Ակնարկ. Գաղթականներուն Հետ Ահաբեկիչները Դէպի Եւրոպա Ուղարկողը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

21 Kasım 2015  

Ակնարկ. Գաղթականներուն Հետ Ահաբեկիչները Դէպի Եւրոպա Ուղարկողը -

Ակնարկ. Գաղթականներուն Հետ Ահաբեկիչները Դէպի Եւրոպա Ուղարկողը Ակնարկ. Գաղթականներուն Հետ Ահաբեկիչները Դէպի Եւրոպա Ուղարկողը

Փարիզը ցնցած ահաբեկչական ալիքը Ֆրանսայի սահմաններէն շատ արագ դուրս եկաւ եւ համակեց ամբողջ աշխարհը: Այն թերահաւատութիւնը, որ իսլամական ծայրայեղականութեան տարազին տակ կիրարկուող արշաւանքները կը մնան սահմանափակուած միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ եւ նոր խալիֆայապետութիւն հաստատելու կոչուած ահաբեկիչները չեն վերածուիր վերահսկողութենէն դուրս եկող գործիքներու, հիմնովին շրջուած է ներկայ պահու դրութեամբ:

Նոր աշխարհակարգի մը ձեւաւորման մասին են վերլուծումներու ընդհանուր ընդգծումները: Եւ այս առումով հետեւեալ պատկերը կը նախանշէ, թէ ժամանակի առումով որոշ հանգրուանի մը համար ի՛նչ ուղղութեամբ կ՛ընթանան իրադարձութիւնները:

Ֆրանսան եւ իրեն հետ արեւմտեան ուժեր արդէն կը նախապատրաստուին իրենց սահմանափակ գործողութիւնները ահաբեկիչները հարուածելու նպատակով ընդարձակելու եւ բեմականացումէն անդին ճակատագրական հարուած հասցնելու. կը թուի, որ վերահսկողութենէ դուրս եկած գործիքը չէզոքացնելու միտող հարուածներու մասին է խօսքը: Այսինքն, մօտաւորապէս այն թափը, որ ռուսական օդուժը շաբաթներէ ի վեր կը կիրարկէ կեդրոնանալով իրեն համար ռազմավարական գօտիներու վրայ:

Արդիւնքը նման գործողութիւններու տարողունակութեան բարձրացման կ՛ըլլայ այն, որ արեւմուտքի կողմէ պատժամիջոցներու ենթարկուող Ռուսիան ու նոյնինքն Արեւմուտքը (ներկայ պահու դրութեամբ Ֆրանսայի առաջնորդութեամբ) միեւնոյն ուժգնութեամբ կը հարուածեն ՏԱՀԵՇ-ի ռազմական կեդրոնները:

Տարբեր խնդիր է այն, որ ՏԱՀԵՇ-ի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ Արեւմուտքի ռազմական քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, աջակցիլ-խոչընդոտել խաղի տեսքով Եւրոպայի մէջ պումըրանկի հզօր ազդեցութիւն սկսած է գործել: Առ այս պահը ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական ալիքէն զերծ են Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը. այս վերջինը կը բացակայի նոյնիսկ ՏԱՀԵՇ-ի բանաւոր յայտարարութիւններուն թէ հաղորդագրութիւններուն մէջ:

Ահաբեկչութեան արտահանումը Միջին Արեւելքէն առայժմ կեդրոնացած է դէպի Եւրոպա: Եւ եթէ շարունակուի ՏԱՀԵՇ-ի գործիքի տեսութիւնը, ապա զայն գործիքաւորողը յատկապէս ծրագիրներ ունի ինչպէս Միջին Արեւելքի, այնպէս նաեւ Եւրոպայի համար:

Շարունակենք վարկածի տրամաբանութիւնը եւ տեսնենք, թէ այստեղ ո՞ր ուժն է, պետութիւնը, սահմանամերձ շրջանը, ՏԱՀԵՇ-ին գործնական, զինուորական եւ ֆինանսական աջակցութիւն տուած, որպէսզի անարգել թափանցէ Իրաք եւ Սուրիա: Եւ այժմ գաղթականներու զանգուածային խմբաքանակներ ուղարկած Եւրոպա, նախ եւ առաջ մարդկային աղէտ, ճգնաժամ եւ իբրեւ այդպիսին համաեւրոպական տագնապ ստեղծած:

Իրադարձութիւններուն հետեւողները վստահաբար համոզուած էին, որ մարդկային տագնապի սահմաններուն մէջ պիտի չաւարտէր այս խաղը: Եւ եթէ դէպի Իրաք ու Սուրիա, կամ այլ խօսքով միջինարեւելեան տարածքներու վրայ ահաբեկչական գործիքը կը թափանցէր Թուրքիայէն թելադրուած, ապա նոյն կեդրոնը գաղթականներու ալիքին առընթեր ահաբեկչական ալիքը կ՛արտահանէր դէպի Եւրոպա: Գաղթականներու հոսքին ներթափանցման նպատակով, միացած են «գաղթական ահաբեկիչ»-ներ: Թուրքիան այս երկրորդ ճգնաժամի ստեղծման համար հերթական անգամ ստանձնեց տարանցիկի դեր եւ օժանդակեց այդ տարրի Եւրոպա արտահանման:

Մարդկային տագնապի թէ ահաբեկչական ալիքի ստեղծած իրավիճակներու մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները այնքան քաղաքականացուած են, որ միջազգային լրատուադաշտը, նոյնինքն եւրոպականները ներառեալ, տագնապներու ստեղծման պատասխանատուութիւնը չկեդրոնացուցին Անգարայի վրայ: Պատճառահետեւանքային վերլուծման որեւէ առարկայական փորձ չի կրնար անտեսել Անգարայի պատասխանատուութիւնը մարդկութիւնը հարուածող այս երեւոյթներու ախտորոշման ընթացքին:

Քսաններու խմբակի ժողովը Թուրքիոյ մէջ է, որ տեղի կ՛ունենայ: Թուրքիոյ նախագահը Փարիզի պատահարները կ՛որակէ մարդկութեան դէմ կատարուած արարքներ եւ հերթական փորձ կը կատարէ քրտական շարժումներն ու ՏԱՀԵՇ-ի համահաւասարեցնելու:

Նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման ընթացքն է, որ կ՛արձանագրուի: Ահաբեկչութիւններ եւ հակահաբեկչական ճակատներ: Այս ընդհանուր յարաբերակցութիւնն է բեւեռացման նոր միտումը: Ահաբեկչութիւն յղացքի իւրայատուկ ընկալումները թերեւս այնքան սուր խնդիր չեն: Աւելի մտահոգիչը ահաբեկիչներուն աշխարհագրական տարբեր միջավայրեր թափանցման եւ անոնց արտահանման գործին հիմնովին նպաստող պետութեան նկատմամբ թիւր ընկալումն է: Հարուածուող երկիրներու ներկայացուցիչները տագնապի դիմակայման ձեւերը կը քննեն հարուածողներու գլխաւոր հովանաւորին հետ: Եւ եթէ միջազգային լրատուադաշտը չ՛ուզեր տեսնել այս իրականութիւնը, ապա հայկականը անպայման պէտք է լուսարձակի տակ առնէ այս փաստը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+