06 Ocak 2016
Երկուշաբթի, 4 Յունուար 2016- ի երեկոյեան, Հալէպի մէջ, 75 օրուայ ընդհատումէն ետք ելեկտրականութիւնը միացաւ։ Ներկայ տուեալներով, ելեկտրականութիւնը քաղաքի բոլոր շրջաններուն անընդհատ միացաւ շուրջ 4 ժամուայ դրութեամբ։ Երեւոյթ մը, որ բացառուած էր աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր։
Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի <<Գանձասար>> շաբաթաթերթը։