կամեցաւ, Որ Հայաստանը Ըլլայ Այն Առաջին Երկիրը, Որ 301 Թուականին Ընդունեց Քրիստոնէութիւնը Իբրեւ Իր Կրօնը»
Ս. Էջմիածինի Մէջ Յայտարարեց Ֆրանչիսկոս Պապը
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հրաւէրով 24 յունիսին եռօրեայ այցելութեամբ Հայաստան հասաւ Հռոմի սրբազան պապը` «Այցելութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր» կարգախօսով:
Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ Ֆրանչիսկոս պապը արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան. զինք դիմաւորելու եկած էին նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու առաջին տիկինը եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնեաներ, դիւանագէտներ, Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներ: Օդակայանին մէջ հայկական միջնադարեան շարականներով պապը ողջունեցին «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբին սաները: Ազգային տարազով երեխաները Հռոմի պապին մատուցեցին հայկական ծիրան եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական ժառանգութեան ցանկերուն մէջ ներառուած հայկական լաւաշ:
Օդակայանի նախագահական սրահին մէջ հանրապետութեան նախագահին եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ ունեցած կարճատեւ զրոյցէն ետք սրբազան քահանայապետը ուղղուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հազարաւոր հաւատացեալներ հաւաքուած էին` մասնակցելու պապին բարի գալստեան` Հրաշափառի արարողութեան:
Եղբայրական սիրով ու աղօթքով ողջունելով Ֆրանչիսկոս պապին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան ներկայութիւնը Միածնաէջ սուրբ տաճարին մէջ` Գարեգին Բ. կաթողիկոս ըսաւ.
«Խորապէս զգացուած ենք, որ Մեր հրաւէրին ընդառաջ` այցելեցիք Հայաստան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Հինաւուրց այս տաճարը Աստծոյ հետ մեր ժողովրդի կնքած սրբազան ուխտի խորախորհուրդ վկայութիւնն է: Նուիրական այս սրբավայրում իջաւ Յիսուս Քրիստոս եւ Իր Սուրբ Աջով հաստատեց Սուրբ Էջմիածինը` սրբութիւն սրբոցը համայն հայութեան: Աստուածային նախախնամութեամբ հայոց երկրորդ Լուսաւորիչ, առաքելապատիւ Ս. Գրիգոր հայրապետի տեսիլքով ու անխոնջ ջանքերով նորոգուեցին Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալների քարոզութեամբ մեր ժողովրդի սրտում վառուած հաւատքի կանթեղները: Այդ օրից ի վեր Սուրբ Էջմիածնից ճառագող լոյսը միաւորում է մեր ժողովրդին տապանակիր Արարատի շուրջ սփռուած իր հայրենիքով, իր սրբութիւններով, իր պատմութեամբ: Անչափ ուրախ ենք, որ այսօր Միածնաէջ այս սուրբ տաճարում ի փառս Աստծոյ միաւորւում են Ս. Պետրոս եւ Ս. Թադէոս ու Ս. Բարթողիմէոս առաքեալների Աթոռների գահակալներիս աղօթքները` հայցելով մեր հաւատացելոց եւ ողջ աշխարհի համար խաղաղութիւն, սիրոյ ու եղբայրութեան ամուր ոգի եւ համագործակցութեան արգասաւորում:
«Այս պահին ջերմ զգացումներով ենք յիշում 2001 թուականին քրիստոնէութիւնը Հայաստանում պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի առիթով Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի այցը Հայաստան: Այն Ս. Պետրոսի աթոռի գահակալի առաջին այցելութիւնն էր մեր երկիր, որը մեր եկեղեցիների եղբայրական յարաբերութիւններում գործակցութեան նոր խթան հանդիսացաւ: Մեր Եկեղեցիների եղբայրական յարաբերութիւնների առաւել սերտացման գործում նշանակալի աւանդ էք բերել նաեւ Դուք` Ձեր ծառայագործութեան հանգրուաններում առանձնակի ջերմութիւն դրսեւորելով հայ եկեղեցու եւ մեր ժողովրդի նկատմամբ:
«Ձերդ սրբութեան այցելութիւնը նոր վկայութիւն է մեր եկեղեցիների եղբայրութեան եւ գործակցութեան, որը երկուստեք զօրացնում է հայ առաքելական ու կաթողիկէ հաւատացեալներին եւ տոգորում լաւատեսութեամբ, որ մեր կեանքում առաւել զգալի պիտի լինեն քրիստոնէական սիրով շաղախեալ մեր հաւատքի վկայութիւնները: Մեր ժողովրդի զաւակները երախտագիտութեամբ են յիշում Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարում Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին մատուցած Ձեր հանդիսաւոր պատարագը` Ցեղասպանութիւնը դատապարտող պատմական ճառով:
«Գոհութիւն ենք յայտնում Աստծուն, որ այսօր այստեղ Ձերդ սրբութեան, կաթողիկէ եկեղեցու զաւակների, Ձեր այցի առիթով տարբեր երկրներից Հայաստան ժամանած բազմաթիւ հայորդեաց ու հայրենաբնակ մեր ժողովրդի հետ միասնաբար կարող ենք աղօթել եւ հայցել Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակների բարեխօսութիւնը, որոնց արեան վկայութիւնը ո՛չ միայն հայոց, այլ նաեւ քրիստոնէական ընդհանուր հաւատքի յաղթանակի հաւաստիքն է: Ինչպէս առաքեալն է ասում` շատերի գոհութեամբ առատացած շնորհը աւելանում է ի փառս Աստծոյ (Հմմտ. Բ Կորնթ. Դ15):
«Հայոց ցեղասպանութեան եւ խորհրդային աստուածմերժութեան տարիների աւերներից յետոյ այսօր հայրենի անկախ պետականութեան պայմաններում մեր եկեղեցին հոգեւոր նոր զարթօնք է ապրում` ազատօրէն իրականացնելով տէրունաւանդ իր առաքելութիւնը մեր ժողովրդի կեանքում: Մեր եկեղեցին նաեւ առաւել մասնակցութիւն է բերում համաքրիստոնէական կեանքին` խորին համոզումով, որ աշխարհում առկայ հոգեւոր, քաղաքական, տնտեսական ու մարդասիրական ճգնաժամերի խորացման այս ժամանակաշրջանում առաւել քան կարեւորւում է քոյր եկեղեցիների միասնական աղօթքն ու գործակցութիւնը յանուն Քրիստոսի սուրբ եկեղեցու առաքելութեան արգասաւորման, աշխարհում հոգեւոր¬բարոյական արժէքների պահպանման ու արժեւորման, մերձաւորի հանդէպ սիրոյ զօրացման, որոնցով կեանքում կարող են մարմնաւորուել ապահովութեան եւ բարօրութեան իրական արդիւնքները:
«Աղօթք ենք բարձրացնում Քրիստոսի սուրբ եկեղեցու հաստատունութեան եւ պայծառութեան, մեր Տիրոջ պարգեւած սիրոյ ու հաճութեան ոգու տարածման եւ աշխարհում խաղաղութեան ու համերաշխ կեանքի ամրապնդման համար: Հայցում ենք Ձերդ սրբութեանը Տիրոջ զօրակցութիւնը եւ մաղթում ընդ երկայն աւուրս քաջառողջ, արդիւնազարդ գահակալութիւն` ի պայծառութիւն Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցոց եւ ի մխիթարութիւն հաւատացելոց: Բարի էք եկել աստուածաշնչեան երկիր Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Յիսուս Քրիստոսի ողորմութիւնը, շնորհներն ու օրհնութիւնը թող լինեն մեզ հետ եւ ամէնքի: Ամէն»:
Անկէ ետք իր ուղերձը արտասանեց Ֆրանչիսկոս պապը եւ ըսաւ. «Յուզումով ոտքս դրի ձեր ժողովուրդին պատմութեան վկայութեան ու հոգեկանութեան լուսաշող կեդրոնի, այս սրբազան վայրի շեմին: Ես Աստուծոյ թանկագին պարգեւը կը նկատեմ այն, որ կրցայ մօտենալ Ս. սեղանին, որմէ Քրիստոսի լոյսը սփռուեցաւ Հայաստանի մէջ:
«Կ՛ողջունեմ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` Գարեգին Բ.-ը, շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Էջմիածին այցելելու հաճելի հրաւէրին համար, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներն ու եպիսկոպոսները, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին` սրտագին եւ ցնծալի ընդունելութեան համար, զոր ինծի պարգեւեցիք: Շնորհակալութիւն, Ձերդ սրբութիւն, զիս Ձեր տան մէջ հիւրընկալելու համար: Սիրոյ այս նշանը բառերէն շատ աւելի պերճախօս կերպով կ՛արտայայտէ այն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ընկերութիւնը ու եղբայրական սէրը:
Այս հանդիսաւոր առիթով Տիրոջ գոհութիւնը կը մատուցեմ ձեր երկրին մէջ վառած հաւատքի լոյսին համար, հաւատք, որ Հայաստան աշխարհին տուաւ իր ուրոյն ինքնութիւնը եւ զայն Քրիստոսի պատգամաբերը կարգեց ազգերուն մօտ: Քրիստոս է Ձեր փառքը, Ձեր լոյսը, արեգակը, որ Ձեզ լուսաւորեց եւ նոր կեանք պարգեւեց, որ Ձեզ ուղեկցեցաւ եւ սատարեց յատկապէս մեծագոյն փորձութեան պահերուն:
«Կը խոնարհիմ ողորմութեան առջեւ Տիրոջ, որ կամեցաւ, որ Հայաստանը ըլլայ այն առաջին երկիրը, որ 301 թուականին ընդունեց քրիստոնէութիւնը իբրեւ իր կրօնը, այնպիսի ժամանակաշրջանի, երբ հռոմէական կայսրութեան մէջ դեռ կը բորբոքէին հալածանքները: Քրիստոսի հաւատքը Հայաստանի համար չէ եղած որպէս զգեստ, որ կարելի է հագնիլ կամ հանել, պարագաներու կամ առիթներու համաձայն, այլ սեփական ինքնութեան բաղկացուցիչ իրականութիւն, գերազանց պարգեւ` ուրախութեամբ ընդունելի եւ ժրաջանութեամբ եւ ուժով պահպանելի: Ինչպէս գրած է Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը. «Հայ հասարակութեան «մկրտութեամբ» […] ծնունդ կ՛առնէ ժողովուրդի նոր ինքնութիւն, որ հայ ըլլալու անբաժանելի եւ բաղկացուցիչ մաս պիտի դառնայ: Այդ պահէն այլեւս անկարելի է մտածել, որ տուեալ ինքնութեան բաղադրիչներու շարքին տեղ չգտնէ Քրիստոսի հաւատքը` որպէս էական բաղկացուցիչ» (Առաքելական նամակ հայ ժողովուրդի մկրտութեան 1700 յոբելեանին առիթով [2 փետրուար 2001], 2):
«Տէրը թող օրհնէ ձեզ` հաւատքի այս լուսաւոր վկայութեան համար, որ օրինակելի կերպով կ՛ապացուցէ աւելի քան 1700 տարի առաջ ընդունած մկրտութեան հզօր արդիւնաւէտութիւնն ու բեղունութիւնը, մարտիրոսութեան պերճախօս եւ սուրբ նշանով, որ ձեր ժողովուրդի պատմութեան կայուն մասնիկը դարձած է: Գոհութիւն կը մատուցեմ Տիրոջը նաեւ այն ընթացքին համար, զոր կաթողիկէ եկեղեցին եւ հայ առաքելական եկեղեցին կատարեցին եղբայրական եւ անկեղծ երկխօսութեան միջոցով, հասնելու համար այն փուլին, երբ կարելի է լիարժէքօրէն կիսել գոհութեան Սեղանը:
«Սուրբ Հոգին թող օգնէ մեզ` իրականացնելու այն միութիւնը, որուն համար աղօթեց մեր Տէրը, որպէսզի իր աշակերտները մէկ ըլլան, եւ աշխարհը հաւատայ: Ինծի համար հաճելի է յիշել այժմ մեր երկու եկեղեցիներուն միջեւ յարաբերութիւններու խորացման եւ երկխօսութեան ամրապնդման վերաբերող վերջերս տրուած վճռորոշ մղումը` Նորին Սրբութիւններ Վազգէն Ա.-ի եւ Գարեգին Ա.-ի եւ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի եւ Պենետիկտոս ԺԶ.-ի կողմէ:
«Համամիութենական այս ջանքերուն նշանակալից փուլերու շարքին յատկապէս կը յիշեմ հետեւեալները` Ի. դարու հաւատքի Վկաներու յիշատակութիւնը` 2000 թուականի Մեծ Յոբելեանի ծիրին մէջ, Ձերդ սրբութեան յանձնումը քրիստոնեայ Հայաստանի Հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքէն` Երեւանի նորակառոյց տաճարի համար. Նորին սրբութիւն Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի եւ Ձերդ սրբութեան ստորագրած համատեղ յայտարարութիւնը ճիշդ այստեղ` Սուրբ Էջմիածինի մէջ, ինչպէս նաեւ Ձերդ սրբութեան կատարած այցերը Վատիկան, կարեւոր պահերու եւ յիշատակութիւններու առիթներ կը հանդիսանան:
«Դժբախտաբար, աշխարհը բաժանումներով եւ ընդհարումներով խարանուած է, ինչպէս նաեւ` նիւթական եւ հոգեւոր աղքատութեան ծանր վիճակներով, ներառեալ մարդոց, նոյնիսկ երեխաներու եւ ծերերու չարաշահումը, եւ քրիստոնեաներէն կ՛ակնկալուի փոխադարձ գնահատման եւ եղբայրական համագործակցութեան վկայութիւն ըլլալ, որպէսզի կրկին իւրաքանչիւր խիղճի առջեւ փայլի Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնն ու ճշմարտութիւնը, համբերատար եւ մշտանորոգ ջանքը` դէպի լիարժէք միութիւն: Միացեալ ձեռնարկներու հզօրացումը եւ, ի տես հասարակաց բարիքի, Տիրոջ բոլոր աշակերտներուն միջեւ համագործակցութիւնը` նման են խաւարամած գիշերուան մէջ փայլակնացայտ լոյսի, եւ կանչ է ապրելու սիրով եւ նոյնիսկ տարբերութիւններու փոխըմբռնմամբ:
«Համամիութենական ոգին օրինակելի կը դառնայ նաեւ եկեղեցական հասարակութեան տեսանելի սահմաններէն դուրս, եւ բոլորին համար կը ներկայացնէ զօրաւոր կոչ` տարակարծութիւնները հարթելու երկխօսութեամբ եւ արժեւորելով այն, ինչ որ կը միացնէ: Համամիութենական ոգին միաժամանակ կ՛արգիլէ հաւատքի չարաշահումն ու շահարկումը, որովհետեւ կը պարտաւորեցնէ յայտնաբերել անոր հարազատ արմատները, հաղորդել, պաշտպանել եւ տարածել ճշմարտութիւնը` իւրաքանչիւր մարդկային էակի արժանապատուութեան պահպանմամբ եւ այնպիսի ձեւերով, որոնցմէ թափանցէ այն սիրոյ եւ փրկութեան ներկայութիւնը, զոր կը փափաքինք սփռել:
«Այսպիսով համոզիչ վկայութիւն կու տանք աշխարհին, որ անոր մեծ կարիքը ունի, թէ Քրիստոս կենդանի է եւ գործուն, կարող` ազգերու, մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ եւ միշտ նորանոր հաշտութեան ուղիներ բանալու: Կը վկայենք եւ կը հաւատացնենք, որ Աստուած սէր է եւ գթասրտութիւն:
«Սիրելի՛ եղբայրներ, երբ մեր գործը ներշնչուած է եւ մղուած Քրիստոսի սիրոյ ուժով, կը զարգանան փոխադարձ ճանաչումն ու համարումը, կը ստեղծուին լաւագոյն պայմաններ համամիութենական պտղաբեր ընթացքի, եւ միաժամանակ, կը մատնանշուի իւրաքանչիւր բարի կամք ունեցող անձի եւ ամբողջ հասարակութեան առարկայական երթեւեկելի ուղին` ներդաշնակելու համար հակամարտութիւնները, որոնք կը պատառոտեն քաղաքակիրթ կեանքը եւ կը փորեն դժուար բուժուող բաժանումներ:
«Ամենակարող Աստուած, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, բարեխօսութեամբ ամենասրբուհի Մարիամի, «Սիւն լուսոյ հայաստանեայց եկեղեցւոյ» Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ եկեղեցւոյ վարդապետ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, օրհնէ բոլորդ եւ ամբողջ հայ ազգը եւ միշտ պահպանէ զայն իր հաւատքին մէջ, զոր ստացած է հայրերէն եւ փառաւոր վկայութիւն տուած է դարէ դար», եզրափակեց Ֆրանչիսկոս պապը: