Հայկական Հարցը Մարդկային Հարց Է Եւ Պէտք Է Կենդանի Մնայ Մինչեւ Բոլոր Պահանջներու Իրագործումը. Լիբանանի Նախագա - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

23 Ekim 2015  

Հայկական Հարցը Մարդկային Հարց Է Եւ Պէտք Է Կենդանի Մնայ Մինչեւ Բոլոր Պահանջներու Իրագործումը. Լիբանանի Նախագա -

Հայկական Հարցը Մարդկային Հարց Է Եւ Պէտք Է Կենդանի Մնայ Մինչեւ Բոլոր Պահանջներու Իրագործումը. Լիբանանի Նախագա Հայկական Հարցը Մարդկային Հարց Է Եւ Պէտք Է Կենդանի Մնայ Մինչեւ Բոլոր Պահանջներու Իրագործումը. Լիբանանի Նախագահական Թեկնածու Նատին Մուսա

25 Մայիս 2014-էն ի վեր Լիբանանի նախագահական աթոռը թափուր է քաղաքական ու այլ պատճառներով: Ցարդ գումարուեցան բազմաթիւ նիստեր, սակայն Լիբանանի 128 երեսփոխանները չկրցան համախոհութեան յանգիլ այս գծով: Այսօր խորհրդարանը իր 30-րդ նիստը կը գումարէ` փորձելով դրական լուծում մը գտնել այս հարցին, որ սակայն, ըստ իրազեկ դէտերու, կրնայ տակաւին ուշանալ:

Այս ծիրին մէջ նախագահական թեկնածուներու ցանկին մէջ կան բազմաթիւ անձնաւորութիւններու անուններ, որոնց կարգին` իգական դէմք մը, Նատին Մուսա, որ եզակիօրէն համարձակութիւնը ունեցած է մխրճուելու քաղաքական այս մարզին մէջ` շրջանցելով լիբանանեան թապուները ու ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ նախագահական անկախ թեկնածու:

Մասնագիտութեամբ իրաւաբան, Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն ետք Նատին Մուսա իր ուսումը կատարելագործած է Փարիզի Սորպոն համալսարանի միջազգային օրէնքի բաժանմունքին մէջ:

Քաղաքական ու ընկերային համարձակ մօտեցումներով այս թեկնածուն անդամ է ընկերային ոչ կառավարական մէկէ աւելի միութիւններու եւ շարժումներու: Հիմնադիր-նախագահն է «Փտածութեան կանխարգիլման լիբանանեան միութեան» (Lebanese Association to prevent Corruption): Հիմնադիր անդամ` «լիբանանցի կնոջ հզօրացման ազգային խորհուրդ»-ին (National Committee for Women’s Empowerment Lebanon): Անդամ է նաեւ Արաբ կիներու ղեկավարման հիմնարկին (Arab Women’s leadership Institute AWLI) Լիբանանի քաղաքացիական շարժումի պահանջներու ջատագով է եւ յաճախ ոստիկանական յարձակման թիրախ դարձած է` արցունքաբեր կազերով թէ ջրաշիթերով: Ստանձնած է այդ առիթով արգելափակուած լիբանանցիներու պաշտպանութեան դատը: Ան ունի հետեւորդներու եւ համակիրներու ընկերային ցանց, ուր համալսարանաւարտ երիտասարդներու խմբակ մը կ՛աջակցի իրեն, ինչպէս` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտ Սիւզան Պալաա եւ ուրիշներ: Պալաա ներկայ էր այս առիթով Նատին Մուսայի հետ կայացած հարցազրոյցին եւ մեծապէս զօրավիգ` անոր գաղափարներուն:

Նատին Մուսա նաեւ զօրակցողներէն է Հայ դատին եւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն: Ան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Հայկական հարցը պաշտպանելու միջազգային ատեաններու բեմերէն:

Ստորեւ` անոր հետ «Ազդակ»-ի ունեցած հարցազրոյցին հիմնական մասերը.

«ԱԶԴԱԿ».- Դուք կը ներկայանաք իբրեւ Լիբանանի նախագահական թեկնածու, ի՞նչ է ձեր նախագահական ծրագիրը, որ կ՛ուզէք իրագործել յաջողութեան պարագային:

ՆԱՏԻՆ ՄՈՒՍԱ.- Մինչեւ օրս թեկնածու եմ եւ իմ նախագահական յայտագիրս կ՛ընդգրկէ հետեւեալը.

– Ազգային գերիշխանութիւն հաստատել ամբողջ Լիբանանի վրայ,
– Կերտել բոլոր քաղաքացիներուն համար ընկերային համահաւասար իրաւունքներով պետութիւն,
– Զարկ տալ հայրենասիրութեան, հաւասարապէս լիբանանցի իգական թէ արական տարրերուն եւ արտերկրի մեր հայրենակիցներուն մօտ,
– Հաւասարապէս բոլորին բաժնել Լիբանանի բնական հարստութիւնները (ջուր, կազ…),
– Ամրապնդել երկրի ընկերային, ապահովական ու զինուորական ապահովութիւնը,
– Քաջալերել անհատական նախաձեռնութիւնները` ապակեդրոնացեալ դրութեամբ եւ հաւասար չափանիշներով:
– Նաեւ այս գծով գումարել ազգային ժողով եւ գործակցութեան ծրագիրի մը շուրջ համաձայնիլ երկրին զանազան խմբաւորումներուն միջեւ:

«Ա.».- Ընկերային մարզին մէջ աշխուժ գործունէութիւն ունիք, որո՞նք են հիմնական տարրերը, օրինակ` ի՞նչ է կնոջ վերապահուած դերը:

Ն. Մ.- Այո՛, իմ քայլերուս մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն ընկերային արդարութեան պահպանման միջոցառումները: Այս գծով հիմնական է երիտասարդութեան եւ յատկապէս իգական սեռին դերը: Կիները Լիբանանի մէջ կը կազմեն բնակչութեան 53 առ հարիւր համեմատութիւնը եւ մեծապէս դերակատար են, որովհետեւ իրե՛նք կը դաստիարակեն ժողովուրդին կէսը եւ ի զօրու են բազմաթիւ չափանիշներ փոխելու:

«Ա.».- Լիբանան իր բնակչութեամբ, համայնքային բաժանումներով խճանկար մը կը կազմէ, ինչպէ՞ս կը խորհիք համախոհութիւն գոյացնել, երբ իւրաքանչիւր կողմ կամ համայնք իր մասնաբաժինը կը պահանջէ:

Ն. Մ.- Դժբախտաբար այս դրութիւնը նորութիւն չէ, օսմանեան տիրապետութեան շրջանէն մնացած է` «Բաժնէ որ տիրես»-ի քաղաքականութեամբ: Պէտք է վերացնել համայնքային պատկանելիութեան շեշտաւորումը եւ երկրին հարցերուն մօտենալ իբրեւ հարազատ լիբանանցիներ:

«Ա.».- Դուք նաեւ ծանօթ էք ձեր հայանպաստ կեցուածքներով, ի՞նչ ունիք ըսելիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` նկատի ունենալով Թուրքիոյ մէջ կատարուող փոփոխութիւնները:

Ն. Մ.- Թուրքիոյ մէջ, ճիշդ է, ընկերային եւ քաղաքական զգալի փոփոխութիւններ կ՛արձանագրուին, ինչպէս` խորհրդարանական վերջին ընտրութիւնները, ուր ծագումով երեք հայեր ալ ընտրուեցան: Այդ փոփոխութիւնները հայանպաստ են, եւ պէտք է օգտուիլ ստեղծուած կացութենէն: Փաստօրէն հայկական հարցը ամէն բանէ առաջ մարդկային հարց է եւ պէտք է զայն կենդանի պահել զանազան ճնշումներով, միջոցառումներով ու լոպիինկի քայլերով, մինչեւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն իրագործումը: Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներում հայցէ հայ ժողովուրդէն եւ հատուցում (յատկապէս` հողային) կատարէ:

«Ա.».- Ծանօթ էք, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նախաձեռնեց պահանջատիրական խիզախ քայլի` Սիսի կաթողիկոսական նստավայրին գծով, ի՞նչ կը խորհիք, կը զօրակցի՞ք նման քայլերու:

Ն. Մ.- Ոչ միայն կը զօրակցիմ, այլ նաեւ պատրաստ եմ մաս կազմելու այս գծով որեւէ յանձնախումբի հետ գործակցերու եւ Հայ դատը պաշտպանելու միջազգային ատեաններու հարթակէն:

«Ա.».- Սակայն Թուրքիա ցարդ չէ պատասխանած եւ անպաշտօն կեցուածքները ժխտական են այս գծով:

Ն. Մ.- Թուրքիոյ համար աւելի նպատակայարմար է, որ ճանչնայ հայոց իրաւունքները եւ հատուցում կատարէ, որովհետեւ ոչ մէկ երկիր կ՛ուզէ արատաւորել իր վարկը յաչս միջազգային հանրային կարծիքին թէ պատկան մարմիններու մօտ: Երկրորդ` միջազգային օրէնքին բերումով իսկ Թուրքիա հարկադրուած է ընդառաջելու հայոց պահանջներուն, որովհետեւ Թուրքիա մաս կը կազմէ միջազգային ընկերութեան եւ չի կրնար ինքզինք մեկուսացնել ու շրջանցել այդ ընկերութեան սահմանած մարդկային իրաւունքի չափանիշները: Իսկ Սիսի կաթողիկոսարանին գծով կարելի է դիմել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան (European Court for Human Rights)` թրքական տեղական դատարանի մերժումին պարագային:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+