Սուրիա, Հալէպ եւ Ազգային Ճեմարան - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

22 Aralık 2015  

Սուրիա, Հալէպ եւ Ազգային Ճեմարան -

Սուրիա, Հալէպ եւ Ազգային Ճեմարան Գէորգ Պետիկեան կը գրէ.

Սուրիա, Հալէպ եւ անոր Քարէն Եփփէ ազգային Ճեմարանը.-մեր ներկայ իրական կեանքէն ներս այլ երրորդութիւն մը, որուն մէջ մենք զմեզ կը փնտռենք, ամէն առիթով։ Հպարտալի երրորդութիւն մը։ Ու կրկնութեան գնով կ՛ուզեմ յիշեցնել, թէ.-

Առաջինը, Սուրիան՝ ուր հարիւր տարի առաջ դարձած էր մեծ եղեռնէն հազիւ փրկուած հայորդիներու ապահով երդիք,. անցնող հինգ տարիներէ ի վեր գարունը եկած էր բուրումնաւէտ խօսքեր ըսելու եւ սակայն եղած էր ուրիշ բան։ Իրականութիւն է, թէ ան մեր հայրենիքն ալ էր։ Ու նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլամ, երբ աւելցնեմ նաեւ, թէ հիմա հոն աշխարհը անօրինակ հունի մէջ մտած է, իսկ ժամանակն ալ դարձած անորոշ։ Հասունցած են դէպքերը ու պատմութիւնը իր բոլոր բառերով սեւ դրօշակ պարզած ու խառնած է իր էջերը։ Շանթահար եւ դաժան իրականութիւն։

Նման բան յիշել եւ մտածել կարելի չէր։ Երբեք մեր մտքէն իսկ չէինք կրնար անցընել։ Բայց…։ Այս օրերուն չար եւ նենգ մարդիկ հոն Աստուած խաչի վրայ կրկին խաչած են, իսկ Փրկչին առաքեալներն ալ՝ աշխարհի «խուլ» ձեւացող ականջներուն եւ «կոյր» աչքերուն դիմաց ռռւմբերով եւ փամփուշտներով սպաննած։ Օտարներ թեւաթափ ընելէ ետք ամբողջ երկիրը, երկնքի անունով եւ աւետարանի խօսքերով օր ցերեկով տեսակաւոր ոճիրներ գործած են եւ տակաւին կը շարունակեն գործել։ Արդէն այս ձեւով հոն կեանքը ոչ միայն կորսնցուցած է իր իմաստը, այլ վախն ու մահը, տխրութիւնն ու սովը իրենց երկաթէ ոտքերով ճզմած են խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը։

Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս եւ մինչեւ ե՞րբ ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտութիւնը։

Հապա մեր երրորդութեան երկրորդը՝ Հալէպը, որ թէեւ հեռու, սակայն շօշափելի է եւ նոյն ատեն իբրեւ մայր գաղութ տակաւին երանելի ու հաստատ իրողութիւն կը մնայ բոլորիս համար։

Հաւատացէ՛ք, Հալէպը պատմական յիշատակ չէ։ Սփիւռքի մայր գաղութն է։ Ո՞վ է մեղաւորը, եթէ մենք չենք տեսներ այս պարզ իրականութիւնը։ Հո՛ն, այս օրերուն մեր ժողովուրդը զոհ է եւ զոհաբերող։ Հեթանոս է եւ քրիստոնեայ։ Մեր ազգակիցները հոն նաեւ տակաւին զոհ են աննպաստ պայմաններու եւ օտար ու արտաքին ուժերու։

Այնպէս կ՛երեւի, թէ Հալէպի մէջ հին հէքեաթի ծառէն արդէն ինկած է ոսկի խնձորը։

Ու ինչ մեղքս պահեմ հակառակ այս սարսափելի իրականութեան, երբ ամէն անգամ ու առիթով յիշեմ ծննդավայր Հալէպս, հոգիս իր առաջին թռիչքը առնող թռչունի նման կը ցատկրտէ։ Կ՛երիտասարդանամ։ Կարծես երբեք չեմ մեկնած անոր հողերէն, միշտ կարօտը սրտիս, մահուան եւ անմահութեան սահմանին վրայ։ Հոն պարզութիւն կար մեր կեանքին մէջ։ Արուեստական բան չկար։ Պատերը, փողոցներուն քարերը, թաղերը, տուները, դեռ չպատմուած հէքեաթներ ունէին։ Մեծ եւ անօրինակ խորհուրդ մը կար կապուած մեր անցեալին։ Դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, դաշտ։ Պարզ եւ անսեթեւեթ։ Ինքնատիպ եւ նահապետական հրապոյրով պարուրուած։

Բայց…։ Հիմա պատմութիւնը կը շարունակէ իր վայրագ ընթացքը առանց դադարի։

Եւ որպէսզի երազն ու յիշատակը տեւական եւ ամուր կեանքով ապրէին, կրկին բացած եմ մտքիս դռները։ Ամէն վայրկեան նոր յիշատակներ կ՛արթննան մէջս։ Ու կը լսեմ։

Տակաւին թնդանօթներն ու ռումբերը չեն լռած։ Հայու հոգին եւ մարմինը տակաւին դժուար պայքարի մէջ են։ Հայութիւնը յոգնած է այս բոլորէն ու ջղային ամէնօրեայ տրոփում մը ունի իր սրտին։ Քաղաքի պատերուն տակ տակաւին նստած է երկիւղը գիշատիչ աչքերով։ Մահը ամէն վայրկեան պատրաստ է…։ Պարզութիւն եւ անմեղութիւն արդէն մորթուած են։

Օհ, Աստուած իմ, կը զգամ, որ ենթագիտակցութիւնս կամաց կամաց սկսած է բանալ կորսուած յիշողութիւններուս ծալքերը։

Հալէպ, կ՛ըսեմ համարձակ ու հպարտ, արմատներդ ներսս են։ Ըսէ՛ք ինչպէ՞ս հաշտուիմ իր ներկայի այս դաժան իրականութեան հետ։

Տարիներ առաջ զանազան պատրուակներով ու պայմաններու բերումով ու մանաւանդ վարդագոյն երազներու սիրոյն ձգելով մեր մանկութիւնն ու վաղ պատանեկութիւնը իրմէ հեռացած էինք ու այս ձեւով տարածուած հատիկներու նման նոր աշխարհներու վրայ։ Իրմէ բաժնուելէն կամ հեռանալէն ետքն էր միայն, որ զգացած էինք մորմոքը, ու անհուն կարօտով պատած մեր սիրտերը։ Անոր համար իրեն հանդէպ մեր ունեցած սէրը միշտ պահած էինք թարմ ու պայծառ։

Հապա մեր մտքի երրորդութեան այն երրորդը, որ Ք.Ե. Ազգային Ճեմարան կը կոչուի։ Ախ…ի~նչ ըսեմ։ Հիմա դատարկ ու ամայի է։ Մինակ է։ Անմարդ։ Անաշակերտ։ Իսկ իր շուրջը՝ աւեր ու աւերակ։

Ահա թէ ինչո՞ւ, զինք յիշելուս, կը զգամ տարօրինակ զգացում մը, որ անուն չունի։ Գլխուս մէջ անորոշ տողեր արդէն կը սկսին երգել։Շուրջս եւ մթնոլորտս կը լեցուին հին ու նոր դէմքերով եւ դէպքերով։ Տխուր, ուրախ, հպարտալի եւ երանելի։

Դպրոցական հետաքրքիր ու պահանջող յուշեր եւ ակնարկներ կը յայտնուին եւ որոնք սովորական աղօթքի նման կը սկսին հետս խօսիլ։ Ամէն ինչ տեսարան է։ Իրական եւ մշտանորոգ։ Նոյնիսկ երազային, թէեւ երբեմն մշուշապատ եւ սակայն հաճելի։

Կ՛ըսեմ.- Ճեմարան, դուն որ իրարայաջորդ սերունդներ հայ լեզուին ու մշակոյթին, հայ պատմութեան եւ գրականութեան պաշտամունքով սնուցանեցիր քու խնամքիդ յանձնուած հայորդիները, քաղցրացնելով անոնց կեանքերը, ա՞յս պիտի ըլլար կեանքի բաժինդ։ Այս վիճակով պիտի շարունակէի՞ր։ Այսպէս պիտի ապրէի՞ր։

Դաժան իրականութիւնը խոցած է արդէն բոլոր երազներդ։ Հեւքդ չորցած եւ կեանքիդ կշռոյթը կորսուած է։

Բայց մենք քեզ չենք մոռնար։ Ու իրաւունք չունինք մոռնալու։ Կը սիրենք քեզ պաշտե-լու աստիճան։ Մաքուր եւ մեծ։ Անցեալիդ մէջ մահ չկայ, միայն զոհողութիւն եւ յարգանք։

Կը զգամ, որ արդէն հին յուշերս սկսած են սիրտս լեցնել…։

Հիմա յուզիչ բան մը կայ օդին մէջ ու մթնոլորտը լեցուն է նման արձագանգներով։ Լռութեամբ կը կարդամ այս բոլորը։ Ազգային Ճեմարան, ըսի.- քու մօտդ աւանդութիւնը ձեւ չէր, այլ ոգի ու տեւական կեանք, որ լոյս եւ յոյս կու տար մեր գիտակցութեան։ Ահա մեր կեանքի արժեւորումը։ Անոր համար այս վայրկեանին պահը կը յուշէ նոր մտերմութիւն։ Հո՛ն, քու պատերէդ ներս խորապէս ոչ միայն ապահով այլեւ մենք զմեզ հայ կը զգայինք ու դարձած էինք հայ մտքի եւ հոգիի հոսքի տեւական ճամբորդ։

Ու ամէն անգամ, երբ քեզ յիշեմ եւ ինծի նման հազարաւորներ՝ կարծես խմբովին կը նորոգուինք եւ կրկին կը ծնինք ու քեզ դարձեալ տեսնելու, կրկնուելու ցանկութիւններ կը ծնին։

Սակայն ինչո՞ւ այսքան երկար նախաբան։

Կրկին անհանգիստ ջիղ մը սկսած է տրոփել մտքիս մէջ։ Գիտեմ, որ տխուր բաներ ըսի, մատնանշեցի։ Որովհետեւ …

Աւանդութեան համաձայն դարձեալ ճեմարանականներս Շաբաթ երեկոյ մը հաւաքուած էինք մէկ երդիքի տակ։ Մեծով, պզտիկով։ Հինով ու նորով։ Առաջին երկու շրջանաւարտներու եւ առաջին երկու պատասխանատու-տնօրէններու զաւկին ինչպէս նաեւ ասկէ կէս դար առաջ խումբ մը շրջանաւարտներու ներկայութեան։ Վերջապէս բոլոր ներկաներն ալ կը պատկանէին այն սերունդին որ երախատագիտութեամբ կը յիշէ հոգածութիւնն ու յանձնառութիւնը իր վարժարանին։ Որովհետեւ Ճեմարանը իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին մնացած է հաւատարիմ իր կոչումին հայակերտ իր առաքելութեան, մարդ կերտելու իր դարբնոցի իրավիճակին եւ մանաւանդ իր հիմնադիրներու ուղիին։

Ամբողջ սրահը ջերմ եւ հարազատ, բարձրաձայն եւ յաճախ ալ անաղմուկ կը խօսէր կարօտով, կը վերյիշէր երջանկութեամբ, կարօտագին կը պատմէր ու կը կատակէր ու անհատնում կենացներ կը փոխանակէր, միաժամանակ նիւթապէս նուրիրաբերելով։ Սրահի բոլոր ներկաներն ալ յիշողութեան նոյն աւազանին մէջն էին։ Կը լողային յոյսով եւ լաւատեսութեամբ։ Օրինակելի եւ հպարտանքով։

Սուրիա, Հալէպ եւ Ազգ. Ճեմարան, տակաւին կը շարունակուին ձեր չաստուածներուն կատակը, ատելութիւնն ու ջարդը։ Բայց բոլորդ ալ հաւատացէ՛ք, որ ձեզմէ հազարաւոր մղոններ հեռու, ձեզմով մտահոգ շատ մարդիկ կան, համայն հայութիւն եւ սերունդներ, որոնք ձեր ապերախտ պայմաններուն մէջ պատրաստ են ձեր աղէտէն դրօշմուած լուծը վերցնելու, թեթեւցնելու, ձեզի յոյս եւ լոյս մաղթելով եւ զօրավիգ կանգնելով։

Հաւատացէ՛ք





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+