09 Nisan 2016
Ինթըրֆաքս լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հաճիեւ յայտնած է, որ Ազրպէյճան ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ բանակցութիւններ պիտի վարէ միայն Հայաստանի հետ:
Ըստ անոր, իրենք պիտի բանակցին միայն «ազրպէյճանական հողերը գրաւած Հայաստանի հետ եւ ոչ թէ Լեռնային Ղարաբաղի չճանչցուած հանրապետութեան հետ»:
«5 ապրիլին կրակոցի դադրեցման մասին համաձայնութիւնը գոյացած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ: Մինչեւ հիմա Հայաստանը հանդէս եկած է իբրեւ խնդիրի լուծման կողմ, ասկէ ետք ալ այդպէս պիտի ըլլայ», կ՛ըսուի Հաճիեւի հրապարակած յայտարարութեան մէջ: