Հայուն Համար Արցախը, Արցախի Անկախութեան Պահպանումը Առաջնահերթութիւն է. Արամ Ա - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

18 Nisan 2016  

Հայուն Համար Արցախը, Արցախի Անկախութեան Պահպանումը Առաջնահերթութիւն է. Արամ Ա -

Հայուն Համար Արցախը, Արցախի Անկախութեան Պահպանումը Առաջնահերթութիւն է. Արամ Ա Հայուն Համար Արցախը, Արցախի Անկախութեան Պահպանումը Առաջնահերթութիւն է. Արամ Ա

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս երէկ «Օ. Թի. Վի.» կայանի հայերէն լուրերու հաղորդումին ընթացքին, հաղորդավար Ծովակ Թազեանի հարցումներուն պատասխանելով բարձր գնահատեց հայ զինուորներու նահատակութիւնը` զանոնք «ֆետայի» կոչելով եւ իր բարձրագոյն աստիճանի գնահատանքը յայտնելով մերօրեայ ֆետայի հերոսներու մայրերուն:

Ստորեւ հատուածներ` վեհափառ հօր յայտարարութենէն.

«Հայաստանը եւ Արցախը հայրենասիրութեամբ փոթորկած են, իւրաքանչիւր հայու, այր թէ կին, մեծ թէ փոքր, մտածումներու առանցքը Արցախն է, սրտին տրոփը Արցախն է, քայլերուն ուղղութիւնը Արցախն է: Նոյնը կարելի է ըսել սփիւռքի հայութեան համար, որովհետեւ հայը նոյնն է, ըլլայ Արցախի, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ:

Հայուն համար Արցախը, Արցախի պաշտպանութիւնը, Արցախի անկախութեան պահպանումը առաջնահերթութիւն է: Հետեւաբար, կրնանք անվարան ըսել, թէ այս օրերուն ամբողջ հայ կեանքը փոթորկած է, հայրենասիրութեամբ շաղախուած է եւ գործնապէս իր հաւաքական կամքը, վճռակամութիւնը, յանձնառութիւնը կ՛ուզէ արտայայտել ի խնդիր Արցախի պաշտպանութեան:

Ժամանակն է ահա, որ մենք մէկ ազգի պատկանելիութիւնը գործնապէս արտայայտենք: Ներկայ զգացական, հայրենասիրական մթնոլորտէն յետոյ, երբ ալիքները որոշ չափով հանդարտին, մենք պէտք է միասնաբար մտածենք, քննենք, խորհրդակցինք թէ ինչո՞ւ այսպէս պատահեցաւ, թէ ինչպէ՞ս կրնանք նման վտանգներուն առաջքը առնել եւ իբրեւ մէկ ազգ ու մէկ հայրենիք մեր իրաւունքները պաշտպանել:

Ես կ՛ուզեմ երեք կէտերու մէջ ամփոփել մեր ընելիքը այսօրուընէ սկսեալ յառաջիկայ ամիսներուն,

1) Ինքնաքննարկում

2) Ինքնապաշտպանութիւն

3) Ինքնահզօրացում

Մենք ուրիշին շատ չվստահինք, վստահինք մեր անձերուն, բարեկամները, բարեկամութիւնը ժամանակաւոր են, խախուտ են, շահերու վրայ հիմնուած են: Մենք պէտք է մեր հաւաքական ուժին վստահինք: Այս իրողութենէն մեկնելով` մենք հաւաքաբար պէտք է քննական ոգիով քննարկենք, թէ ինչո՞ւ այս կացութիւնը ստեղծուեցաւ, մենք ո՞ւր թերացանք, ո՞ւր յաջողեցանք: Յաջողութեան գաղտնիքը մեր սխալները, մեր թերացումները ընդունելու մէջ է: Մենք այս հարցը պէտք է քննենք իր զանազան երեսներով, զինուորական, դիւանագիտական թէ քարոզչական: Իբրեւ պետութիւն, իբրեւ մտաւորականութիւն, իբրեւ ժողովուրդ, իբրեւ Հայաստան, սփիւռք թէ Արցախ, ընդունինք եւ մեկնելով այս իրողութենէն պէտք է լրջօրէն մտածենք, թէ ի՞նչ ձեւով մենք կրնանք մեր ինքնապաշտպանութիւնը աւելի հզօրացնել:

Երբ կ՛ըսեմ ինքնապաշտպանութիւն, զինուորական հասկացողութեամբ չեմ մօտենար: Բնականաբար ասիկա կարեւոր տարածք է ինքնապաշտպանութեան մէջ, եւ ինքնապաշտպանութիւնը ես կ՛ըմբռնեմ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, իր զինուորական, դիւանագիտական, տնտեսական, քարոզչական եւ այլ երեսներով: Հայաստանի մէջ լսեցինք, կը խօսուի հոս ու հոն, թէ մենք պատրաստ չէինք եւ թէ զինուորական գետնի վրայ մենք 80-ական թուականի զէնքեր ունէինք եւ թէ Ազրպէյճանը աւելի կատարելագործուած զէնքեր ունէր… Նման խօսակցութիւններ պէտք է դադրին, որովհետեւ նման մթնոլորտի ստեղծումը ժողովուրդին մօտ անվստահութիւն եւ անապահովութիւն պիտի յառաջացնէ: Կրնա՞ք երեւակայել, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ, երբ Արցախի մէջ ապրող մեր ժողովուրդը գիտնայ, թէ մենք լաւ չենք պաշտպանուած: Հետեւաբար, մենք մեր բանակին առաւել հզօրացման առաջնահերթ կարեւորութիւն պէտք է ընծայենք: Նկատի ունենալով մեր աշխարհագրական դիրքը` ի՞նչ ձեւով կրնանք մեր բանակը զինել առաւելաբար պաշտպանողական ազդու միջոցներով, եւ սա ես կը նկատեմ առաջնահերթ, այս գծով իմ մտահոգութիւնս փոխանցեցի երկու նախագահներուն եւ նաեւ իրենց մտահոգութիւնն է սա: Բայց այսօրուան պատերազմը միայն գետնի վրայ, պատերազմի դաշտին վրայ տեղի չ՛ունենար: Նաեւ մենք կարիքը ունինք զօրացնելու մեր դիւանագիտական զէնքերը: Պէտք է ընդունինք, որ այսօր մեր ունեցած դիւանագիտական զէնքը այնքան ալ ազդու չէ:

Մենք աւելի պատրաստ պիտի ըլլանք, աւելի յարձակողապաշտ մօտեցումով, լաւապէս ուսումնասիրուած կերպով, միջազգային գետնի վրայ ներկայացնելու Ղարաբաղի հարցը:

Երրորդ բնագաւառը քարոզչութեան բնագաւառն է: Ներկայ համայնաշխարհացած աշխարհին մէջ քարոզչութիւնը շատ կարեւոր է, եւ այդ քարոզչական աշխարհին մէջ մենք պէտք է տիրական ներկայութիւն դառնանք: Մենք այսօր հսկայ սփիւռք ունինք եւ մենք մեր սփիւռքին ներուժը պէտք է առաւելագոյն չափով օգտագործենք: Մենք սփիւռքի մէջ փորձառութիւն ունինք թէ՛ դիւանագիտական, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ յարաբերական ծիրին մէջ: Մենք սփիւռքի մէջ քարոզչական հսկայ փորձառութիւն ձեռք ձգած ենք: Այս բոլորը կրնանք օգտագործել յատկապէս իսլամական աշխարհին մէջ: Ի՞նչ ձեւով պէտք է ներկայացնենք մեր դատը, երբ մանաւանդ որոշ շրջանակներ թէ՛ իսլամական, թէ՛ արեւմտեան աշխարհին մէջ Ղարաբաղի հարցը կը ներկայացնեն իբրեւ Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած հող: Սա անընդունելի է եւ կարելի է այսպէս օրինակներու երկար շարք մը տալ: Հետեւաբար, երբ կ՛ըսեմ` ինքնապաշտպանութիւն, ես կը հասկնամ թէ՛ զինուորական, թէ՛ դիւանագիտական, թէ՛ քարոզչական տարածքները:

Այս բոլորը պէտք է համապարփակ կերպով, գիտական մօտեցումով, իրապաշտ ոգիով ուսումնասիրուին, եւ յառաջիկային աւելի գործնական քայլերու դիմուի: Ազրպէյճանը հոն է, մօտէն կը հետեւի մեզի, եւ մենք` իբրեւ Հայաստան թէ Արցախ, շրջապատուած ենք ոչ բարեկամ երկիրներով, չմոռնանք, թէ Հայաստանի միւս կողմը Նախիջեւանն է, 10-15 քմ Երեւանէն անդին: Հետեւաբար, արթուն պէտք է ըլլանք եւ համապատասխան կերպով մեր կեանքը, մեր դիւանագիտութիւնը, մեր տնտեսութիւնը, մեր դիւանագիտական յարաբերութիւնները մշակենք, կազմակերպենք, ծրագրենք:

Ղարաբաղի վերջին դառն փորձառութիւնը մարտահրաւէր մըն է, յիշեցում մըն է մեզի, որ մենք առաւելագոյն չափով եւ զգուշութեամբ պէտք է վերակազմակերպենք մեր պետական թէ ազգային կեանքը, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ»:

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան համաժողովի վերջաւորութեան հրապարակուած հաղորդագրութեան մասին հարցումին պատասխանելով վեհափառ հայրապետը ըսաւ.

«Ազրպէյճանը իրեն իբրեւ բարեկամ ունի Թուրքիան եւ գրեթէ ամբողջ իսլամական աշխարհը: Մեր բարեկամը ո՞վ է. իւրաքանչիւր հայ պէտք է մտածէ այս մասին: Ես ալ տեսայ` Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ նկատմամբ որոշ քննադատութիւն սկսած է ծաւալիլ: Այդ քննադատութիւնը որոշ չափով իրաւացի է: Եթէ Ռուսիա ինքզինք` մեզի բարեկամ կը նկատէ, մենք Ռուսիայէն իր բարեկամութիւնը ցոյց տուող որոշ քայլեր կը սպասէինք, եւ հոս մենք իրապաշտ պէտք է ըլլանք: Ռուսիա չի կրնար բացայայտօրէն Հայաստանի կողմ եւ Ազրպէյճանի դէմ ըլլալ: Սակայն որոշ քայլեր, զօրակցութեան որոշ մօտեցումներ կը սպասէինք Ռուսիոյ կողմէ, ինչ որ չեղաւ: Հայաստանի նախագահը մեր վրդովումը, մեր ցաւը յայտնած է ռուսական իշխանութեան: Այսօր ուզենք կամ չուզենք Ռուսիա մեր բարեկամն է, շրջանին մէջ ուրիշ բարեկամ չունինք: Հետեւաբար, այս կացութեան դիմաց, մեր ուժին վրայ մեր վստահութիւնը ամրացնենք: Համազգային տարողութեամբ մեր կարողականութիւնները պէտք է ի սպաս դնենք Հայաստանի եւ Արցախի պետութեան ամրապնդման եւ այս ընելու համար ամէն ձեւով Հայաստանէն եւ Արցախէն արտագաղթը կասեցնելուն:

Զգո՛ւշ պէտք է ըլլանք, մենք ներքնապէս պէտք է զօրանանք, ամէն բան զէնքով չ՛ըլլար, բնականաբար, կը կրկնեմ` հայոց բանակի հզօրացումը կարեւոր է, բայց անոր կողքին տնտեսական մեր կեանքին հզօրացումը, մեր դիւանագիտական յարաբերութիւններու աւելի կազմակերպումը, ասոնք անհրաժեշտ եւ առաջնահերթ մտահոգութիւններ են մեզի համար:

Սփիւռքի դերակատարութեան գծով. կարեւորութեամբ շեշտած եմ, թէ համահայկական բնոյթ ունեցող մտահոգութիւններուն, տագնապներուն, ծրագիրներուն գծով, մենք պէտք է մշակենք համահայկական մտածողութիւն եւ համահայկական տարողութեամբ պէտք է քննարկենք ու ծրագրենք: Դժբախտաբար, փաստօրէն այդպէս չէ, ահաւասիկ մենք տագնապի մէջ ենք. սա Արցախի տագնապը չէ միայն, Հայաստանի տագնապը չէ, մեր բոլորի՛ն տագնապն է, մեզմէ իւրաքանչիւրս այս ուղղութեամբ ընելիք ունի, տալիք մը ունի: Հանգանակութեամբ չենք կրնար այս հարցերը լուծել: Հանգանակութիւնը խորհրդանշական իմաստ ունի: Մեր ժողովուրդին բոլոր զաւակները պէտք է մասնակցին: Սակայն ինչպէս Հայաստանի մէջ ըսի, Հայաստանի անկախացումէն ետք, ուղղափառ թէ անուղղափառ ձեւով հարստութիւն դիզած հայորդիներ կան: Նախ եւ առաջ անո՛նք պէտք է հսկայ գումարներով մասնակցին հայոց բանակի հզօրացման: Սփիւռքը բնականաբար պէտք է մասնակցի, մասնակցա՛ծ է, սակայն միաժամանակ պէտք է գիտակցինք, թէ սփիւռքի գաղութները իրենց ներքին մտահոգութիւնները, կարիքները, ծրագիրները ունին: Սփիւռքի համար Հայաստանը ամէն բանէ վեր եղած է: Սակայն կը կրկնեմ` մեր բանակի հզօրացման, Հայաստանի տնտեսութեան հզօրացման ձգտող բոլոր տեսակի աշխատանքները, ծրագիրները, համահայկական չափանիշով մասնակցութեամբ պէտք է կատարենք: Հոս է մեր միասնականութիւնը: Այլապէս, մեր միասնականութիւնը կը դառնայ զգացական վիճակ մը` ձեւական, պարագայական, մակերեսային: Ժամանակն է, որ մենք իրապէս մեր միասնականութիւնը արտայայտենք` սփիւռք – Հայաստան աշխատանքի բաժանումով եւ դերերու յստակացումով ինչ որ յաճախակի կերպով կը շեշտեմ»:

Եզրափակելով, հայ զինուորին եւ նահատակներու մայրերուն ուղղած իր խօսքով վեհափառ հայրապետը ըսաւ.

«Դարձեալ Ղարաբաղի թէ Հայաստանի մէջ իմ առաջին խօսքս ուղղուած էր մեր հերոսներու մայրերուն: Այս մեր տղաքը նոր օրերու ֆետայիներ են, անոնք իրենց արիւնը թափեցին Հայաստանի համար: Ինչպէս հինգերորդ դարուն մեր ժողովուրդի զաւակները Վարդանի, Ղեւոնդ Երէցի առաջնորդութեամբ հայրենիքը պաշտպանելու հաւատքով ու նուիրումով եւ գիտակից մահով Աւարայրի դաշտ գացին, նոյնը պատահեցաւ այսօր, մեր հերոսները գացին պատերազմի դաշտ` ի խնդիր հայրենիքի, եւ մենք բոլորս պէտք է խոնարհինք մեր հերոս ֆետայի տղոց առջեւ եւ մեր բարձրագոյն աստիճանի գնահատանքը յայտնենք իրենց մայրերուն: Այդ մայրերը հերոս ծնած են եւ այդ մայրերը հպարտ պէտք է ըլլան, որ իրենց զաւակները իրենց արիւնը շաղախեցին հայրենի հողին` ի խնդիր մեր հայրենիքի սրբութեան, վեհութեան, անկախութեան, պաշտպանութեան:

Այսօր, ես այս պահուն, մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սրբավայր Անթիլիասէն, անգամ մը եւս կ՛ողջունեմ Արցախի մեր արի ժողովուրդը, կ՛ողջունեմ հայոց բանակը եւ իրենց կ՛ըսեմ, որ մեր ժողովուրդը, մեր եկեղեցին ձեզի հետ է: Պատմութեան ընթացքին մեր եկեղեցին դիտողի, կրաւորական դերի մէջ չէ եղած, այլ` Վարդան Մամիկոնեանի կողքին խաչը բռնած Աւարայրի դաշտ գացած է հայրենիքին եւ մեր ազգին գերագոյն արժէքներուն համար կռուելու եւ նոյնիսկ արիւն թափելու նախանձախնդրութենէն մղուած: Ա՛յս է եկեղեցին եւ այսպէս պէտք է ըլլայ: Հայ հոգեւորականը միայն հաւատքի քարոզիչ պէտք չէ դառնայ, այլ նաեւ մեր ազգին գերագոյն արժէքներուն առաքեալը: Այսպէ՛ս եղած է անցեալին, այսպէ՛ս պէտք է մնան հայ հոգեւորականը եւ հայ եկեղեցին»:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+