18 Aralık 2015
Մարմնամարզութեան Հայաստանի հաւաքականի անդամներ Արթուր Դաւթեան եւ Արթուր Թովմասեան ոսկէ մետալներ նուաճած են Միխայիլ Վորոնինի բաժակի խաղարկութեան` առանձին գործիքներու վրայ:
ՀԱՈԿ մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններով` Արթուր Թովմասեան լաւագոյնն էր օղակներու վարժութեան մէջ: Արթուր Դաւթեան, որ նախօրէին ոսկէ մետալ նուաած էր բազմամարտի մէջ, առաջինը եղած է նաեւ հենացատկի մէջ: Օղակներու վարժութեան մէջ Դաւթեան երրորդն էր, նժոյգթափերու` երկրորդը:
Մոսկուայի «Ողիմպիական աւան»-էն ներս Դեկտեմբեր 14-16 կայացած է Ողիմպիական խաղերու կրկնակի ախոյեան, մարմնամարզիկ Միխայիլ Վորոնինի բաժակի միջազգային 22-րդ խաղարկութիւնը, որուն կը մասնակցէին 30 երկրի 140 մարզիկներ: