Անդրադարձ. Նոր Օսմանական Հնարք Մը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

12 Ocak 2016  

Անդրադարձ. Նոր Օսմանական Հնարք Մը -

Անդրադարձ. Նոր Օսմանական Հնարք Մը Անդրադարձ. Նոր Օսմանական Հնարք Մը

5 յունուար 2016-ին թրքական «Թիւրքիէհապերմերքեզի» կայքին վրայ տեղադրուած է թրքական իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին մէկ յօդուածը, որ կը կրէ «26 երկիրներու հողային կալուածներու արձանագրութիւնները կը գտնուին Թուրքիոյ մօտ» խորագիրը: Յօդուածը կը նշէ, որ Թուրքիոյ Հողային կալուածներու տոմարներու եւ կալուածագիրներու ընդհանուր տնօրէնութեան արխիւներու պատասխանատու Զէյնել Ապիտին Թիւրքօղլու յայտնած է, որ իրենք վերադասաւորած եւ 2010-ին սկսած են թուայնացնել 26 երկիրներու, ներառեալ` Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ, Սերպիոյ, Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Պոսնիոյ, Լիպիոյ, Թունուզի եւ պալքանեան շրջանի բոլոր երկիրներուն վերաբերող օսմանեան ժամանակաշրջանի կալուածագիրները, եւ իրենք կ՛ուզեն այդ փաստաթուղթերը տրամադրել, որպէսզի նշեալ երկիրները այդ փաստաթուղթերուն օժանդակութեամբ լուծեն իրենց դիմագրաւած հարցերը: Անոնք արդէն այդպիսի փաստաթուղթեր տրամադրած են Մակեդոնիոյ, որպէսզի լուծէ Յունաստանի հետ իր հարցերը, ինչպէս նաեւ Լիպիոյ, որպէսզի լուծէ Թունուզի հետ իր հարցերը:

Աշխատանքը ընթացք առած է 1984-ին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան 19-րդ վարչապետ (ապա 8-րդ նախագահ) Թիւրկիւթ Էօզալի ցուցմունքով: Վերջինիս կը պատկանին քեմալական աւանդութենէն շեղելով` Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուած շրջաններուն բացուելու քաղաքականութեան առաջին քայլերը: Ներկայիս Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը հետագային որդեգրեց այդ քաղաքականութիւնը եւ զայն զարգացնելով ստեղծեց Նոր օսմանականութեան վարդապետութիւնը:

Վերոնշեալ աշխատանքին իսկական նպատակը ակադեմական չէ, այլ` քաղաքական: Անոր ետին գտնուող տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. հողային կալուածներու շուրջ միջպետական կամ անհատական վէճերու լուծման համար օսմանեան փաստաթուղթերու օգտագործումը կը նշանակէ, թէ անոնք առնչակից կողմերուն կողմէ կը նկատուին օրինական, իսկ եթէ փաստաթուղթերը օրինական են, ուրեմն օրինական է նաեւ զայն տուող իշխանութիւնը` օսմանեան պետութիւնը: Սակայն իրողութեան մէջ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութենէն ձերբազատած անկախ պետութիւններուն համար, բռնագրաւումի օրերուն հրապարակուած եւ բռնագրաւող տէրութեան կողմէ պատրաստուած նման փաստաթուղթերը չեն կրնար ու պէտք չէ օրինական նկատուին, որովհետեւ առաջին` բռնագրաւումը ինքնին անօրինական երեւոյթ է, եւ երկրորդ` այդ ժամանակաշրջանին ընթացքին բռնութեան կամ կամայականութեանց ճամբով գործուած բազմաթիւ անարդարութիւններ նման փաստաթուղթերու ճամբով ամրագրուած ու «օրինականացուած» են:

Նշեալ կալուածագիրները դասաւորելու եւ թուայնացնելու «ակադեմական» աշխատանքին իրաւական դաշտին մէջ օգտագործումը կը ծառայէ Թուրքիոյ իշխանութիւններու նոր օսմանական ծրագիրի յառաջ մղումին եւ կարեւոր քայլ մըն է շրջանը օսմանեան ժամանակաշրջանին համահունչ վերադասաւորելու նոր օսմանական երազի իրագործման համար:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+