Արամ Ա. Կաթողիկոս Հարցազրոյցներ Ունեցաւ Զուիցերիոյ Չորս Կարեւոր Թերթերուն Հետ - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

23 Eylül 2015  

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հարցազրոյցներ Ունեցաւ Զուիցերիոյ Չորս Կարեւոր Թերթերուն Հետ -

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հարցազրոյցներ Ունեցաւ Զուիցերիոյ Չորս Կարեւոր Թերթերուն Հետ Արամ Ա. Կաթողիկոս Հարցազրոյցներ Ունեցաւ Զուիցերիոյ Չորս Կարեւոր Թերթերուն Հետ

Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան յաջորդ օրը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար հարցազրոյցներ ունեցաւ Զուիցերիոյ գերմանատառ եւ ֆրանսատառ թերթերու` «Թակես Անզէյկըր», «Լա Լիպերթէ», «Աժանս Ռոմանտ Տէ Փրես» եւ «Լը Թամփ» թերթերու թղթակիցներուն հետ: Վեհափառ հայրապետին ունեցած հարցազրոյցները ներառեցին`

Ա) Զուիցերիա իր այցելութեան կատարած առնչուած հարցեր: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ ընդառաջելով Զուիցերիոյ եկեղեցիներու խորհուրդին եւ Արմենոֆաս հիմնարկի հրաւէրին, Զուիցերիա կ՛այցելէ յանուն հայ ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնելու մարդասիրական եւ քաղաքական այն զօրակցութեան համար, որ Զուիցերիոյ ժողովուրդն ու կառավարութիւնը ցուցաբերած են հայ ժողովուրդին նկատմամբ` յատկապէս Հայոց ցեղասպանութենէն ետք:

Բ) Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առնչուած հարցեր: Այս ուղղութեամբ վեհափառ հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը կատարելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին կարեւորութեամբ շեշտեց ճանաչումէն անդին հատուցման թղթածրարին վրայ կեդրոնանալու հրամայականը: Ան ողջունեց Զուիցերիոյ խորհրդարանի որոշումը եւ յոյս յայտնեց, որ Զուիցերիոյ ծերակոյտն ու կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Գ) Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը: Վեհափառ հայրապետը դատապարտելով իսլամ ծայրայեղականներու անմարդկային վերաբերմունքը փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս քրիստոնեաներու նկատմամբ, ըսաւ, թէ այսօր նոյն ցեղասպանութիւնն է, որ կը շարունակուի Միջին Արեւելքի մէջ` վայելելով Թուրքիոյ ուղղակի կամ անուղղակի զօրակցութիւնը: Ան շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` յիշեցնելով, որ երկար դարերու ընթացքին միաստուածեան կրօններու պատկանող համայնքները ունեցած են խաղաղ համագոյակցութիւն: Այս շրջագիծին մէջ ան ըսաւ, թէ միջազգային համայնքը յատուկ կարեւորութիւն պէտք է ընծայէ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած այս չարիքին` ծայրայեղականներուն, որովհետեւ անիկա նաեւ չարիք մըն է ամբողջ աշխարհին համար:

Դ) Ընկերութեան կեանքին մէջ եկեղեցիներուն ունեցած դերակատարութիւնը ներկայ աշխարհի տագնապներուն դիմաց: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ եկեղեցին կառոյց կամ վայր չէ, այլ` Քրիստոսի կողմէ աշխարհ ղրկուած առաքելութիւն, որուն նպատակն է ընկերութեան կեանքը իմաստաւորել բարոյական ու հոգեւոր արժէքներով:

Ե) Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական երկխօսութիւն: Վեհափառ հայրապետը երկար տարիներու ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ իր վերլուծումն ու արժեւորումը կատարեց այս ծիրին մէջ իրեն ուղղուած հարցումներուն ու կատարուած մատնանշումներուն:

Բոլոր հարցազրոյցներուն ընթացքին վեհափառ հայրապետը շեշտեց զուիցերիացի եւ հայ ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ ու Հայաստանի պետութիւններուն միջեւ անցեալէն եկող բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու եւ ծաւալելու կարեւորութիւնը: «Զուիցերիոյ դիրքորոշումները միշտ մեկնած են մարդկային ու բարոյական արժէքներէ եւ սկզբունքներէ եւ ո՛չ թէ աշխարհաքաղաքական շահերէ: Զուիցերիան այսօ՛ր եւս նոյն մօտեցումը պէտք է ունենայ, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած հարցերուն գծով: Հո՛ս կը կայանայ միջազգային համայնքին մէջ Զուիցերիոյ իւրայատուկ դիրքը եւ դերը», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Զուիցերիա հասնելու առաջին օրը, վեհափառ հայրապետը այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած ցուցահանդէսի մը, ուր ներկայացուած էին զուիցերիական մամուլի անդրադարձը եւ տեղեկատուութիւնը` ցեղասպանութիւնը կանխող շրջանին, ցեղասպանութեան ընթացքին եւ մինչեւ Լոզանի վեհաժողովի ժամանակաշրջան, հայ ժողովուրդին կրած տառապանքներուն եւ ցեղասպանութեան մասին: Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց ցուցահանդէսը կազմակերպողները, միաժամանակ առաջարկեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է առանձին հատորով հրատարակելու ցուցահանդէսին ներկայացուած զուիցերիական մամուլին տեղեկութիւնները` պատմաքաղաքական վերլուծումով:

Վեհափառ հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի հիւպատոս Յասմիկ Տոլմաճեանին: Հանդիպումին ներկայ էին կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ Արմենոֆասի նախագահ Թենի Փիրրի-Սիմոնեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+