«Ֆրէտ Հարթման Եւ Տատա Ռօսթէմ» Վէպը Այն Գործերէն Մէկն Է, Որ Արժանի Է Վերարժեւորուելու «Ազդակ»-ին Ըսաւ - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

17 Ekim 2015  

«Ֆրէտ Հարթման Եւ Տատա Ռօսթէմ» Վէպը Այն Գործերէն Մէկն Է, Որ Արժանի Է Վերարժեւորուելու «Ազդակ»-ին Ըսաւ -

«Ֆրէտ Հարթման Եւ Տատա Ռօսթէմ» Վէպը Այն Գործերէն Մէկն Է, Որ Արժանի Է Վերարժեւորուելու «Ազդակ»-ին Ըսաւ «Ֆրէտ Հարթման Եւ Տատա Ռօսթէմ» Վէպը Այն Գործերէն Մէկն Է, Որ Արժանի Է Վերարժեւորուելու «Ազդակ»-ին Ըսաւ

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Համազգային հրատարակչականը լոյս ընծայած է Լեւոն Մեսրոպի 1930-ական տարիներուն գրած «Ֆրէտ Հարթման եւ Տատա Ռօսթէմ» վէպը, ձեր յառաջաբանով: Կրնա՞ք լուսաբանել մեզ այս հրատարակումին առթիւ շարժառիթներ եւ նպատակ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ընկերացող գրախօսական յօդուածը կարծեմ բաւականաչափ կ՛ընէ այդ լուսաբանումը: Հոս միայն կրնամ արագ թուել գործի ընտրութեան շարժառիթները կամ նպատակը, ինչպէս կ՛ըսէ՛ք:

– Վէպը, ատենին, գրական մամուլի մէջ լոյս տեսած է: Անոր պատմագրական ընդհանուր խորքը առաջին համաշխարհային պատերազմն է, որուն հարիւրամեակը նշուեցաւ դեռ նոր: Բայց մանաւանդ հոն կեդրոնական թեմայ է Հայոց ցեղասպանութիւնը, նոյնպէս հարիւրամեայ, ներկայացուած երկու գլխաւոր երեսներով, նախ` յուսահատ գոյամարտ մը` Ուրֆայինը, ապա` նոյնքան ցնցիչ դրուագներ Տէր Զօրի դժոխքէն:

– Երկրորդ, անոր էջերուն կը ծաւալի իրական կեանք մը, իրական մարդոցմով, նախորդ դարասկիզբի մերձաւոր արեւելեան աշխարհը` Պարսկաստանը, որուն լաւ ծանօթ է եղած հեղինակը, ե՛ւ տեղացի ժողովուրդին, ե՛ւ պատերազմի արեւելէան ճակատի (Պարսկաստանի կողքին` Թուրքիա, Իրաք, Սուրիա) կրակներուն մէջ նետուած եւրոպացիներու խումբեր` գերմանացի, ռուս, անգլիացի, եւն., որոնց կարգին գլխաւոր հերոսը` կէս զուիցերիացի եւ կէս հայ երիտասարդ մը:

Հ.- Այս յատկութիւնները բաւարար տուեալներ կը նկատէք ուրեմն գիրքը յանձնարարելու…

Պ.- Անպայմա՛ն: Մանաւանդ որ այս «գործողութիւն-վէպը» (action novel), այսպիսի կենդանի բովանդակութեամբ, նաեւ շարադրուած է կայտառ, վառվռուն ոճով, հիւմորով, զգացումներով թրթռուն: Անիկա կը կարդացուի հեւիհեւ, եւ հակառակ ժամանակի անցքին, չէ հինցած բնաւ: Իր գրական արժէքը քննարկուած է գրախօսականիս մէջ, հոս չեմ ծանրանար: Բայց ճի՜շդ յարմար գործն էր, կամ գործերէն մէկը, որ արժանի էր վերարժեւորուելու եւ հարիւրամեակի առթիւ հրամցուելու մեր հասարակութեան, որ դժբախտաբար շատ չի կարդար…

Հ.- Այս վերջին մտահոգութեան ուղղութեամբ ի՞նչ կրնաք յանձնարարել…

Պ.- Համազգային հրատարակչականը, այս մտահոգութեամբ, օգտակար մտածումը ունեցած է այս գործը ընտրելու իբր աշակերտական միջ դպրոցական մրցանքի նիւթ, կարծեմ նաեւ չափահասներու մասնակցութեան ընտրանքով մըն ալ: Կը բաժնեմ ե՛ւ մտահոգութիւնը, ե՛ւ կատարուած ընտրանքը: Երանի այսպիսի վառ գործեր, կեանքի բովէն հանուած, աւելի հրամցուին մեր հասարակութեան, զինք քիչ մը աւելի ընթերցող դարձնելով:

Նաեւ ուրախ եմ, որ այսպիսի օգտաշատ նախաձեռնութիւններ կը գտնեն իրենց հովանաւորները, ինչպէս` այս պարագային` տէր եւ տիկին Յարութ Շահպազեանները:

Յարութիւն Քիւրքճեան





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+