Լիբանանի Թեմի Կրօնական Ժողով. Քահանայից Միօրեայ Համագումար - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

21 Kasım 2015  

Լիբանանի Թեմի Կրօնական Ժողով. Քահանայից Միօրեայ Համագումար -

Լիբանանի Թեմի Կրօնական Ժողով. Քահանայից Միօրեայ Համագումար Լիբանանի Թեմի Կրօնական Ժողով. Քահանայից Միօրեայ Համագումար

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կրօնական ժողովին, ուրբաթ, 20 նոյեմբեր 2015-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Քահանայից միօրեայ սեմինար:

Սեմինարին բացումը կատարուեցաւ յատուկ աղօթքներով եւ սաղմոսասացութեամբ, ապա բարի գալուստի եւ բացման խօսք ուղղեց կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց միօրեայ սեմինարին հիմնական նպատակը եւ աշխատանքներու մասին քանի մը կէտեր, ապա Ս. Գիրքի սերտողութիւնը կատարեց Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան` նիւթ ընտրելով Բ. Տիտոսի 2:1-10 համարները, որոնք առնչուած են Աստուծոյ բծախնդիր ծառայութեան եւ առաքելութեան հետ: Սեմինարին ընթացքին ներկայացուեցան երկու դասախօսութիւններ: Առաջին դասախօսութեան նիւթն էր` «Ծիսական անհրաժեշտ գիտելիքներ» զոր ներկայացուց Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան: Տէր հայրը թուեց քահանայ հայրերու առօրեային հետ կապուած կարգ մը մտահոգութիւններ, ծիսական արարողական անհրաժեշտ գիտելիքներու մասին կատարեց վերյիշեցումներ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ խորհուրդներու բծախնդիր կատարման անհրաժեշտութեան:

Երկրորդ նիւթն էր «Ինչպէ՞ս քարոզ պատրաստել» վերնագիրով աշխատանք մը, զոր ներկայացուց Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան: Տէր հայրը քահանայ հայրերուն փոխանցեց գեղեցիկ պատրաստուած սկզբունքները, որոնք վերյիշեցումի առիթներ եղան բոլորին:

Hamakoumar_112015

Քահանայ հայրերը սեմինարին ընթացքին քննարկեցին իրենց առաքելութեան հետ կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր քահանայ ներկայացուց իր շրջանին մէջ կատարած ծառայութեան մասին հակիրճ տեղեկութիւն:

Սեմինարի աւարտին փակման խօսքը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նախ եւ առաջ գնահատեց թեմի քահանայից դասին կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ սոյն սեմինարը կազմակերպող կրօնական ժողովը: Առաջնորդ սրբազան հայրը թելադրեց, որ իւրաքանչիւր քահանայ ըլլայ գեղեցիկ օրինակ եւ աւելի բծախնդրութեամբ նուիրուի եկեղեցւոյ ծառայութեան: Քահանան մնայուն ներկայութիւն պէտք է ըլլայ ժողովուրդին մէջ, եւ պէտք է քայլ պահենք ներկայ աշխարհի արդիական պահանջներուն հետ, որպէսզի կարենանք ըլլալ առաքինի օրինակը մեր ժողովուրդին:

Սեմինարը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականով, ապա Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+