19 Ağustos 2015
Տառապանքներու մասին, որ հայերը կրած են թուրքերէն, ոչ ոք կրնայ ըսել. «Ես այդ մասին չեմ իմացած»: Անգիտութեամբ չես քօղարկուիր, յատկապէս հիմա: Այս մասին, ըստ News.am-ի, իտալական «Notizie Radicali» պարբերականը գրած է Ֆրանսա հասած Միքայէլ Միքայէլեանի գիրքի մասին յօդուածին մէջ:
Դեռահաս տարիքին փրկուելով ջարդերէն` ան փախած է Ֆրանսա, բժշկութիւն ուսանած եւ աշխատած Եթովպիոյ մէջ: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ան միացած է Ազատ Ֆրանսայի ուժերուն: Պատերազմէն յետոյ` Շառլ տը Կոլլի ժամանակ, եղած է Մարսէյլի նաւահանգիստի գլխաւոր բժիշկը: Իտալերէն թարգմանութեան խմբագիրը Ալեսանտրօ Մոտինեանին է. Միլանէն լրագրող, որուն մայրը հայ է:
«Տառապանքներու մասին, որ հայերը կրած են թուրքերէն, ոչ ոք կրնայ ըսել. «Ես այդ մասին չեմ իմացած»: Հիմա աւելի, քան նախապէս, կարելի է աւելի շատ բան իմանալ հրեաներու, գնչուներու եւ բոլոր անոնց մասին, որոնց հետապնդած են միայն անոր համար, որ «ուրիշ» են, որ կը նշանակէ` «սխալ են»:
Չխելագարուելու համար Միքայէլեանը կը գրէ իր վերապրումները` յոյս ունենալով օր մը հրապարակել զանոնք: Ցաւօք, 1922 թուականին ձեռագիրը կ՝անհետանայ: Երկար ժամանակ Միքայէլեանը կը փափաքի կրկին գրի առնել յիշողութիւնները: Պէյրութի մէջ, իսկ յետոյ` Եթովպիոյ, ուր գործուղուած էր իբրեւ ֆրանսական բանակի բժիշկ, ան կը փորձէ վերականգնել իր կոտրուած կեանքի բեկորները: Ան գիրքը կը նուիրէ մօր յիշատակին…
Իւրաքանչիւր էջի մէջ հարկ է կանգ առնել` ջանք գործադրելու եւ ընթերցանութիւնը շարունակելու համար. փոքրիկ զարմուհիի մասին, որ կը մեռնի սովէն եւ տառապանքէն: «Անոր մարմինը կմախքի կը նմանէր: Մենք զինք հողին յանձնեցինք գետի ափի աւազներուն մէջ: Արտասուելու ուժ չունէինք: Բայց մենք կը սիրէինք զինք…»:
Տանջուած երիտասարդ կնոջ մասին պատմութիւնը, որ չ՝արտասուիր մահացած մօր համար. «ինչո՞ւ լամ, չէ՞ որ մայրս կը փրկուի թուրքերու սարսափներէն»: Խմբագիրին խօսքով` կը մնայ եզրահանգում ընել. Թուրքիան պատրաստ չէ Եւրոմիութեան անդամ դառնալ այնքան ժամանակ, քանի դեռ չի կրնար առերեսուիլ սեփական անցեալին հետ»: