23 Ağustos 2015
Կազմակերպութեամբ «Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան եւ հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին, 3-12 օգոստոս 2015-ին, Զմմառու «Հայր Շելհուպ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի անդրանիկ ճամբարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 43 աշակերտներ: Ճամբարին Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան, պատասխանատուներ եւ աշակերտ խմբագրողներ: «Ուիքի ճամբար»-ին նպատակն էր «Ուիքիփետիա» հանրագիտարանին մէջ արեւմտահայերէն բաժինի զարգացումը: «Ուիքի ճամբար»-ին ընթացքին տեղի ունեցան «Ուիքիփետիա»-ի գործածութեան եղանակներու ուսուցման եւ խմբագրական աշխատանքները: Իննօրեայ հաւաքին ընթացքին մասնակից աշակերտները օրական շուրջ 5 ժամ աշխատեցան` փորձառու խմբագիրներու օգնութեամբ պատրաստելու յօդուածներ եւ կատարելու թարգմանութիւններ: Աշխատանքներուն կողքին մասնակիցները արուեստի եւ մարզախաղերու ճամբով ունեցան տարբեր գործունէութիւններ, պարեցին, երգեցին, խաղացին, ծանօթացան արուեստներու եւ ունեցան հետաքրքրական, ուրախ եւ օգտակար ժամանցի պահեր: «Ուիքի ճամբար»-ի գլխաւոր պատասխանատուն էր «Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութեան Լիբանանի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան: «Ուիքի ճամբար»-ին մասնակից աշակերտները պատրաստեցին խմբագրեցին աւելի քան 700 յօդուածներ: Ճամբարի մասնակիցներէն 7 աշակերտներ արդէն ներկայիս կը մասնակցին Աղուերանի մէջ տեղի ունեցող «Ուիքի ճամբար»-ին: Ձմրան Լիբանանէն երկրորդ պատուիրակութիւն մը պիտի մասնակցի Հայաստանի «Ուիքի ճամբար»-ին: Այս առիթով «Ուիքի ճամբար» մասնակիցներուն հետ կատարուած զրոյցներուն ճամբով անոնք խօսեցան իրենց տպաւորութեան, կարծիքներուն եւ տպաւորութիւններուն մասին, զորս կը հրատարակենք ստորեւ:
ՆԱՐԷ ՊԱԹՈՒԶԵԱՆ
Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան
Իբրեւ առաջին փորձառութիւն շատ գոհ մնացի թէ՛ ստեղծուած մթնոլորտէն, եւ թէ փոխանցուած գիտելիքներէն: Ասիկա ինծի համար նորութիւն էր, եւ սիրեցի տարուած աշխատանքը եւ պիտի շարունակեմ: Մենք թէ՛ հայ, եւ թէ օտար դէմքերու մասին կը գրենք, եւ ինչ որ կ՛ընենք օգտակար պիտի ըլլայ մեզի եւ այլ աշակերտներու, որոնք պէտք պիտի ունենան այս տեղեկութիւններուն:
ՅԱԿՈԲ ԹԱՇՃԵԱՆ
Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
«Ուքի ճամբար»-ը շատ օգտակար ծրագիր մըն է, իսկ ստեղծուած մթնոլորտը` շատ հաճելի: Սկիզբը բնականաբար որոշ դժուարութիւններ ունեցայ, որովհետեւ առաջին անգամն ըլլալով այսքան երկար ժամանակի համար հայերէն կը գրէի, բայց շուտով ընտելացայ աշխատելաոճին եւ մեծ հաճոյքով ընթացաւ գործունէութիւնը:
Համացանցը համաշխարհային լեզու է եւ ես ուրախ եմ, որ այդտեղ նաեւ արեւմտահայերէնը սկսաւ մուտք գործել: Այսպիսով աւելի դիւրացաւ մեր գործը, հարազատ կը զգանք երբ հայերէնով կը գրենք եւ մեր պատրաստածը կը տեղադրենք «Ուքիփետիա»-ի էջերուն վրայ:
Կը քաջալերեմ բոլոր ընկերներս, որպէսզի իրենք ալ խմբագրեն եւ մասնակից ըլլան այս օգտաշատ գործին:
ԱԼԻՍԻԱ ԻՇԽԱՆԵԱՆ
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարան
«Ուիքի ճամբար»-էն շատ բան սորվեցանք, յատկապէս խմբագրել եւ հայերէն լեզուով համակարգիչին վրայ գրել: Ես օգտակար կը գտնեմ այս աշխատանքը, որովհետեւ այն, ինչ որ հոս մենք սորվեցանք պիտի շարունակենք եւ այսպէս մենք եւ յաջորդող սերունդը արեւմտահայերէնով տեղեկութիւններ պիտի ունենայ իր տրամադրութեան տակ, ուստի անոր գործը աւելի դիւրասահ պիտի ըլլայ եւ նկատի առնելով, որ մինչեւ օրս կա՛մ կը թարգմանէինք օտար լեզուներէ կա՛մ արեւելահայերէնէ կը վերածէինք արեւմտահայերէնի:
Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր հայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, եթէ առիթը ունենան նման ճամբարի մասնակցելու անպայման ներկայանան , որովհետեւ շատ պիտի օգտուին:
ՄԵՐԻ ՄԱԹՈՍԵԱՆ
Սահակեան Լ. Մկրտիչեան վարժարան
«Ուքի ճամբար»-ը օգտակար էր ամէն իմաստով, որ մենք հարստացանք թէ՛ նորութիւններով, թէ՛ գիտելիքներով, եւ թէ նոր ծանօթութիւններով: «Ուքիփետիա»-ն հայերէնով աշխատիլը հետաքրքրական էր եւ օգտակար, որովհետեւ ամէն անգամ որ յօդուած մը կը խմբագրես ու կը տեղադրես, գիտես որ այդ տեղեկութենէն ուրիշ մը կամ ուրիշներ պիտի օգտուին: Բոլորս ալ պէտք է աշխատինք եւ եթէ ամէն օր մէկ յօդուած տեղադրենք շուտով կը հասնինք այլ լեզուներու մակարդակին:
ԿԱՍԻԱ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Հայ Աւետարանական քոլեճ
«Ուքի ճամբար»-ը լաւ փորձառութիւն մըն էր ինծի համար` նորութիւններով լեցուն: Սկզբնական շրջանին խմբագրելը դժուար էր, որովհետեւ սորվելիք շատ բան ունէինք, բայց երբ ընտելացանք մթնոլորտին եւ սորվեցանք ձեւերը, սկսանք աւելի սիրելով եւ հաճոյքով աշխատիլ:
«Ուիքիփետիա»-ն ոչ միայն օգտակար է աշակերտներուն կամ անոնց, որոնք միշտ տեղեկութիւններու պէտք ունին, այլ նաեւ արեւմտահայերէնի պահպանման, որովհետեւ որքան շատ աշխատինք եւ շարունակենք խմբագրել ես վստահ եմ, որ այնքան մեծ թիւով յօդուածներ կրնանք տեղադրել էջին վրայ եւ այսպէս ալ լեզուն պահած կ՛ըլլանք:
ՇԱՀԷՆ ԱՐԱՊՕՂԼԵԱՆ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
«Ուիքիփետիա»-ին ծանօթ էի եւ յաճախ դպրոցը կը գործածէի, ինչպէս նաեւ կը դիմէի անոր եթէ կարիքը ունենայի փնտռտուքներ կատարելու, բայց այս բոլորը` օտար լեզուով: Այս ճամբարի ընթացքին ես շատ նորութիւններ սորվեցայ, արեւելահայերէնի մեծ թիւով գրութիւններ վերածեցի արեւմտահայերէնի: Ես կը կարծէի, թէ ձանձրացուցիչ գործ մը պիտի ըլլայ ամէն օր խմբագրելը, չէի կրնար երեւակայել, որ օրական 4 ժամ աշխատիլը, համակարգիչի վրայ գրելը, շարադրելն ու խմբագրելը այսքան հաճելի պիտի ըլլան, մանաւանդ որ մեր գործը օգտակար պիտի ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք փնտռտուքներ կ՛ընեն համակարգիչի վրայ եւ փոխանակ ժամանակ տրամադրելու թարգմանական աշխատանքի, այսպիսով պատրաստ տեղեկութիւններ կ՛ունենան իրենց տրամադրութեան տակ:
Ես 99 առ հարիւր վստահ եմ, որ այս գործը պիտի շարունակեմ, որովհետեւ թէ՛ հաճելի է, եւ թէ օգտակար, նաեւ երկար ժամանակ չի խլեր: «Ուքիփետիա»-ն տեղեկութիւններու տրամադրման իմաստով google search-ի վրայ կը յայտնուի առաջին դիրքի վրայ, երբ տեղեկութիւն մը կը փնտռես: Գալով հայերէնին, այժմ արեւմտահայերէնով շատ քիչ յօդուածներ կան, բայց եթէ այսպէս շարունակենք, եւ մեզի միանան ուրիշներ ալ, վստահ թիւը պիտի աւելնայ եւ շուտով կրնանք հասնիլ այլ լեզուներու մակարդակին:
ԼԻԼԻԹ ՄԿՐԵԱՆ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան
«Ուիքիփետիա»-ն մինչեւ օրս օտար լեզուով կը գործածէի եւ յաճախ պէտք եղած գրութիւնները կը թարգմանէի: Այս ճաբարին սորվեցայ արեւելահայերէն գրութիւնները վերածել արեւմտահայերէնի, եւ յատուկ ձեւեր «Ուիքիփետիա»-ի վրայ աշխատիլ եւ տեղադրել պատրաստուած նիւթերը: Ես կը հաւատամ, որ այս ճամբարը առիթ մը եղաւ հայ աշակերտներուն մօտէն ծանօթանալու թէ՛ «Ուիքիփետիա»-ին եւ թէ արեւմտահայերէնի ծալքերուն, նաեւ հայերէնով համակարգիչին վրայ գրելը նոր վարժութիւն մըն է, որ մեզ պիտի մղէ միշտ գործածելու եւ հայերէնի համակարգիչին եւ համացանցին վրայ: Վստահ եմ, որ այս ճամբարէն ետք ալ պիտի շարունակենք այս օգտաշատ գործը:
ԱՍԱՏՈՒՐ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ
Ս. Խաչ Հարպոյեան վարժարան
«Ուիքիփետիա»-ի աշխատանքներուն ծանօթ էի դպրոցէն, բայց այստեղ սորվեցայ խմբագրել գրութիւններ եւ նաեւ արեւելահայերէնը վերածել արեւմտահայերէնի: Ամէն օր ունինք թեմա մը կամ դէմք մը, որուն միայն գրութիւններ կը խմբագրենք, որպէսզի տեղադրենք էջին վրայ:
Այս փորձառութիւնը շատ օգտակար եղաւ ինծի, որովհետեւ բազմաթիւ նորութիւններ սորվեցայ եւ սկսայ աւելի մօտ զգալ մայրենի լեզուին:
ՈՒԻԼՍԸՆ ԹԱՄԶԱՐԵԱՆ
Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ
Երբեք ծանօթ չէի «Ուիքիփետիա»-ին, բայց սորվեցայ այդ մասին, երբ եկայ ու մասնակցեցայ այս ճամբարին: Իրականութեան մէջ կը կարծէի, թէ դժուար գործ է էջին վրայ տեղեկութիւններ տեղադրելը, բայց օրէ օր ընտելացանք, որովհետեւ գործը սիրեցի: Հիմնականին մէջ այս ճամբարի ընթացքին ես սորվեցայ հայերէնով գրել համակարգիչին վրայ, արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածել եւ թարգմանական աշխատանք կատարել:
Այս ճամբարը ինծի համար նոր սուր եւ կարեւոր փորձառութեան մը եւ վստահ պիտի շարունակեմ խմբագրել, որովհետեւ կարեւոր է «Ուիքիփետիա»-ն արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման համար:
ՍԷՐԼԻ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Ս. Խաչ Հարպոյեան վարժարան
«Ուիքի ճամբար»-ը նորութիւն էր ինծի համար եւ առիթ տուաւ, որ արեւմտահայերէնով գրութիւններ խմբագրենք եւ սորվինք էջին վրայ տեղադրել: Այս գործը օգտակար է թէ՛ մեզի, թէ սփիւռքահայութեան համար, յատկապէս անոնց, որոնք կը գործածեն «Ուիքիփետիա»-ն: Աշխատանքէ անկախ «Ուիքի ճամբար»-ին միջոցով ծանօթացայ այլ աշակերտներու, եւ մթնոլորտը իսկապէս հաճելի էր:
«Ուիքիփետիա» գործածելը գիտէի, բայց այստեղ խմբագրել սորվեցայ եւ տեսայ, որ այս գործը իրականութեան մէջ օգտակար է մեզի համար` յատկապէս արեւմտահայերէնի պահպանման համար: Ես կը հաւատամ, որ որքան մեծ թիւով յօդուածներ ըլլան էջին վրայ, այնքան աւելի պիտի դիւրանայ աշակերտներուն եւ բոլորին գործը, յատկապէս անոնց համար, որոնք թարգմանելու դժուարութիւն ունին:
Իմ կարծիքովս առաջնահերթութիւնը պէտք է տրուի հայ գրագէտներուն, հայոց պատմութեան կարեւորագոյն դէմքերուն եւ դէպքերուն, յատկապէս 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան կապուած փաստերու եւ տեղեկութիւններու:
ԱԶՆԻՒ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ
(Սուրիահայ ուսուցչուհի)
Մէկ տարիէ ի վեր Հայաստան կը բնակիմ եւ խմբագրական աշխատանք կը տանիմ «Ուքիփետիա արեւմտահայերէն»-ի բաժինին մէջ: Անցեալ տարի որպէս օգնական ուսուցչուհի մասնակցեցայ Հայաստանի մէջ կայացած «Ուիքի ճամբար»-ին: Շատ գոհ եմ Լիբանանի մէջ կայացած ճամբարին մասնակից աշակերտներէն եւ անոնց աշխատանքէն, մանաւանդ որ իրենց աչքերուն մէջ կը տեսնենք այդ խանդը եւ փափաքը սորվելու, որպէսզի իրենք ալ բաժին ունենան այս կարեւոր աշխատանքին մէջ:
Այս ճամբարը ապագայ նախաձեռնութիւններու համար լաւ սկիզբ մըն է եւ, աշակերտներուն վկայութեամբ, իրենք կ՛ուզեն շարունակել այս գործը, որովհետեւ այս ճամբարին միջոցով իրենց լեզուն զարգացաւ, նորութիւններ սորվեցան, թարգմանական աշխատանքի մէջ ալ իրենց կարողութիւնները բարելաւուեցան, ինչպէս նաեւ արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածելու իմաստով փորձառութիւն շահեցան: Նկատի ունենալով, որ նիւթերը այլազան էին, այդ ալ օգտակար եղաւ իրենց համար:
Պէտք է ըսել, որ այս ճամբարը նաեւ առիթ մը եղաւ, որ հայ աշակերտները զարգացնեն հայերէն գրելու իրենց կարողութիւնները համացանցի վրայ եւ նաեւ անոնց ուղղագրութիւնն ալ բարելաւուեցաւ, որովհետեւ զգուշ են եւ բառարաններ կը գործածեն ճիշդ հայերէն գրելու համար: