Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Համաժողով - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

18 Nisan 2016  

Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Համաժողով -

Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Համաժողով Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Համաժողով

«Ո՛չ ըսէ ռասիզմին ու ազգայնամոլութեան» (DurDe) թրքական հարթակը Սթամպուլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած համաժողով մը կազմակերպած է, կը յայտնէ Tert.am-ը՝ «Ակօս»-ի յղումով:

Համաժողովի առաջին նիստի ընթացքին քննարկուած է նշանաւոր լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք հայերուն պայքարը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Ճուլիտէ Թունաքան իր խօսքին մէջ խօսած է ամօթի զգացումին մասին, նշելով, որ իրենք չեն ճանչնար այն մարդիկ, որոնց հետ կողք կողքի ապրած են, եւ ինք կ՛ամչնայ, որ սկսած է ճանչնալ միայն Տինքի սպանութենէն ետք:

«Արմէն» որբանոց-ճամբարը քանդելու դէմ պայքարող Արեւ Միրաքեան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Յոյսով դիմադրեցինք, յաղթեցինք: Հիմա յոյսով խաղաղութիւն կ՛ուզենք»:

Ֆորումի երկրորդ նիստը կրած է «Ցեղասպանութեան ժխտումն ու թրքական պաշտօնական փաստարկները» խորագիրը: Պիլկի համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ներկայացուցիչներէն Պիւլենթ Պիլմեզը, անդրադառնալով ժխտման քաղաքականութեան, ըսած է. «Պետութիւնը երկար ժամանակ կ՛անտեսէր Ցեղասպանութեան հարցը եւ զայն սկսաւ ժխտել միայն ԱՍԱԼԱ-էն ետք»:

Ան նշած է, թէ ժխտման քաղաքականութեան հարցով պետութիւնը այնքան վստահ եղած է սեփական ժողովուրդին վրայ, որ ժխտման բնագիրները միշտ «դուրսի համար գրած է»: Պիլմեզը նշած է, որ DurDe-ի նման նախաձեռնութիւններու եւ Ցեղասպանութեան հարցը իրենց ծրագրին մէջ ներառուած կուսակցութիւններու շնորհիւ այդ ժխտողականութիւնը սկած է կոտրուիլ, սկսած են խօսելու այդ մասին:

Վերջին նիստը կրած է «Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը» խորագիրը: «Նոր զարթօնք» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Նորայր Օլգարը ըսած է .«Հրանդէն առաջ այս հողերուն մէջ ցեղասպանութեան մասին խօսիլը կամ իրաւունքներ փնտռելը այսքան հեշտ չէր: «Նոր զարթօնք»-ի ճանապարհը բացողը Հրանդ Տինքն էր, որ 1996 թուականին հիմնադրեց «Ակօս»-ը ու կը փորձէր պատմել, որ այս հողերուն վրայ հայեր կան, սակայն անոնց կը փորձեն ջնջել»:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+