Յայտարարելով, Որ Իրենք Օսմանցի Սուլթաններու Թոռներն Են. Էրտողան. «Ռուսիա Սուրիական Վարչակարգին Կ՛օժանդակէ Ը - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

28 Aralık 2015  

Յայտարարելով, Որ Իրենք Օսմանցի Սուլթաններու Թոռներն Են. Էրտողան. «Ռուսիա Սուրիական Վարչակարգին Կ՛օժանդակէ Ը -

Յայտարարելով, Որ Իրենք Օսմանցի Սուլթաններու Թոռներն Են. Էրտողան. «Ռուսիա Սուրիական Վարչակարգին Կ՛օժանդակէ Ը Յայտարարելով, Որ Իրենք Օսմանցի Սուլթաններու Թոռներն Են. Էրտողան. «Ռուսիա Սուրիական Վարչակարգին Կ՛օժանդակէ Ընդդէմ Սուրիացի Անզէն Ժողովուրդին»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «կարգ մը միջազգային ուժեր սուրիական արիւնարբու վարչակարգին կողքին կը կանգնին եւ կը սպաննեն սուրիացի անմեղ ժողովուրդը»` նշելով. «Ռուսիա սուրիացի անզէն ժողովուրդի սպանութեան մէջ կ՛օժանդակէ սուրիական մարդասպան վարչակարգին եւ Սուրիոյ համար ունի ապագայի ծրագիրներ»:

«Ռուսիա սուրիական վարչակարգին դաշնակիցն է, իսկ մեր դաշնակիցը սուրիացի բարեկամ ժողովուրդն է», ըսաւ ան եւ յայտարարեց, որ կը մերժէ «քառակողմ դաշինքը, որովհետեւ մենք չենք կրնար ըլլալ կողքին վարչակարգի մը, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նման իր ժողովուրդը կը սպաննէ»:

«Ռուսիա Սուրիա եկաւ, որովհետեւ անձնական նպատակներ ունի, իսկ Իրան շրջանին մէջ յարանուանական խտրականութեան անընդունելի քաղաքականութիւն կը վարէ», ըսաւ ան:

Էրտողան յայտարարեց. «Մենք օսմանցի սուլթաններուն թոռներն ենք եւ անիրաւուածներուն ու ճնշուածներուն նկատմամբ վարմունքին մէջ եւ մեր կեցուածքներուն մէջ անոնց օրինակին կը հետեւինք»: Ան նշեց, որ ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ տարբերութիւն գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ն ու ՔԱԿ-ը Ասատի վարչակարգէն աջակցութիւն կը ստանան, «եւ մեզի համար անոր (ՏԱՀԵՇ-ի, «Ա.») եւ ահաբեկչական ՔԱԿ խմբաւորման միջեւ տարբերութիւն չկայ»:

Էրտողան վաղը երկօրեայ այցելութեամբ կը մեկնի Սէուտական Արաբիա` ընդառաջելով Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորի հրաւէրին: Թրքական նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ Էրտողան Սալման թագաւորին հետ պիտի քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային հարցերը:

Մինչ այդ, սէուտական ապահովական ուժեր անցնող երկու շաբթուան ընթացքին ձերբակալած են ահաբեկչութեան մեղսակցութեամբ ամբաստանուած 75 անձեր, որոնց շարքին` 5 ղազախներ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ օդուժի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Վիքթոր Պոնտարեւ յայտարարեց. «Ես կ՛ուզեմ արժանապատուութեան զգացումով ըսել, որ օդաչուներս այնտեղ (Սուրիա, «Ա.») գտնուելու ընթացքին ոչ մէկ անգամ վրիպած են, ոչ մէկ անգամ հարուած հասցուցած են արգիլուած թիրախներու, այսպէս կոչուած «զգայուն տեղերուն», ինչպիսիք են դպրոցները, հիւանդանոցները, մզկիթներն ու այլ սրբավայրերը»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+