19 Aralık 2015
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ըսած է, որ բարձրաստիճան իւրաքանչիւր հանդիպումէ առաջ Ազրպէյճանի սադրանքներուն իբրեւ հետեւանք տագնապի գօտիին մէջ լարուածութեան սրումը օրինաչափութիւն դարձած է: Նման գործողութիւններով Պաքուն կը փորձէ շեղել բանակցային հոլովոյթը` խաղաղութեան հաստատման եւ տագնապի լուծման նպատակէն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան` պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին այն հարցումին, թէ` ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ նախագահներուն հանդիպումէն առաջ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի կոպիտ խախտումները` ըսած է. «Խստօրէն կը դատապարտենք Պաքուի կողմէ Արցախի հետ շփման գիծին վրայ բազմաթիւ մարդկային զոհերու պատճառ դարձած` իրավիճակի աննախադէպ սրումը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու 19 դեկտեմբերի հանդիպումի նախաշեմին:
Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի պաշտպանութեան բանակի զոհուած զինուորական ծառայողներու հարազատներուն: Իւրաքանչիւր բարձրաստիճան հանդիպումէ առաջ Ազրպէյճանի սադրանքներուն հետեւանքով տագնապի գօտիին վրայ լարուածութեան աճը օրինաչափութիւն դարձած է:
Պաքուն պատրանք ունի, թէ կրնայ բանակցիլ զէնքի ուժով: Հակառակ անոր որ եռանախագահող երկիրներու` ուժի կիրարկումը բացառելու բազմաթիւ կոչերուն` Ազրպէյճան նոր արկածախնդրութիւններ կը կատարէ: Նման գործողութիւններով Պաքուն կը փորձէ շեղել բանակցային հոլովոյթը` խաղաղութեան հաստատման եւ տագնապի խաղաղ լուծման նպատակէն: Այս իրավիճակին մէջ հրամայական դարձած են լարուածութեան նուազեցման ուղղուած յստակ քայլերը` եռանախագահներու կողմէ առաջարկուող` դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծումը, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դիտորդական առաքելութեան ամրապնդումը, անոր դաշտային օգնականներու թիւի յաւելումը: Կ՛ակնկալենք, որ համանախագահ երկիրները գործնական քայլերու կը ձեռնարկեն այս ուղղութեամբ»: