18 Nisan 2016
Ապրիլ 17-ին Գերմանիոյ Թիւրինկիա երկրամասի Եէնա քաղաքի կեդրոնական պուրակներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարի բացումը եւ Օրհնութեան կարգը` Ձեռամբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեկչեանի: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան, ԳԴՀ Պունտեսթակի պատգամաւոր, Գերմանա-հայկական ժողովի նախագահ Ալպերթ Վայլերը եւ Եէնայի քաղաքապետ Ալպրեխտ Շրեոթերը, որոնք իրենց ելոյթներուն նշեցին, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հաշտեցման անկիւնաքարն է:
Ձեռնարկին ներկայ էին ԳԴՀ Պունտեսթակի եւ Լանտկակերի պատգամաւորներ, Եէնայի քաղաքապետարանի աշխատակիցներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: