31 Mart 2016
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Փենթակոնի մամլոյ բանբեր Փիթըր Կուք յայտնած է, թէ Միացեալ նահանգներ Թուրքիոյ տարածքէն դուրս կը տարհանէ իր զինուորականներուն ընտանիքները: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը:
Փենթակոնի ներկայացուցիչին խօսքով, որոշումը տրուած է մղուած առաւելագոյն զգուշաւորութիւն ցուցաբերելու քաղաքականութեան հիման վրայ: Որոշումը կը վերաբերի 670 հոգիի տարհանման մասին: Բացի ատկէ, 100 հոգի` ամերիկացի զինուորականներու ընտանիքներու ներկայացուցիչներ, պիտի մնան Թուրքիա: Կուքի խօսքով` մնացողները կը գտնուին Անգարա եւ Պոլիս, իսկ տարհանուողները ներկայիս կը բնակին ամերիկեան ռազմակայաններուն, որոնք շարքին` Ինճիրլիքի մէջ:
Մամլոյ բանբերը ըսած է, որ նմանատիպ որոշում տրուած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ գտնուող ամերիկացի դիւանագէտներու ընտանիքներուն վերաբերեալ: