09 Nisan 2016
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան՝ Ֆրանսայի ժամով 7:10-7:30ին, Ատրպէյճանի դեսպանին հետ պիտի բանավէճէր Ատրպէյճանի դեսպանը կը մերժէ բանավէճի մասնակցիլ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամին հետի կայանէն, սակայն Ատրպէյճանի դեսպանը վերջին պահուն հրաժարեցաւ մասնակցիլ բանավէճին:
France24 պատկերասփիւռի կայանը ինծի տեղեկացուց, թէ Ատրպէյճանի դեսպանը կը մերժէ մասնակցիլ այսօրուան (Հինգշաբթի, 7 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:10Է7:30 Ֆրանսայի ժամով) բանավէճին։ Այս վերաբերմունքով ան ցոյց կու տայ իր մտային անպատրաստուածութիւնը։ Մերժելով այս բանավէճի մասնակցութիւնը, ազերի դեսպանը ցոյց կու տայ, որ ինք կը վախնայ ժողովրդավար կարգերով բանավէճի մասնակցելէ։ Ես, մեծապէս կը դատապարտեմ այս վախկոտ քաղաքականութիւնը, այն միջոցին, երբ Ատրպէյճանի բանակը կը շարունակէ խախտել զինադուլը, որ յայտարարուած էր Երեքշաբթի, 5 Ապրիլին։
Յստակ է, որ այս բանավէճը մաս չի կազմեր Ատրպէյճանի մշակոյթին։
Ժամանակն է ամրապնդել մեր զօրահաւաքները, զօրահաւաքներ, որոնք տեղի պիտի ունենան Փարիզի, Լիոնի, Մարսէյլի, Նիսիմէջ եւ ամէնուրեք։
Շնորհակալութիւն այս ընթացքին մեզի զօրակցողներուն: