Հայաստանցի Սփիւռքահայ Վրէժը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

19 Aralık 2015  

Հայաստանցի Սփիւռքահայ Վրէժը -

Հայաստանցի Սփիւռքահայ Վրէժը Հայաստանցի Սփիւռքահայ Վրէժը

Բնավայրի (landscape) ճարտարապետ Վրէժ Յարութիւնեանը առաջին անգամ Հայաստան եկաւ 2003-ին` մասնակցելու երիտասարդական ճամբարի մը: Մինչ այդ Լոս Անճելըս ապրող սփիւռքահայը Հայաստանը կը պատկերացնէր տան մէջ կախուած Արարատի նկարով, պապերէն լսած պատմութիւններով ու հեռատեսիլէն հազուադէպ յայտնուող երեւանեան պատկերներով: Առաջին այցելութենէն 9 տարի անց ան որոշեց արդէն իր ընտանիքին հետ գալ հայրենիք, իր բնորոշումով` այստեղ տունուտեղ կառուցելու, կը գրէ <<Մետիամաքս>>-ը:

Հալէպ-Լոս Անճելըս-Երեւան

«Վաղ մանկութիւնս անցուցած եմ Հալէպի մէջ, երիտասարդութիւնս` ԱՄՆ-ի, ապագաս կը կառուցեմ Հայաստանի մէջ։ Ամերիկայի մէջ ապրելու 30 տարիներու ընթացքին ծնողներուս ցանկութիւնը մէկն էր` Հայաստան ապրիլ: 2012-ին արդէն աւարտած էի կրթութիւնս, մագիստրոսական թեզս պաշտպանած էի Քալիֆորնիոյ Ճարտարագիտական համալսարանի մէջ «Երեւանի բնավայրի (landscape) փոփոխութիւնը» թեմայով: Ժամանակ առ ժամանակ կ՛երթայի-կու գայի` համոզուելու` կրնա՞մ այստեղ ապրիլ, թէ` ոչ: Ի վերջոյ, համոզուեցայ: Երեք տարի առաջ եղբօրս հետ վերադարձայ, հայրս ու մայրս աւելի ուշ միացան մեզի»:

Ո՞վ եմ ես իրականութեան մէջ

«Զիս յաճախ կը կոչեն սփիւռքահայ, հայաստանցի` երբեք: Ես զիս հայ կը համարեմ, լիարժէք հայաստանցի, որ կ՛ապրի ձեզի հետ կողք-կողքի, կ՛օգտուի նոյն փոխադրամիջոցէն, կը խօսի նոյն լեզուով, կը շնչէ նոյն օդը: Կը ցանկամ, որ հայերը ազատուին «հայ» բառէն առաջ որեւէ մասնիկ աւելցնելէն, զանազանելէն:

Նոր տուն` վերագտած հայրենիքին մէջ

«Երբ վերադարձայ, առաջին գործս տուն կառուցելն էր: Բնավայրի ճարտարապետի համար լաւագոյն վայրը բնութիւնն է, որոշեցի մայրաքաղաքէն հեռու ապրիլ: Աշտարակի մէջ կիսակառոյց տուն գնեցինք, ընտանիքով քիչ-քիչ կառուցեցինք, վերանորոգեցինք, կարելի է ըսել` երազանքի տուն ստեղծեցինք: Յետոյ Աշտարակը դարձաւ շատ հայրենադարձներու բնակութեան վայրը: Իմ օրինակով եւս քանի մը ընտանիք հոս հաստատուեցաւ»:
Հայաստանը` նոր գործարարութեան լաւագոյն վայր

«Մինչեւ վերադառնալս գիտէի` ինչով պիտի զբաղիմ հոս: ԱՄՆ-ի մէջ ճարտարապետական գրասենեակ ունէի, կը զբաղէի մասնաւոր շէնքերու, տարածքներու դաշտավայրի մշակմամբ: Հասկցայ, որ Հայաստանի մէջ ալ ընելիք ունիմ: Եղբայրս` Վահէն, հաւնեցաւ գաղափարը, նոր գրասենեակ հիմնեցինք` Fourpeakstudio-ն, որ կը զբաղի առանձնատուներու, հանրային տարածքներու, հանգիստի ու ժամանցի վայրերու դաշտավայրի ձեւաւերմամբ։ Երբ ինծի կը հարցնեն` ինչպէ՞ս կրցար, կը պատասխանեմ` նախօրօք ծրագրեցի ընելիքներս: Հայ գործարարները կը սիրեն ամէն ինչ արագ ու մէկ անգամէն ընել, մէկ ամսուան մէջ շահոյթ ստանալ: Շատերուն կը փորձեմ բացատրել, որ Հայաստանը գործարարութեան համար լաւ տեղ է, միայն պէտք է փուլ առ փուլ ծրագրել ընելիքները»:

Կ՛երազեմ աւելի կանաչ ու յարմար Երեւան ստեղծել

«Արդեն քանի մը տարիէ կ՛աշխատիմ Օղակաձեւ զբօսայգիի վերականգնման նախագիծին վրայ: Վերջերս յանձնած ենք Երեւանի քաղաքապետարանի դատին, խոստացած են ուսումնասիրել Փոքր կեդրոնի 7 տոկոսը կազմող այգիի վերածնունդի ծրագիրը:

Գծագինրերուն մէջ կ՛առաջարկած եմ կանաչ տարածքներու վերականգնում, հանգիստի գօտիներու ստեղծում ու զարգացում իրականացնել: Երեւանի բնակիչները, իմ կարծիքովս, կը զգան նոր զբօսայգիներու կարիքը: Հսկայական ներուժով այդ տարածքը այժմ անտէրութեան մատնուած է: Եթէ քաղաքային իշխանութիւնը համաձայնի գումար ներդնել` աշխատանքս վերջապէս արդիւնք կու տայ»:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+