Արմէն Ճամբարը Կարծես Թուրքիոյ Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշակոթող Ըլլայ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

06 Kasım 2015  

Արմէն Ճամբարը Կարծես Թուրքիոյ Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշակոթող Ըլլայ -

Արմէն Ճամբարը Կարծես Թուրքիոյ Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշակոթող Ըլլայ Արմէն Ճամբարը Կարծես Թուրքիոյ Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշակոթող Ըլլայ

Սթամպուլի Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող` «Արմէն ճամբար» («Քամփ Արմէն») անուանումով յայտնի որբանոց-ճամբարը, որ բռնագրաւուած էր թրքական պետութեան կողմէ 1980-ականներուն, անցած շաբաթ վերադարձուած է հայկական համայնքին: Թուրքիոյ մէջ հայ երիտասարդներու կողմէ հիմնադրուած «Նոր Զարթօնք» հասարակական կազմակերպութիւնը մասնակցած է ճամբարի վերադարձման պայքարին:

«Եթէ ցանկայինք Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող կանգնեցնել, ատոր կարիքը չէր ըլլար: «Արմէն ճամբարը» կարծես հէնց այդ յուշակոթողը ըլլայ»,- Հայաստանի հանրային ռատիոյի հաղորդմամբ` Repairfuture.net-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է «Նոր Զարթօնքի» գործիչ Սայաթ Թեքիր:

«Արմէն ճամբարի պայքարին բազմաթիւ մարդիկ մասնակած են, եւ այս մարդիկ անցեալին քաղաքական հարթակին վրայ չէին երեւցած: Պայքարը քաղաքականացուցած էր մարդոց: Մենք «Արմէն ճամբարը» վերածած էինք վայրի մը, ուր հայերուն վերաբերեալ իւրաքանչիւր հարցի մասին կարելի էր խօսիլ: Մենք քննարկումներ կամ մշակոյթի եւ պատմութեան վերաբերեալ ձեռնարկներ կը կազմակերպէինք այնտեղ: Մենք այն անընդհատ կենդանի կը պահէինք», – ըսած է գործիչը:

Ըստ անոր` պայքարի 100-րդ եւ 121-րդ օրերուն երկու յարձակումներ եղած են: «Պատճառը յատկապէս ընտրութիւններու արդիւնքով լարուած մթնոլորտն էր, երբ կ’աշխուժանան ազգայնամոլութիւնը եւ ցեղապաշտական հակումները. «Արմէն ճամբար» վերածուած էր թիրախի»,- ըսած է Թեքիր:

«Արմէն ճամբար»-ը, որ կառուցուած է հայ որբերու աշխատանքով, թրքական պետութեան որոշումով փակուած է 1983-ին: Ճամբարին մէջ բնակող երեխաները մասնակցած են շինարարական աշխատանքներուն. անոնք աւազ կրած են ծովէն, որմով ալ կառուցուած է այն: Իշխանութիւնները երբեք թոյլ չեն տուած վերանորոգել որբանոցը, որուն պատճառով այն կը գտնուի անմխիթար վիճակի մէջ:

2015 Մայիս 6-ի առաւօտեան ճամբարի ներկայիս սեփականատիրոջ նախաձեռնութեամբ սկսած էրճամբար-մանկատան քանդումը, սակայն կարճ ժամանակ անց Թուրքիոյ հայկական համայնքի սկսածբողոքի լայնածաւալ ձեռնարկներու շնորհիւ շինութեան քանդումը ժամանակաւորապէս հնարաւորեղաւ դադրեցնել: Հոկտեմբեր 27-ին ճամբարի սեփականութեան վկայականը յանձնուած էԿետիկփաշայի հայ բողոքական եկեղեցւոյ հիմնադրամին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+