Լսելով Մեր Մաքրամաքուր Երաժշտութիւնը` Օտարները Հիացմունքի Խօսքեր կը Հնչեցնէին. Տուտուկի Հնչիւններ Արժանթին - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

31 Mart 2016  

Լսելով Մեր Մաքրամաքուր Երաժշտութիւնը` Օտարները Հիացմունքի Խօսքեր կը Հնչեցնէին. Տուտուկի Հնչիւններ Արժանթին -

Լսելով Մեր Մաքրամաքուր Երաժշտութիւնը` Օտարները Հիացմունքի Խօսքեր կը Հնչեցնէին. Տուտուկի Հնչիւններ Արժանթին Լսելով Մեր Մաքրամաքուր Երաժշտութիւնը` Օտարները Հիացմունքի Խօսքեր կը Հնչեցնէին. Տուտուկի Հնչիւններ Արժանթինի Մէջ

Մարտ 23-25 Պուէնոս Այրէսի Մարգարիտա Խիրկուի անուան թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է «Յիշողութեան երաժշտութիւն» փառատօնը` նուիրուած Արժանթինի մէջ ռազմական յեղաշրջման եւ բռնատիրութեան վերացման 40-ամեակին: Փառատօնը կազմակերպած էր մշակութային գործիչ Խորխէ Սատը: Այս մասին, ըստ «Հայերն այսօր»-ի, յայտնած է արժանթինահայ տուտուկահար Գագիկ Գասպարեան, որ նոյնպէս մասնակցած է փառատօնին եւ ներկայացուցած է Հայաստանը:

«Փառատօնին կը մասնակցէին Արժանթինի մէջ ստեղծագործող անուանի երաժիշտներ, որոնք ներկայացուցին արժանթինեան ազգային երաժշտութիւնը, նաեւ ասմունքողներ կային: Ես, օգտուելով առիթէն, օտար հանդիսատեսին առջեւ հնչեցուցի Կոմիտասի «Չինար ես», «Հով, արէ՛ք», «Գարուն ա» եւ ֆրանսահայ երգահան Մարինա Քրիստինայի «Հայու հոգին» ստեղծագործութիւնները: Փառատօնին մասնակցութիւնս նուիրած էի Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին: Այդ մասին հանդիսատեսին բարձրաձայնեցի ելոյթէն ետք եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններ հաղորդեցի»,- ըսած է Գագիկ Գասպարեան:

Փառատօնի ծիրէն ներս երաժիշտը նաեւ Պուէնոս Այրէսի Մորոնի շրջանի երաժշտանոցի ուսանողներուն եւ դասախօսներուն համար՝ շուրջ 4 ժամ՝ իրականացուցած է վերապատրաստման դասընթացք` նուիրուած հայ երաժշտութեան պատմութեան եւ հայկական փողային գործիքներուն: Դասախօսութեան մասնակցած է 30 մարդ:

«Բացի դասախօսութենէն, նաեւ նուագեցի տարբեր գործիքներով: Լսելով մեր մաքրամաքուր երաժշտութիւնը` օտարները հիացմունքի խօսքեր կը հնչեցնէին եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէին, որ Արժանթինի մէջ կը տարածեմ հայկական մշակոյթը եւ անոնց հնարաւորութիւն կու տամ ծանօթանալու մեր երաժշտութեան: Ներկաներէն մէկը ըսաւ, որ մեր երաժշտական գործիքներէն կը զգայ հայ ժողովուրդին հազարամեայ պատմութիւնը: Աղջիկ մըն ալ նկատեց, որ տուտուկի հնչիւնները անոր հոգիին այնպէս հասած են եւ այնպիսի ազդեցութիւն ձգած, որ կարծես կը լսէ աշխարհի ձայնը եւ տեղափոխուած կը զգայ հին դարաշրջան»,- իր խօսքը եզրափակած է Գագիկ Գասպարեան:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+