Փոքրամասնութեանց Վրայ Յարձակումները Դատապարտող Ցոյց Թրքական Հիւպատոսարանին Առջեւ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

18 Aralık 2015  

Փոքրամասնութեանց Վրայ Յարձակումները Դատապարտող Ցոյց Թրքական Հիւպատոսարանին Առջեւ -

Փոքրամասնութեանց Վրայ Յարձակումները Դատապարտող Ցոյց Թրքական Հիւպատոսարանին Առջեւ Փոքրամասնութեանց Վրայ Յարձակումները Դատապարտող Ցոյց Թրքական Հիւպատոսարանին Առջեւ

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան կայքէն կը տեղեկանանք, թէ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19ի կէսօրին, հայկական, քրտական եւ մարդկային իրաւանց ջատագով այլ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ բողոքի ցոյց մը՝ Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ (6300 Wilshire Blvd, Ste. 2010, Los Angeles, California 90048)։

Փոքրամասնութեանց վրայ Թուրքիոյ մէջ շարունակուող յարձակումներն ու հալածանքները դատապարտող բողոքի այս ցոյցին մղիչ ուժն է Տիգրանակերտի իրաւաբանական կաճառի ղեկավար Թահիր Էլչիի սպանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 21ին։ Քրտական հարցին մէջ հաշտութեան ու խաղաղութեան քարոզիչ հանդիսացող Էլչին սպաննուած էր ճիշդ այն պահուն, երբ կ՛ըսէր, թէ զէնքերը պէտք է լռեն:


2008ին սկսած՝ հայերէն ներողութիւն խնդրելու արշաւին նախաձեռնողներէն մէկը հանդիսացած Էլչի, օրին յայտնած էր հետեւեալ կարծիքը. «Այնքան ատեն որ Թուրքիոյ մէջ Հայկական Հարցին հետ երես երեսի չենք գար, միւս հարցերն ալ՝ գլխաւորութեամբ քրտական հարցին, պիտի չլուծուին: Պետութիւնը մինչեւ այսօր չուզեց որեւէ քայլ առնել այս խնդիրին կապակցութեամբ: Կարելի չէ հասկնալ մեծայարգ վարչապետին (Էրտողանին) կեցուածքը: Վարչապետ մը, որ իր հայրենակիցներուն՝ «Եթէ չես սիրեր, ե՛լ, գնա՛» կ՛ըսէ, չի կրնար ժողովրդավարական քայլեր առնել»:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանի բեմէն անդրադարձած էր Էլչիի սպանութեան։ Էլչին նմանցնելով Հրանդ Տինքին՝ Փայլան ըսած էր. «Խաղաղութեան աղաւնի մը եւս սպաննուեցաւ»: Այս մասին «Արեւելք»ի հարցումներուն պատասխանելով՝ ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռազմիկ Սարգիսեան բացատրած է, որ ցոյցը իրենց առաջին նախաձեռնութիւնը չէ քիւրտերուն հետ:

«Մեզի համար Թահիր Էլչիի սպանութիւնը նման է Հրանդ Տինքի սպանութեան. այս արարքներով Թուրքիոյ իշխանութիւնները ցոյց կու տան իրենց սեւ դէմքը եւ կը փաստեն, որ իրենց թիրախը միայն հայերը չեն, այլ՝ Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր փոքրամասնութիւնները։ Հայկական եւ քրտական դատերէն իւրաքանչիւրը իր իւրայատկութիւնները ունի, եւ չենք ուզեր նոյնացնել երկու դատերը», ըսած է Սարգիսեան՝ նկատել տալով, որ այսօր քիւրտերուն հետ պատահած դէպքերը, բռնութիւնները եւ հալածանքը ասկէ հարիւր տարի առաջ գործուած են հայերուն դէմ։ Ան աւելցուց. «Թուրքերը նախաճաշին հայեր կերան, իսկ այսօր ընթրիքի համար՝ քիւրտեր պիտի ուտեն»:

«Մեզի համար կարեւոր է զօրակցութիւն յայտնել քիւրտերուն՝ առանց կորսնցնելու մեր Դատի առաջնահերթութեան հիմնական ուղեցոյցը», ըսած է Սարգիսեան՝ նշելով. «Մեր մասնակցութեամբ կու գանք ըսելու քիւրտերուն, թէ՝ դուք առանձին չէք ձեր դատին մէջ, մենք ձեր կողքին ենք, որովհետեւ այսօր դուք նոյն ճակատագիրին կ՛ենթարկուիք»:
Ըստ Սարգիսեանի՝ այսօր Թուրքիոյ մէջ կատարուող դէպքերը անմիջականօրէն կապ ունին Հայոց Ցեղասպանութեան ընդհանուր հոլովոյթին եւ անկէ ետք ստեղծուած պայմաններուն հետ: Սարգիսեան նկատել տուած է, թէ այսօրուան պայքարը առաջ տանելու համար ցոյցերը եւ բողոքի երթերը բաւական չեն, այլ պէտք է գործի դրուին պայքարի տարբեր միջոցներ: Ան այս առումով ճիշդ համարած է աշխատանք տանիլը Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ, «որովհետեւ միայն այդ ձեւով կարելի է Թուրքիոյ մէջ լուրջ եւ տեսանելի փոփոխութիւններու հասնիլ»:


Սարգիսեան նշած է նաեւ, որ Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող տարբեր համալսարանական շրջանակներու մօտ բացորոշ եւ յստակ դիրքորոշում կայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ գործադրուող քաղաքականութեանց դէմ. բոլորին համար յստակ է, որ Էրտողանի գլխաւորած իշխանութիւնը վատ իշխանութիւն է: Ան յայտնած է, որ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամները շփումներ ունին Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող ուսանողական տարբեր խմբաւորումներու եւ անդամներու հետ՝ շեշտելով, որ իրենց տարած պայքարը հունաւորուած աշխատանքի եւ մտածելակերպի արդիւնք է, որ պէտք է շարունակուի առանց զիջումներու:


Ներկայացնելով Ամերիկա-Թուրքիա շահերուն վրայ հիմնուած յարաբերութիւններուն մասին իր կարծիքը՝ Սարգիսեան նշած է. «Այսօր բոլոր հաւանականութիւնները առկայ են եւ մենք այդ առումով պատրաստ պէտք է ըլլանք, թէ՛ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուելիք փոփոխութիւններուն եւ թէ այդ փոփոխութիւններէն բխող Ամերիկա-Թուրքիա յարաբերութիւններու հաւանական վատթարացման, որովհետեւ շահերու վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները կրնան մէկ օրէն միւսը փոխուիլ»: Ան նաեւ ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ այսօր քաղաքական սուր պայքար կայ, եւ այդ առումով՝ «մենք, որպէս իրաւատէրեր, պատրաստ պէտք է ըլլանք որեւէ զարգացումի»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+