09 Nisan 2016
Նախագահ Սերժ Սարգսեան 7 ապրիլի ուշ երեկոյեան ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը` յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին վաճառուած զինամթերքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սպաննուած մանուկներուն եւ ծերերուն պարագան:
Ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելով 1-էն 2 ապրիլ լուսցող գիշերը ազրպէյճանական նախայարձակումը եւ անոր հետեւանքները` նախագահը ըսած է, որ Ազրպէյճան օգտագործած է իր զինանոցին մէջ եղած սպառազինութիւնը ռմբակոծելու քաղաքացիներու տուներ, սպաննելու մանուկներ եւ ծերեր, բայց եւ այնպէս պաշտպանութեան բանակի զինուորներուն եւ հրամանատարներուն արհեստավարժ գործողութիւններուն շնորհիւ այդ փորձը կարելի եղած է կասեցնել:
«Հայաստանի մէջ մեծ արձագանգ ստացաւ այն փաստը, որ ազրպէյճանցիները օգտագործեցին այն զինատեսակները, զորս վերջին ժամանակներուն ձեռք բերած էին Ռուսիայէն: Ատիկա հասկնալի է, քանի որ Հայաստանի մէջ ժողովրդական մակարդակով Ռուսիան կը նկատեն մերձաւոր դաշնակից եւ բարեկամ: Այսօր ստեղծուած է այնպիսի իրավիճակ, որ մենք չենք բացառեր հերթական սադրանք, քանի որ ե՛ւ երէկ, ե՛ւ այսօր լրատուական դաշտին մէջ այդ սադրանքները կը շարունակուին, եւ մենք, վստահաբար, մեծ պատրանքներ չունենալով, Մինսքի խմբակի համանախագահներէն եւ մեր դաշնակիցներէն կ՛ակնկալենք հասցէական յայտարարութիւններ եւ յստակ գործողութիւններ, որովհետեւ երկրորդ փորձը, կը կարծեմ, պիտի առաջնորդէ լայնածիր գործողութեան, քանի որ սկիզբէն իսկ մենք` իբրեւ 1994 թուականի զինադադարի համաձայնագիրի մասնակից երկիր, չէինք կրնար մէկ կողմ մնալ այդ բոլորէն», յայտնած է նախագահը:
Տմիթրի Մետվետեւ անդրադարձած է պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն եւ կնքուած համաձայնագիրներուն: Ապա ըսած է, որ իր այցելութիւնը համընկնած է բաւական դժուար ժամանակաշրջանի: «Մեր պարտականութիւնն է` իբրեւ Հայաստանի գործընկեր, ստանալ տեղեկատուութիւն, ինչպէս կ՛ըսեն, առաջին աղբիւրէն, հասկնալ, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, եւ, վստահաբար, կատարել մեզմէ կախեալ ամէն ինչ` իբրեւ գործընկեր, դաշնակից եւ Մինսքի խմբակի մասնակից, որպէսզի իրադարձութիւնները զարգանան հանգիստ բեմագրութեամբ», ըսած է Ռուսիոյ վարչապետը:
Ան շեշտած է, որ կարեւորագոյնը խաղաղութեան պահպանումն է, բանակցային սեղանին վերադառնալը` նոյնիսկ անտեսելով այն, որ հիմա այդ բանակցութիւններուն խորապատկերը, մեղմ ըսելով, լաւագոյն վիճակի մէջ չէ: Տմիթրի Մետվետեւ շեշտած է, որ խաղաղութեան բանակցութիւններուն, հանգիստ քննարկումներուն այլընտրանք չկայ:
«Հայաստանի Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութիւնը Չճանչնալը Փոխզիջում Է» Շեշտեց Սերժ Սարգսեան
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան «Տէօչէ Վելէ» գերմանական պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ հայկական կողմի փոխզիջումը Լեռնային Ղարաբաղը չճանչնալն է` հակադարձելով այն դիտարկման, թէ Երեւան կը խօսի Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնուրոյն ճակատագիրին մասին` միաժամանակ, սակայն, չճանչնալով ինքնահռչակ հանրապետութիւնը:
«Եթէ մենք ճանչնանք Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, ապա
ինչի՞ շուրջ պիտի ընթանան բանակցութիւնները: Մենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը չենք ճանչնար, որպէսզի իրավիճակը աւելի չբարդացնենք», բացատրած է Հանրապետութեան նախագահը, որ նախօրէին Երեւանի մէջ զգուշացուցած էր, որ լայնածիր զինուորական գործողութիւններու պարագային Հայաստան պիտի ճանչնայ Ղարաբաղի անկախութիւնը:
Պերլինի մէջ տուած հարցազրոյցին ընթացքին Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, թէ զինուորական գործողութիւնները անակնկալօրէն չսկսան: «Տեղի ունեցաւ այն, ինչ որ պէտք է տեղի ունենար», ըսած է Հայաստանի ղեկավարը` պնդելով, որ տակաւին երեք տարի առաջ Ազրպէյճան հրաժարած է կարգաւորման հիմնարար երկու սկզբունքներէն` կեդրոնանալով բացառապէս տարածքային ամբողջականութեան վրայ: «Սա անկարելի է», հաստատած է նախագահը:
Գերմանական լրատուամիջոցը հարցուցած է, որ արդեօք հաւանակա՞ն է Լեռնային Ղարաբաղ խաղաղապահ ուժեր, օրինակ` ռուսական զօրք տեղակայելու մասին մտածել, Սերժ Սարգսեան արձագանգած է.
«Մենք երբեք անոր դէմ չենք, բայց մենք կը նկատենք, որ խնդիրը պէտք է համապարփակ կերպով լուծուի: Ընդհակառակն` մենք համաձայնած էինք ստորագրել այն փաստաթուղթը, որ համապարփակ լուծում կ՛ենթադրէր, եւ այդ փաստաթուղթը կ՛ենթադրէր նաեւ խաղաղապահ ուժերու տեղադրում շփման գծի ողջ երկայնքով: Ազրպէյճանցիները հրաժարած են անկէ»:
Հայաստանի նախագահը յայտնած է, որ կրակի դադրեցման նախաձեռնողը եղած է Մոսկուան` միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ: «Ազրպէյճանցիները մեծ կորուստներ կրեցին: Բացի ատկէ, Ռուսիոյ սպայակոյտի պետը զանգահարեց հայաստանցի իր պաշտօնակցին` տեղեկացնելով, որ ազրպէյճանցիները համաձայն են այդ հարցով Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունենալ հայկական կողմին հետ», շեշտեց Սարգսեան:
Շարունակելով Ռուսիոյ նիւթը` «Տէօչէ Վելէ» նաեւ անդրադարձած է Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքին, Սերժ Սարգսեանին յիշեցնելով, որ Մոսկուան Երեւանի ռազմավարական դաշնակիցն է, եւ ոչ թէ Հայաստանի հովանաւորը:
«Ես երբեք չեմ յայտնած, որ Ռուսիան մեր հովանաւորն է: Ընդհակառակն` ես Երեւանի մէջ յայտարարած եմ, որ մենք չունինք հզօր հովանաւորներ, Ռուսիան երբեք մեզի նկատմամբ նոյն դերակատարութիւնը չէ ունեցած, ինչպիսին որ ունի եւ ունեցած է Թուրքիան` Ազրպէյճանի հանդէպ», յայտարարած է Հայաստանի նախագահը` շարունակելով. «Երկրորդ, մենք մշտապէս, այո, ու նաեւ հրապարակաւ, դէմ արտայայտուած ենք Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքին: Բայց մշտապէս եւ յայտարարած ենք, եւ այդ իրականութիւն է, որ Ռուսիան մեր ռազմավարական գործընկերն է, մենք ռազմավարական դաշնակիցներ ենք, մենք ստորագրուած համաձայնագիր ունինք»:
Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ, հակառակ Ազրպէյճանի պնդումներուն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափի փոփոխութիւնը ոչ մէկ օգուտ ունի, յատկապէս այն պարագային, որ նախագահող երկիրները` Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները, բաւարար միջոցներ ու կարելիութիւններ ունին ազդելու Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերող զարգացումներուն վրայ: