Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս եւ Վկայականաց Բաշխում - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

31 Mayıs 2016  

Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս եւ Վկայականաց Բաշխում -

Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս եւ Վկայականաց Բաշխում Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս եւ Վկայականաց Բաշխում

Քեսապի Ազգ. Ուսումն.Միացեալ Ճեմարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, Կիրակի 29 Մայիս 2016-ին երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս եւ Վկայականաց Բաշխում «Սարդարապատ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Քեսապի երեք հոգեւոր հայրերուն, միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Ճեմարանի ծնողներուն եւ անոնց հիւրերուն:

Մանկապարտէզի փոքրիկները մասնակցեցան Հայաստանի, Սուրիոյ եւ մանկապարտէզի քայլերգներու երգեցողութեան նուագի ընկերակցութեամբ՝ Հրանդ Պէօճիկեանի: Բացման խօսքը արտասանեց մանկապարտիզպանուհի Դալար Թութիկեան: Ան նշեց, թէ հայ դպրոցը ունի հիմնական եւ անփոխարինելի դերակատարութիւն՝ հայ ոգիով եւ հայու շունչով դաստիարակելու նորահաս սերունդները: Ան ըսաւ.-«Հայ դպրոցը միակ բերդն է, ուր հայ մանուկը կը թրծուի հայ եկեղեցւոյ եւ ազգային վեհ սկզբունքներով, ճշմարիտ հայրենասիրութեամբ, մարդասիրութեամբ եւ Աստուածասիրութեամբ: Սփիւռքի տարածքին մեր ազգային կարեւորագոյն կառոյցը հայ դպրոցն է:Հայ դպրոցը այն կանթեղն է, որուն ճառագայթներուն տակ հայ մանուկը ոչ միայն կը դաստիարակուի ու գիտելիքներ կ’ամբարէ, այլ նաեւ կը կազմուի անոր ազգային նկարագիրն ու պատկանելիութիւնը»:

Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ճոխացուցին բեմը իրենց գունազարդ հագուստներով եւ փայլուն դէմքերով: Անոնք իրենց քաղցրահնչիւն ձայներով հրամցուցին զանազան երգեր եւ արտասանութիւններ, ներկայացուցին հայկական,արաբական եւ եւրոպական պարեր: Փոքրիկները իրենց հեքիաթային աշխարհէն «Կարմիր Գլխարկիկ»-ին պատմութիւնը համարձակօրէն բեմականացուցին ու եզրափակելով շեշտեցին ծնողքի հնազանդութեան կարեւորութիւնը՝ խուսափելու կեանքի վտանգներն ու սխալ արարքներու ժխտական հետեւանքները:

Արաբերէն լեզուով ներկայացումը անդրադարձաւ աշխարհի ամենակարեւոր մէկ տագնապին, որն է ջուրի նուազումը եւ անոր խնայողութեան անհրաժեշտութիւնը:

Փոքրիկները շատ հաճելի կերպով ներկայացուցին ջուրին կարեւորութիւնը եւ իւրաքանչիւր անհատի պարտականութիւնը զայն ճիշդ ձեւով օգտագործելու ապահովելու համար յաջորդող սերունդներուն կենդանութիւնն ու գոյատեւումը:

Այս խորիմաստ յայտագրին յաջորդեց վկայականաց բաշխում ձեռամբ Արժ.Տէր Նարեկ Քհնյ.Զերենցեանի եւ Ճեմարանիս տնօրէն Վարուժան Փանոսեանի: 14 աշակերտ-աշակերտուհիներ ստացան իրենց առաջին վկայականը, որ սկիզբն է հետագայ մեծագոյն վկայականներու: Անոնք հրաժեշտ տալով իրենց շատ սիրելի մանկապարտէզին եւ ուսուցչուհիներուն իրենց առաջին քայլերը պիտի դնեն նախակրթարան, ուր յարատեւ լուրջ աշխատանքով պիտի շարունակեն իրենց կեանքի յաջորդող հանգրուանները, պիտի սիրեն ուսումը եւ արժեւորեն բարին, գեղեցիկն ու վսեմը ըլլալով նկարագրի տէր պատանիներ եւ երիտասարդներ: Անոնք խոստացան ըլլալ ճշմարիտ հայորդիներ մեր ազգին ու հայրենիքին, երախտապարտ զաւակներ եւ պատուաբեր քեսապահայեր:

Տէր Նարեկ Քհնյ.Զերենցեանի պատգամով եւ պահպանիչով հանդէսը հասաւ իր աւարտին, որմէ ետք բոլոր ներկաները ուղղուեցան ճեմարանի շրջափակ եւ շնորհաւորեցին շրջանաւարտ փոքրիկներն ու իրենց ժրաջան ուսուցչուհիները, որոնք անցնող երեք տարիներու ընթացքին ոեւէ ջանք չխնայեցին այս փոքրիկներուն լաւագոյն ուսում եւ դաստիարակութիւն ջամբելու:

Քեսապը հզօր է իր հաւատարիմ եւ ազգանուէր զաւակներով: Աստուծոյ հովանիին տակ անոնք պիտի շարունակեն իրենց գոյապայքարը պահելով եւ շենցնելով այս սուրբ հողը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+