Պերլինի մէջ նախագահ Սարգսեան կ՚ըսէ.- «Ղարաբաղի ժողովուրդը պատերազմ չ՛ուզեր, այլ կ՛ուզէ ինքնուրոյն տնօրինել ի - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

09 Nisan 2016  

Պերլինի մէջ նախագահ Սարգսեան կ՚ըսէ.- «Ղարաբաղի ժողովուրդը պատերազմ չ՛ուզեր, այլ կ՛ուզէ ինքնուրոյն տնօրինել ի -

Պերլինի մէջ նախագահ Սարգսեան կ՚ըսէ.- «Ղարաբաղի ժողովուրդը պատերազմ չ՛ուզեր, այլ կ՛ուզէ ինքնուրոյն տնօրինել ի Պերլինի մէջ նախագահ Սարգսեան կ՚ըսէ.- «Ղարաբաղի ժողովուրդը պատերազմ չ՛ուզեր, այլ կ՛ուզէ ինքնուրոյն տնօրինել իր ճակատագիրը եւ ազատ կերտել իր ապագան»

Գեր­մա­նիոյ մայ­րա­քա­ղաք ­Պեր­լի­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի հան­դի­պու­մը ­Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պետ Ան­կե­լա ­Մեր­քե­լի հետ: «Ար­մէնփ­րես» կը հա­ղոր­դէ, թէ նա­խա­գահ Սերժ ­Սարգ­սեան 6-7 Ապ­րի­լին

պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ­Գեր­մա­նիա կը գտնո­ւի, այդ շրջա­գի­ծին մէջ ալ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը հան­դի­պում­ներ կ­՛ու­նե­նայ ­Գեր­մա­նիոյ բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան` նա­խա­գահ Եոա­հիմ ­Կաու­քի, ­Պուն­տես­թա­կի նա­խա­գահ ­Նոր­պերթ ­Լամ­մեր­թի, ­Գեր­մա­նիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար, Ե.Ա.Հ.Կ.ի գոր­ծող նա­խա­գա­հող Ֆ­րանք ­Վալ­թեր Շ­թայն­մա­յե­րի հետ:

Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգսեան եւ ­Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պետ Ան­կե­լա ­Մեր­քել Ապ­րիլ 6ին քննար­կած են երկ­կողմ եւ բազ­մա­կողմ ձե­ւա­չա­փե­րով հայ-գեր­մա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց եւ բազ­մաբ­նոյթ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդգր­կուն օ­րա­կար­գը, անդ­րա­դար­ձած այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի ամ­րապն­դե­լու երկ­կող­մա­նի հե­տա­գայ քայ­լե­րուն:

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը եւ ­Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պե­տը քննար­կած են նաեւ շրջա­նի ի­րա­վի­ճա­կին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր` հան­գա­մա­նօ­րէն անդ­րա­դառ­նա­լով ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի շփման գի­ծին վրայ տի­րող ի­րադ­րու­թեան: ­Հան­դի­պու­մէն ետք տրո­ւած մամ­լոյ միա­ցեալ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին, նա­խա­գահ Ս. ­Սարգ­սեան իր խօս­քին մէջ ը­սած է.- «­Հա­յաս­տա­նը բարձր կը գնա­հա­տէ Ե.Ա.Հ.Կ.ի գեր­մա­նա­կան նա­խա­գա­հու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հո­վա­նիին ներ­քեւ ըն­թա­ցող ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի խա­ղաղ լուծ­ման հո­լո­վոյ­թին:

Տա­կա­ւին տա­րես­կիզ­բին, ­Գեր­մա­նիա վե­րա­հաս­տա­տեց Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու զի­նա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը հե­տաքն­նող գոր­ծի­քա­կազ­մի ստեղծ­ման ա­ռա­ջար­կը: ­Հա­յաս­տա­նը մշտա­պէս կողմ ե­ղած է ա­նոր, ինչ­պէս նաեւ, իբ­րեւ վստա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման կամ կա­յու­նու­թիւն ա­պա­հո­վող մի­ջո­ցի, շփման գի­ծէն ար­ձա­կա­զէն­նե­րը ետ քա­շե­լու ա­ռա­ջարկ­նե­րուն: ­Սա­կայն ա­նոնք չի­րա­կա­նա­ցան. Ատր­պէյ­ճան կտրա­կա­նա­պէս դէմ է վստա­հու­թեան հաս­տատ­ման ուղղո­ւած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն` հե­տա­մուտ ըլ­լա­լով բո­լո­րո­վին այլ նպա­տակ­նե­րու»:

Նա­խա­գա­հը իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ 1-2 Ապ­րի­լին տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քե­րուն` ը­սե­լով, թէ Ատր­պէյ­ճան, ան­տե­սե­լով մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ խա­ղա­ղու­թեան ուղ­ղո­ւած ա­ւե­լի քան 20 տա­րի­նե­րու ջան­քե­րը, զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կեց` գոր­ծադ­րե­լով 1994էն ի վեր ան­նա­խա­դէպ յար­ձա­կում­ներ` խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ, ար­դիւն­քը` «Ատր­պէյ­ճա­նը կրկին շրջա­նը վե­րա­ծեց Եւ­րո­պա­յի անվ­տան­գու­թեան սպառ­նա­ցող թէժ կէ­տի»,- ը­սաւ նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան:

Շա­րու­նա­կե­լով իր խօս­քը` նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան ը­սաւ.- «­Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դը պա­տե­րազմ չ­՛ու­զեր, այլ կ­՛ու­զէ պարզ եւ հասկ­նա­լի բան մը, ո­րուն հա­մար միշտ պայ­քա­րած են գա­ղու­թա­ցուած բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը: Ա­նոնք կ­՛ու­զեն ինք­նու­րոյն տնօ­րի­նել ի­րենց ճա­կա­տա­գի­րը եւ ա­զատ կեր­տել ի­րենց ա­պա­գան: Ա­նոնք կ­՛ու­զեն, որ ի­րենց ե­րե­խա­նե­րը խա­ղաղ եւ եր­ջա­նիկ ման­կու­թիւն ու­նե­նան, կ­՛ու­զեն ապ­րիլ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պե­տու­թեան մէջ: Ա­նոնք այլ ցան­կու­թիւն չու­նին:

Ար­դէն շուրջ ե­րե­սուն տա­րի` 1988էն ի վեր, ա­նոնք ա­մէն օր ստիպո­ւած են պայ­քա­րե­լու այդ ա­զա­տու­թեան հա­մար, ա­մէն օր ա­պա­ցու­ցե­լու այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հետ ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րու հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը: Եւ ա­նոնք ի­րա­պէս յա­ջո­ղե­ցան պար­տադ­րո­ւած պա­տե­րազ­մի, ա­պօ­րի­նի շրջա­փակ­ման եւ փխրուն զի­նա­դա­դա­րի ան­վերջ խախ­տում­նե­րու պայ­ման­նե­րուն մէջ, կա­տա­րել այդ ուղ­ղու­թեամբ ճիշդ քայ­լեր:

Ա­նոնք մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թե­նէն կ­՛ակն­կա­լեն միայն մէկ բան` ի­րենց այդ ի­րա­ւուն­քին ճա­նա­չու­մը»,- ը­սած է Հ.Հ. նա­խա­գա­հը:
Նա­խա­գա­հը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան եւ վար­չա­պետ ­Մեր­քե­լին` ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն երկ­խօ­սու­թեան հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ա­ջակ­ցե­լուն հա­մար, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու հո­լո­վոյ­թին մի­ջազ­գա­յին փոր­ձի ներգ­րաւ­ման հար­ցին մէջ ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ցու­ցա­բերուած հե­տե­ւո­ղա­կան օգ­նու­թեան հա­մար:

Ն­շենք, թէ նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան հան­դի­պում ու­նե­ցած է նաեւ ­Գեր­մա­նիոյ նա­խա­գահ Եոա­հիմ ­Կաու­քի հետ. հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պին` եր­կուս­տեք ընդգ­ծե­լով տագ­նա­պը բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րով լու­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը` Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն ա­ջակ­ցու­թեամբ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+