31 Mayıs 2016
ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան ղեկավարի յայտարարութիւնը այն մասին, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին մէջ գտնուող իսլամական ճարտարապետութեան յուշարձանները իբրեւ թէ կ՛օգտագործուին ռազմական նպատակներով, չի համապատասխաներ իրականութեան եւ հերթական մերկապարանոց մեղադրանքն է այն նենգափոխութիւններու եւ կեղծիքներու շարքին, որոնց մշտապէս կը դիմէ ատրպէյճանական կողմը:
Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ԼՂՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ-ի պարզաբանման մէջ նաեւ կ՛ըսուի.
«Կրօնական յուշարձանները ռազմական նպատակներով օգտագործելու հարուստ փորձ ունեցող Ատրպէյճանը, որուն մասին կը վկայէ 1992 թուականի Շուշիի Ղազանչեցոց տաճարի վերածումը զինապահեստի, կրկին կը փորձէ իր իսկ վարքագիծը վերագրել ղարաբաղեան կողմին:
«Կան բազմաթիւ անհերքելի ապացոյցներ առ այն, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը հետեւողականօրէն եւ նպատակային կերպով կ՛ոչնչացնէ հայկական մշակութային ժառանգութեան շինութիւնները ոչ միայն Ատրպէյճանի ամբողջ տարածքին, այլեւ ԼՂՀ գրաւուած Շահումեանի շրջանին մէջ:
«Վանտալիզմի ամենաաղաղակող գործողութիւնը Նախիջեւանի Ջուղա (Ջուլֆա) քաղաքի մօտ գտնուող հայկական միջնադարեան խաչքարերու գերեզմանատան ոչնչացումն է եւ 2005 թուականին նոյն տեղը հրաձգարանի կառուցումը: Հակառակ միջազգային հանրութեան բազմաթիւ կոչերուն, ատրպէյճանական կողմը, ձգտելով խուսափելու պատասխանատուութենէ, առ այսօր չի թոյլատրեր միջազգային փորձագէտներուն այցելելու այն վայրը, ուր կը գտուէր խաչքարերու գերեզմանատունը:
«Եթէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները իսկապէս շահագրգռուած են պատմական եւ մշակութային յուշարձաններու ուսումնասիրութեան առաքելութեամբ, այլ ոչ թէ կը հետապնդեն սոսկ քաղաքական կամ քարոզչական նպատակներ, ապա մենք իրաւունք ունինք ակնկալելու, որ առաքելութեան աշխատանքները պիտի սկսին այցելութեամբ ԼՂՀ գրաւուած Շահումեանի շրջան եւ Նախիջեւան:
«Միաժամանակ անհրաժեշտ կը համարենք նշել, որ ԼՂՀ տարածքին մէջ գտնուող բոլոր ճարտարապետական յուշարձանները, անկախ ծագումէն, ընդգրկուած են ԼՂՀ պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու պետական ցանկին մէջ եւ կը գտնուին պետութեան պաշտպանութեան տակ:
ԼՂՀ-ն եղած է եւ կը մնայ բաց միջազգային համագործակցութեան համար` մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պաշտպանութեան ու պահպանութեան հարցով, եւ նոյնպիսի բաց վարքագիծ կ՛ակնկալէ նաեւ Ատրպէյճանէն»: