Ո՞ւր Գացին Օրտուի 7000 Հայերը - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

20 Ağustos 2015  

Ո՞ւր Գացին Օրտուի 7000 Հայերը -

Ո՞ւր Գացին Օրտուի 7000 Հայերը Ո՞ւր Գացին Օրտուի 7000 Հայերը

Օրտուի հայկական եկեղեցին այժմ կ՚օգտագործուի իբրեւ պահեստանոց

Օրտուի հայրենակցական միութիւն…

Եթէ մէկը ըսէր ինծի` պիտի չհաւատայի: Օրտուի հայրենակցական միութի՞ւն…: Այդ ալ` Մարսէյի մէջ..: Այո՛, ապացոյցը այն պրակն է, զոր հրատարակեր է նշեալ միութիւնը, իր անդամներուն ծանօթացնելու համար հայրենակցական կազմակերպութեան Ծրագիր-կանոնագիրը:

Ո՞ւր կը գտնուի Օրտուն:

Օրտուն Սեւ ծովու ափին թրքական քաղաք մըն է: Եթէ բանանք Թուրքիոյ արդի մէկ քարտէսը, Սեւ ծովու եզերքը` Հոփայէն սկսեալ իրերայաջորդ կերպով պիտի նշմարենք Ռիզէն, Տրապիզոնը, Կիրէսունը, ՕՐՏՈՒՆ, Իւնյէն, Սամսունը, Սինոփը…:

Խոստովանիմ, որ բնաւ գաղափար չունէի Օրտուի հայութեան մասին, ո՛չ ալ օրտուցի հայու մը հանդիպեր էի ցարդ: Հանրագիտարանէն տեղեկացայ, որ Մեծ եղեռնի նախօրէին Օրտուի մէջ կը բնակէին 7000-ի չափ հայեր: Յոյներուն թիւը հայոց եռապատիկն էր, իսկ թուրքերը` կը կազմէին մեծամասնութիւնը:

Ո՞ւր գացին այդ 7000 հայերը: Դիւրին է ենթադրել, որ անոնցմէ շատեր 1915-ի սեւ օրերուն… ծովը թափուեցան ու ծովամոյն դարձան: Եթէ դիտէք Մեծ եղեռնի այն նշանաւոր քարտէսը, ուր մեծ ու փոքր կարմիր բոլորակներով նշուած են ջարդերու վայրերը` քաղաք առ քաղաք, պիտի նկատէք, որ Սեւ ծովու ափին գտնուող քաղաքներուն վրայ դէպի ծով ուղղեալ փոքրիկ նշաններ դրուած են…: Պատմութիւնը յայտնի է…:

Բայց կ՛երեւի թէ փրկուողներ եղան, ու անոնցմէ խմբակ մըն ալ Մարսէյ հասնելով` այնտեղ հիմնեց Օրտուի հայրենակցական միութիւնը:

Շաբաթներ առաջ, Օրտուի մասին կարճ լուր մըն ալ կարդացի մեր թերթերէն մէկուն մէջ: Հոն կը խօսուէր Օրտուի վերջին հայերէն մէկուն մասին: 90-ամեայ հայ ծերունի մը, վարպետ պղնձագործ, որ առ այսօր իր խանութը կը բանեցնէ եղեր Օրտուի մէջ…: Քաղաքին մէջ դեռ քանի մը հայեր կ՛ապրին եղեր…:

Փակելէ առաջ սա՛ ալ ըսեմ.- Օրտու ծնած է ֆրանսահայ գրականութեան երեւելի դէմքերէն ԶԱՐԵՀ ՈՐԲՈՒՆԻՆ (1902-1980): Ան սերնդակիցն էր Շահան Շահնուրին, Վազգէն Շուշանեանին, Հրաչ Զարդարեանին, Նիկողոս Սարաֆեանին եւ միւսներուն: Մեր գրականութեան մէջ Զ. Որբունին ունի ուրոյն տեղ մը, մանաւանդ իր «Հալածուածները» վիպաշարքով:

Օրտո՜ւ…:

Այսօր բարեկարգուած ու սիրուն տպաւորութիւն գործող քաղաք մը, ուր 7000 հայեր կ՛ապրէին դար մը առաջ…:

Լեւոն Շառոյեան





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+