18 Ağustos 2015
Հելսինքի ամառնային դպրոցի աւելի քան 50 անդամներ, թուրք մտաւորականներ, դասախօսներ, ուսանողներ, Ամերիկայի հայկական համագումարի տարածաշրջանային վերլուծաբան Ալին Օզինեանի ուղեկցութեամբ՝ Օգոստոս 15-ին այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնակ: Ըստ Yerkirmedia.am-ի՝ պատուիրակութեան անդամներուն Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը ծանօթացուց թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան։
Անոնք ծանօթացան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ բացուած «Հայկական սպորտը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրահանդէսի նիւթերուն: Հանդիպման վերջաւորութեան, Հելսինքեան համաժողովի կազմակերպիչները առանձին քննարկում ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի հետ։
Պատուիրակութեան անդամները այցելեցին նաեւ Մեծ Եղեռնի յուշահամալիրը, ուր ծաղիկներ զետեղեցին ու յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը։
Նշենք, որ 2015-ի Ապրիլէն ի վեր, թանգարան այցելած է Թուրքիոյ աւելի քան երեք հարիւր քաղաքացի: