17 Aralık 2015
Թուրք ազատախոհ հրապարակագիր ու մտաւորական Ռակըպ Զարաքօլու, որ ներկայիս Եւրոպա կը մնայ, ելոյթ մը ունեցաւ Պերլինի Շարլոթենպուրկ շրջանի քաղաքապետութեան սրահին մէջ, Հայոց Եկեղեցւոյ ու Մշակութային կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին։ Բանախօսութեան նիւթն էր՝ «2015 թուականը ի՞նչ բերաւ»։
Զարաքօլու ըսաւ, որ հարիւրամեակը լաւ առիթ մըն էր, որպէսզի Թուրքիա երես առ երես գար իր պատմութեան հետ, բայց ոչ միայն ներողութիւն չխնդրեց եւ հատուցում չվճարեց, այլ նոյնիսկ հայ ժողովուրդին նկատմամբ յարգանք չկրցաւ ցուցաբերել։ «Հայ ժողովուրդը բան մը կորսնցո՞ւց ասկէ։ Ո՛չ։ Դարձեալ Թուրքիան է, որ կորսնցուց»,- շեշտեց ան։
Ըստ Զարաքօլուի՝ Թուրքիա, որ կը յամառի իր կեցուածքը չփոխելուն վրայ, քայլեր առաւ ո՛չ թէ դէպի ժողովրդավարութիւն, այլ դէպի առաւել ամբողջատիրութիւն։ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը այս ամբողջատիրութեան մէկ գաղափարախօսութիւնը դարձաւ։ Մինչդեռ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման պայմաններէն մէկը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ներողութիւն խնդրելն է, որ այլեւս կենսական անհըրաժեշտութիւն մը դարձած է ո՛չ թէ զոհուած ժողովուրդներու տեսանկիւնէն, այլ՝ Թուրքիոյ գոյատեւման տեսանկիւնէն։
«Թուրքիա նոյն սխալները յամառօրէն կը կրկնէ։ Մինչդեռ անհրաժեշտ դարձած է, որ «անգամ մըն ալ երբեք» ըսելու մտայնութիւնը հասուննայ։ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իր այս պնդումով անուղղակիօրէն ըսել կ՛ուզէ, որ եթէ պէտք ըլլայ՝ դարձեալ կ՛ընենք նոյնը։ Թուրքիա հարիւր տարի ետք ոստում մը ըրած է դէպի Թալէաթ-Էնվեր-Ճեմալ եռեակի արկածախնդրական քաղաքականութիւնը»,- պնդեց ան։
Զարաքօլու, որ իր երկար բանախօսութիւնը զարգացուց այս վերլուծումներով՝ ըսաւ, որ հարիւր տարի առաջ սկսած Ցեղասպանութիւնը 2015ին իր վերջնական հանգրուանին հասաւ՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ վերապրող երրորդ կամ չորրորդ սերունդ հայերուն, ասորիներուն եւ եզիտիներուն «արմատը չորցնելով»։ «Հայերն ու եզիտիները հանգիստ կեանք մը կ՛ապրէին Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ. ա՛յդ ալ վերջացաւ»,- ըսաւ ան։