Ակնարկ. Որոշ Եւ Անորոշ Հասցէներ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

28 Aralık 2015  

Ակնարկ. Որոշ Եւ Անորոշ Հասցէներ -

Ակնարկ. Որոշ Եւ Անորոշ Հասցէներ Ակնարկ. Որոշ Եւ Անորոշ Հասցէներ

Թուրքիոյ նախագահին կոչը ուղղուած Միջին Արեւելքի երկիրներուն հասցէական է առաջին հայեացքով` տրուած ըլլալով, որ Էրտողանը կը նշէ այն երկիրները, ուր դէպքեր կը պատահին: Բայց հասցէական չէ կոչին պարունակած ամբաստանութեան բաժինը, որ պէտք է փորձել հասցէականացնել, մեկնաբանութեան կարգով:

Ուրեմն. Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կոչ ուղղած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող մահմետականներուն միաւորուելու ընդդէմ զիրենք բաժնել ուզողներուն:

Էրտողան նշած է, որ գոյութիւն ունի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ միջկրօնական հակամարտութիւններ հրահրելու ուղղուած դաւադրութիւն, հետեւաբար տարածաշրջանի երկիրները պէտք է միաւորուին ընդդէմ այդ դաւադրութեան:

«Աշխարհի մէջ նպատակադրուածութիւն կայ մեզ բաժնելու: Տեսէք, թէ ի՛նչ կը կատարուի Իրաքի, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ», նշած է ան:

Անդրադառնալով Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տարակարծութիւններու առկայութեան` Էրտողան հաստատած է այդ հանգամանքը եւ աւելցուցած, որ միջկրօնական տարբերութիւնները պէտք չէ զիրենք թշնամիներ դարձնեն, այլ իսլամութիւնը պէտք է դառնայ իրենց համար իբրեւ կողմնորոշիչ:

Կոչը, պարզ է, ուղղուած է նախ եւ առաջ Իրաքին, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Լիբանանի:

Հիմա փորձենք յստակացնել, թէ որո՛նք են նախ` իսլամ բնակչութիւնը բաժնել ուզողները, միջկրօնական հակամարտութիւններ հրահրողները, իսլամական աշխարհին բաժանումով սպառնացողները: Նուրբ բաժինը կը վերաբերի Իրանին. ըստ թուրք նախագահին, այո՛, գոյութիւն ունին տարակարծութիւններ Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ, սակայն շիի-սիւննի երկուութիւնը պէտք չէ պատճառ դառնայ, որ երկիրները թշնամանան:

Թշնամանալու հնարաւորութիւնը հեռացնելու իր մօտեցումին շատ արագ հակասած է Էրտողան, երբ այս անգամ քննադատած է Իրանը` ըսելով, որ վերջինս «նեղ կրօնական համոզումներէ մեկնելով կ՛աջակցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին, որ Էրտողանի խօսքով` կ՛երկարաձգէ հակամարտութիւնը:

Աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուած սուրիական պատերազմին ամբողջ պատասխանատուութիւնը Իրանի ուսերուն բարդելու այս մարտավարութիւնը աւելի կը բացատրուի, երբ այս անգամ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու կը յայտնէ, որ իրենք մեծ ջանքեր կը գործադրեն, որպէսզի յաղթահարեն այս ժամանակաշրջանը: «Ժամանակը կու գայ, եւ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները նախկինին նման կ՛ըլլան»: Ըստ անոր, օդանաւի միջադէպին պատճառով պէտք չէ տուժեն երկու երկիրներու ժողովուրդները:

Պարզ ընթերցումը կ՛առաջնորդէ մտածելու, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը թրքական վարքագիծին համար պիտի նպաստէ սուրիական պատերազմին մէջ Իրանի պատասխանատուութիւնը բարձրացնելու եւ լարուածութիւնը պահելու:

Այդքան ալ պարզ չէ մեկնաբանութիւնը, որովհետեւ շատ խառն են ուղերձները: Իրանի հետ կապուած բաժինով Էրտողան նախ յայտարարած է, որ հակառակ կրօնական տարբերութիւններուն եւ քաղաքական տարակարծութիւններուն, թշնամանք պէտք չէ յառաջանայ Թեհրանի հետ եւ թէ իսլամական կրօնը պէտք է կողմնորոշիչ հանգամանք ունենայ գործընթացներուն վրայ:

Այստեղ արդէն կրօնական հանգամանքի գերակայութեամբ Միջին Արեւելքի իսլամ զանգուածները համախմբողի դերակատարութեան ստանձնման փորձն է, որ կը կատարէ Անգարան:

Մինչեւ հոս, սուր հակասութիւններով հանդերձ Մոսկուայի հետ լարուածութիւնը վերացնել Թեհրանը մեղադրելով եւ ապա կրօնը յառաջ քշել Թեհրանի հետ եւս հարցերը կարգաւորելու փորձ ընելով. եւ ամէնէն կարեւորը` տարածաշրջանի իսլամ զանգուածներուն վրայ հիմնական ազդեցութիւն ունեցողի դեր առաջադրելով:

Տակաւին չեն յստակացած իսլամ բնակչութիւնները հակամարտութիւններու առաջնորդող ուժերու ինքնութիւնները: Հասցէականութեան պակասը կրնայ զուտ մեկնաբանական ըլլալ, որովհետեւ ի տարբերութիւն կոչի հասցէատէրերուն, ամբաստանեալները չեն յստակացած:

Ընտրարշաւի ընթացքին եւ իր ընտրաճառերուն մէջ Էրտողան աւելի թափանցիկ եղած էր այս իմաստով: Ան խօսած էր Թուրքիոյ մասնատման վտանգին մասին եւ ամբաստանած արեւմտեան լրատուամիջոցներն ու քաղաքացիական շարժումները: Աւելի ուշ ուղղակի` քիւրտերը: Քրտական շարժման վերազարթօնքին առընթեր Թուրքիոյ մասնատման հաւանականութեան մասին վերլուծումները բազմապատկուելու ընթացքին մէջ են: Արեւմտեան լրատուամիջոցները Արեւմուտք կ՛ենթադրեն` գերտէրութիւններով եւ անոնց ծրագիրներով: Եւ բոլորովին անտեսանելի չէ քիւրտերուն տրուած զօրակցութիւնը Արեւմուտքի կողմէ:

Ամբաստանութիւններու հասցէականութիւնը աւելի կը պարզուի հետագային: Մինչ այդ, Անգարան փորձած է ծխածածկոյթի տակ պահել իր ազդեցութեան տակ արդէն իսկ համախմբուածներուն մէկ կարեւոր միաւորը` ՏԱՀԵՇ-ի անունին տակ գործողները:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+