Սան Մարինոյի Մէջ Պիտի Կայանայ Վեռնոյի «Մայրիկ» Վէպի Իտալերէն Թարգմանութեան Շնորհանդէսը - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

20 Ağustos 2015  

Սան Մարինոյի Մէջ Պիտի Կայանայ Վեռնոյի «Մայրիկ» Վէպի Իտալերէն Թարգմանութեան Շնորհանդէսը -

Սան Մարինոյի Մէջ Պիտի Կայանայ Վեռնոյի «Մայրիկ» Վէպի Իտալերէն Թարգմանութեան Շնորհանդէսը Սան Մարինոյի Մէջ Պիտի Կայանայ Վեռնոյի «Մայրիկ» Վէպի Իտալերէն Թարգմանութեան Շնորհանդէսը

Սան Մարինոյի մէջ պիտի կայանայ ֆրանսահայ բեմադրիչ Անրի Վեռնոյի «Մայրիկ» վէպի իտալերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը:

Գիրքի հիման վրայ նկարահանուած է նաեւ համանուն շարժանկար: Սան Մարինոյի ռատիոհեռուստատեսութեան փոխանցումով՝ շնորհանդէսը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 30-ին, մշակոյթի քարտուղարութեան եւ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ: Գիրքի իտալերէն թարգմանութիւնը 2015 թուականին ներկայացուած է նաեւ Թուրինի մէջ իրականացած Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին:

Ձեռնարկի մասին հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.

«1915 թուականին Առաջին աշխարհամարտէն սասանուած աշխարհը ցնցուեցաւ մէկ այլ սարսափելի ողբերգութենէ, որ շուրջ 2 միլիոն հայու կեանք խլեց: Ողբերգութիւնը քանի մը տարի տեւեց, եւ անոր ծաւալները, ի վերջոյ, ահասարսուռ չափերու հասան: Այդ իրադարձութիւններուն շուրջ դեռ վիճաբանութիւններ կ՝ընթանան: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին՝ Հռոմի Պապի խօսքերը Հայկական հարցը կրկին կեդրոնացուցին միջազգային ուշադրութեան: Ի հարկէ: Չէ՞ որ հարիւր հազարաւոր մարդիկ զոհուեցան, ամբողջական գիւղեր ջնջուեցան երկրի երեսէն, իսկ հրաշքով փրկուած հազարաւոր մարդիկ սկսան ապաստան փնտռել ամբողջ աշխարհի մէջ:

Մշակոյթի քարտուղարութիւնը կը շարունակէ մեծ ջանքեր գործադրել` պատմական փաստեր տարածելով Սան Մարինոյի` իբրեւ հիւրընկալութեան եւ ազատութեան հողի մասին: Անիկա ընդունած է Հռոմէն փախած Գարիբալտիին, իսկ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն` փախստականներու, որոնց «Հարիւր հազար եղբայրներ» կը կոչէին: Նոյն ուժով հարկաւոր է աշխատիլ` երիտասարդներու մէջ պատմութիւնը ուսումնասիրելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը յիշատակելու ձգտում յառաջացնելով:

«Մայրիկ» շարժանկարի սենարը, որ գրած է բեմադրիչ Անրի Վեռնոյ, նուրբ բանաստեղծութիւն է: Մարդոց կեանքին մէջ վեր կը յառնին ժողովուրդի ողբերգութեան, պատմութիւնը եւ ամբողջ ժողովուրդի մը աւանդոյթները ոչնչացնելու մասին յիշողութիւնները: Ներկայացուած ընտանիքի մը կրած սարսափներն ու յոյսերը, որ կրցած է ստորացումներով լի նոր կեանքի մէջէն անցնիլ ժպիտով ու արժանապատւութեամբ` լի սիրոյ ուժով»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+