Գերմանիոյ Խորհրդարանը Բացարձակ Մեծամասնութեամբ Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

05 Haziran 2016  

Գերմանիոյ Խորհրդարանը Բացարձակ Մեծամասնութեամբ Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը -

Գերմանիոյ Խորհրդարանը Բացարձակ Մեծամասնութեամբ Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը Գերմանիոյ Խորհրդարանը Բացարձակ Մեծամասնութեամբ Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը

Գերմանիոյ խորհրդարանը երէկ ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը, որուն դէմ քուէարկեց միայն մէկ երեսփոխան, իսկ մէկ ուրիշը մնաց ձեռնպահ:

Բանաձեւին մէջ, որուն մէջ կ՛օգտագործուի «ցեղասպանութիւն» եզրը, կը նշուի, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը կը խոնարհի 101 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին սկսած հայերու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց տեղահանութեան ու կոտորածներու զոհերու յիշատակին առջեւ եւ կը սգայ Երիտասարդ թուրքերու կատարած եւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայերու գրեթէ ամբողջութեամբ բնաջնջման պատճառ դարձած քայլերուն համար:

Որդեգրուած բանաձեւին մէջ կ՛ընդգծուի Օսմանեան կայսրութեան դաշնակից Գերմանիոյ դերակատարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մէջ: Փաստաթուղթին մէջ քանի մը անգամ յստակ կերպով կը շեշտուի Գերմանիոյ դերակատարութիւնը եւ կը շեշտուի, որ 24 ապրիլ 2015-ին Գերմանիոյ նախագահը անձամբ դատապարտած է հայերուն դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը եւ հաշտութեան կոչ ուղղած:

Կը նշուի, որ Գերմանիան այս բանաձեւով հայերուն եւ թուրքերուն կոչ կ՛ուղղէ ստեղծելու հաշտութեան հիմքեր անցեալի գերեզմաններուն վրայ եւ կը նշէ, որ իրենք պատրաստ են աջակցելու ատոր:

Գերմանիան կը պարտաւորուի յաջորդ սերունդներուն պատմել հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներուն մասին, կը խոստանայ աջակցիլ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հաշտեցման եւ պատմութեան հետ առերեսուելու նպատակով գիտական, հասարակական եւ մշակութային աշխատանքներու իրականացման, աջակցիլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման:

Պունտեսթակը Գերմանիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ խրախուսելու Թուրքիան` 1915-1916 թուականներու դէպքերուն հետ առերեսուելու հարցին մէջ` հիմքեր դնելով հայերու հետ հաշտութեան համար:

Կ՛ընդգծուի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն կողմէ պատմութիւնը ուսումնասիրելու, դիւանագիտական յարաբերութիւններ ստեղծելու, սահմանները բանալու համար միացեալ յանձնախումբի ստեղծում նախատեսող ցիւրիխեան արձանագրութիւններու որդեգրման համար ջանքերու գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Բանաձեւը կ՛անդրադառնայ նաեւ Թուրքիոյ մէջ գտնուող հայկական ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութեան: Բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի, որ ոչ հեռու անցեալին Թուրքիոյ մէջ սկսած հայկական մշակոյթի պահպանութեան ուղղուած նախաձեռնութիւններու շարունակութեան եւ յաւելման համար ջանքեր պէտք է գործադրել:

Թուրքիոյ Հակազդեցութիւնը

Բանաձեւի որդեգրումէն անմիջապէս ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տուն կանչեց Գերմանիոյ մէջ իր դեսպան Հիւսէյն Աւնի Կարսլըօղլուն, իսկ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Եասին Աքթայ բանաձեւի որդեգրումին առնչութեամբ նշեց, որ Պունտեսթակի քուէարկութիւնը «լուրջ վնաս պատճառեց թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Նայրոպիի մէջ Քենիոյ նախագահին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Քիչ առաջ պարոն վարչապետին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցայ: Մեր ընդհանուր տեսակէտն է, իբրեւ առաջին քայլ, Գերմանիոյ մէջ մեր դեսպանը տուն կանչելը: Գերմանիոյ խորհրդարանին որդեգրած որոշումը լրջօրէն պիտի ազդէ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն վրայ: Վերադառնալէ ետք պիտի վերլուծենք, պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ քայլերու պէտք է ձեռնարկենք»: Ան նշեց, որ մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անհրաժեշտ աշխատանքները պիտի կատարէ, որմէ ետք ալ «քայլերու պիտի ձեռնարկենք»:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, իր կարգին, Պունտեսթակի որոշումը որակեց «մեծ սխալ» եւ յայտարարեց, որ անիկա անընդունելի է Թուրքիոյ համար: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց.«Սեփական պատմութեան մութ էջերը փակելու ճամբան խորհրդարանի անպատասխանատու եւ անհիմն որոշումներով այլ երկիրներու պատմութիւնը սեւցնելը չէ»: Փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշն ալ նշեց, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ բանաձեւի որդեգրումը պատմական սխալ էր, որովհետեւ «չափազանցուած եւ անհիմն պնդումները» իբրեւ ցեղասպանութիւն կը ներկայացուին:

Հայկական Անդրադարձ.

Նախագահ Սարգսեան Պատմական Քայլ
Կ՛որակէ Գերմանիոյ Խորհրդարանի Որոշումը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհակալական հեռագիրներ յղած է Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուքին, վարչապետ Անկելա Մերքելին եւ Խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամերթին` Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին ընդունման առիթով:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, նախագահը խորին շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց եւ Գերմանիոյ բոլոր այն քաղաքական եւ հասարակական ուժերուն, որոնք իրենց վճռական խօսքը ըսին այս հարցին առնչութեամբ: Նախագահ Սարգսեան համոզում յայտնած է, որ բանաձեւը իր ուրոյն դերը պիտի ունենայ ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ կանխարգիլման գործին մէջ:

«Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը իսկապէս պատմական քայլ էր. պատմական` ոչ միայն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին, Գերմանիոյ եւ գերմանացի ժողովուրդին, այլեւ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին համար: Անիկա կը խորհրդանշէ ժողովրդավարութեան, համամարդկային արժէքներու գերակայութիւնը եւ կ՛ընդգծէ Գերմանիոյ հետեւողական դերը այդ արժէքներու պահպանման գործին մէջ: Անիկա ուղերձ է ամբողջ աշխարհին առ այն, որ մարդկութեան դէմ գործուած նոյնիսկ հարիւրամեայ վաղեմութեան յանցագործութիւնները ոչ միայն չեն մոռցուիր, այլեւ կը դատապարտուին` ճշգրիտ բնորոշումով», ըսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խօսքին մէջ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ողջունէ Հայոց Ցեղասպանութեան
Ճանաչման Գերմանիոյ Քաջ Քայլը

Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով որդեգրուած բանաձեւէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս նամակ մը յղեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին` ողջունելով պատմական նշանակութիւն ունեցող Գերմանիոյ քաջ քայլը, զայն նկատելով «պերճախօս վկայութիւն մը մարդկային իրաւանց նկատմամբ Գերմանիոյ յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհին ուղղուած պատգամ մը` անցեալին պատասխանատու կերպով մօտենալու կարեւորութիւնը յիշեցնող»:

Ապա, վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւս զոհն է Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան, եւ թէ ինչպէ՛ս իր նախորդներէն Սահակ Բ. կաթողիկոսին, միաբանութեան հետ միասին, թրքական իշխանութեան կողմէ պարտադրուեցաւ հեռանալ աւելի քան 700 տարիներու պատմութիւն ունեցող եւ Սիսի մէջ հաստատուած Հայ եկեղեցւոյ կաթողիկոսարանէն:

Անդրադառնալով Գերմանիոյ եկեղեցիներու դերակատարութեան` վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ «իբրեւ ատենապետ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, Գերմանիոյ եկեղեցիներուն հետ իր ունեցած միջեկեղեցական յարաբերութեանց ընթացքին, վկայած է անոնց յանձնառութիւնը արդարութեան նկատմամբ եւ պայքարը անպատժելիութեան դէմ»:

Արամ Ա. կաթողիկոս մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին անունով իր գնահատանքը յայտնեց, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւնը` անարդարութեան դէմ պայքարին ի խնդիր:

Հայաստանը Կ՛ողջունէ
Պունտեսթակի Բանաձեւը

Հայաստան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարած է, որ Հայաստան կ՛ողջունէ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ հայերուն եւ այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը:

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով նախագահ Եոաքիմ Կաուքի յայտարարութիւնը` խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այս բանաձեւին հետ միասին, կը հանդիսանայ Գերմանիոյ արժէքաւոր ներդրումը ո՛չ միայն Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ, այլեւ ընդդէմ ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման համամարդկային պայքարին մէջ», նշուած է նախարարին յայտարարութեան մէջ:

Է. Նալբանդեան դիտել տուած է, որ մինչ այսօր Գերմանիան եւ Աւստրիան, իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան նախկին դաշնակիցներ, կ՛ընդունին Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ իրենց պատասխանատուութեան բաժինը, Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն յամառօրէն ժխտել Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուած Ցեղասպանութեան անհերքելի փաստը:

Արծուիկ Մինասեան Գերմանիայէն Կ՛ակնկալէ
Յաւելեալ Քայլեր Առնել

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը նկատած է պատմական արդարութեան վերականգնման կարեւոր քայլերէն մէկը: Անոր համաձայն, բայց եւ այնպէս յատկապէս Գերմանիան, պէտք էր այս գործընթացի առաջամարտիկը հանդիսանար:

«Ես շնորհակալ եմ Գերմանիոյ խորհրդարանի այն պատգամաւորներուն, որոնք կողմ քուէարկած են: Բայց նաեւ կ՛ակնկալեմ հետագայ գործողութիւններ: Ես կը կարծեմ (հիմա իբրեւ դաշնակցական կը խօսիմ), որ ի վերջոյ նաեւ պատմական արդարութեան վերականգնման ուղղութեամբ պէտք է քայլեր ձեռնարկուին», նշած է ան:

Այլ Կեցուածքներ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպերկի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` մեկնաբանելով Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը, նշեց, որ «Բազմաթիւ բաներ Գերմանիան եւ Թուրքիան կը կապեն իրարու»` յիշեցնելով, որ Գերմանիոյ մէջ կ՛ապրին 3 միլիոն քաղաքացիներ, որոնք թրքական արմատներ ունին: «Ուստի ես եւ Գերմանիոյ ամբողջ կառավարութիւնը մտադիր ենք աւանդ ներդրել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան հաստատման գործին մէջ», ըսաւ ան: Սթոլթենպերկ իր կարգին ըսաւ.«Այդ հարցը ՕԹԱՆ-ի չի վերաբերիր»` աւելցնելով.«Յոյսով եմ, որ Թուրքիան եւ Հայաստանը կարելի եղածին չափ արագ պիտի բնականոնացնեն յարաբերութիւնները»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնայեր յոյս յայտնեց, որ Թուրքիոյ կողմէ չափազանցուած հակազդեցութիւններ չըլլան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով «Լայֆ.ռու»-ին յայտնած է, որ Ռուսիան Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կը նկատէ այդ երկրին ներքին հարցը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց. «Այս կամ այն հարցին շուրջ յայտարարութիւններ որդեգրելը Գերմանիոյ ներքին գործն է: Կարելի է ըսել, որ այսօր Ռուսիոյ դիրքորոշման միացաւ նաեւ Գերմանիան: Գերմանիայէն Թուրքիոյ դեսպանը տուն կանչելը Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ երկկողմանի օրակարգի հարց է»: Իսկ Քնեսեթի անդամ Ռահաւա Կաոուլին յայտնեց, որ Իսրայէլ պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Գերմանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Հայերը
Շնորհակալութիւն Յայտնած Են

Գերմանիոյ Պունտեսթակին մէջ 2 յունիսին` Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին ընդունումէն ետք, նիստի դահլիճին մէջ գտնուող հայերը իրենց շնորհակալութիւնը յայտնող պաստառներ բարձրացուցած են: Գրութիւններէն բացի, խորհրդարանին մէջ անոնք բարձրացուցած են Հայաստանի դրօշը:

Որոշումի հրապարակումէն ետք Պերլինի մէջ հաւաքուած հայերը «Քոչարի» պարած են` ծածանելով Եռագոյնը: Հայերուն ուրախութիւնը կիսած են նաեւ հաւաքուած քիւրտերը, որոնք թրքերէնով բղաւած են. «Կեցցէ՛ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը», «Ի հեճուկս բոլորին, բոլորս հայ ենք»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+