100-Ամեակ Մուսա Լերան Հերոսամարտի - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

03 Ağustos 2015  

100-Ամեակ Մուսա Լերան Հերոսամարտի -

100-Ամեակ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակ Մուսա Լերան Հերոսամարտի. 75-Ամեակ Մուսա Լեռ-Այնճարի Հիմնադրութեան. Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակի Ձեռնարկներու Բացման Ժողովրդային Հանդիսութիւն

Երէկ` Ուրբաթ, 31 Յուլիս 2015-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի ձեռնարկներու բացման ժողովրդային հանդիսութիւնը` Նահատակ Ճապրա Խէյոյեանի յիշատակին` հովանաւորութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքներու առաջնորդներուն:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Այնճարի պատմական բերդէն, ուր 76 տարիներ առաջ ապաստան գտած էին մուսալեռցիք եւ ուրկէ սկսած էին Մուսալեռ-Այնճարի հիմնադրութեան աշխատանքներուն:

Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան Լիբանանի Հայ կաթողիկէ համայնքի Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի ներկայացուցիչ հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, նախկին նախարար Փանոս Մանճեան, Այնճարի Քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին, որմէ ետք Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինին անունով Յակոբ Այնթապլեան կատարեց ձեռնարկին բացումը:

Այնթապլեան ըսաւ, թէ Մուսա լերան յաղթանակած հերոսամարտի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները սկիզբ կ՛առնեն Այնճարի բերդէն, ուր 76 տարիներ առաջ մուսալեռցիներ կայք հաստատեցին անապատային տարածքին վրայ, ուր ապրիլը պայքար կ՛ենթադրէր եւ կեանքի գոյատեւումը հրաշքի համազօր կը թուէր ըլլալ:

Ան շարունակեց ըսելով, թէ Այնճարի հիմնադրութեան տարիներուն մուսալեռցիք ունեցան բազմահարիւր նահատակներ, որոնք զոհ գացին անօթութեան, համաճարակին եւ զանազան դժբախտութեանց, սակայն մուսալեռցին իր արիւնը եւ քրտինքը խառնեց Այնճարի հողին` կեանք տալով անոր, շինելով եւ շէնցնելով, ցանելով եւ կանաչազարդելով անոր դաշտերը, տալով անոնց գոյն, համ ու հոտ: Վերջապէս, մուսալեռցիք շունչ տուին եկեղեցիներուն, զարկ տուին դպրոցներուն եւ միութիւններուն` վերածելով Այնճարը փոքրիկ Հայաստանի:

Յակոբ Այնթապլեան կոչ ուղղեց բոլոր մուսալեռցիներուն եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու եւ հետեւելու Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Մուսա լեռ- Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի ձեռնարկներուն եւ տօնակատարութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 31 յուլիսէն մինչեւ 13 սեպտեմբեր, որմէ ետք Հայաստանի մէջ պիտի համախմբուին աշխարհի բոլոր կողմերէն մուսալեռցի-այնճարցիներ` հայրենիքի մէջ տօնակատարելու համար Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակը:

Բացման խօսքէն ետք Մուսա լեռ ծնած տարեցներ 18 ճերմակ աղաւնիներ արձակեցին` Մուսա լերան 18 նահատակներուն յիշատակին եւ գայլիկ-արծուիկներ Եռագոյն փուչիկներ արձակեցին :

Այնուհետեւ բազմութիւնը ուղղուեցաւ Մուսա լերան յուշարձան-համալիր` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին:

Յուշարձան-համալիրի կողքին ձեռնարկը հանդիսավարեցին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամներ Նանօր Սթամպուլեան եւ Յովիկ Ադամեան: Անոնք բեմ հրաւիրեցին Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» վարժարանի աշակերտները, որոնք հանդէս եկան ազգագրական պարով մը:

Ապա Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան փոխանցեց իր սրտին խօսքը: Ան ըսաւ, թէ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութիւններուն հիմնական նպատակներէն մէկն է յիշել պատմութիւնը, ներշնչուիլ այդ պատմութենէն եւ կամրջել անցեալին հետ, որպէսզի ատիկա կենդանի մնայ ներկայ երիտասարդ սերունդին խղճին, մտքին եւ յիշողութեան մէջ:

Վեր. Մսըրլեան աւելցուց, որ Մուսա լերան ժողովուրդը պայքարեցաւ բոլոր դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն դէմ` իր վճռակամութեամբ, աշխատանքով, աշխատասիրութեամբ եւ վերականգնելու տեսիլքով: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ Մուսա լերան ժողովուրդը իր յարութիւնը ապրեցաւ Այնճարի մէջ, իր տուած նահատակներուն արեան գնով եւ նախահայրերուն թափած քրտինքով:

Ապա ազգային երգով հանդէս եկաւ Պետրոս Գառնէշեան, որմէ ետք Սարգիս Այնթապլեան ասմունքեց Մուսա լերան բարբառով իր հեղինակութեամբ կտոր մը:

Սեւան Հաճեան-Մեթլեան ներկայացուց Մուսա լերան բարբառով 3 երգեր:

Հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան արտասանեց Լիբանանի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի խօսքը: Ան ըսաւ. «Մեր նահատակներուն արիւնը մեր սերմն է, մեր ոգին եւ մեր կեանքը: Այնքան ատեն մենք ունինք կորով պայքարելու եւ նահատակուելու, մեր ազգին վիճակը ապահով է: Նոյնպէս այնճարցիներուն զոհաբերութիւնը ապահովագիրն է Մուսա լեռ- Այնճարի ներկային եւ ապագային»:

Ան շարունակեց ըսելով, թէ հայ ժողովուրդին կը մնայ սիրել, աղօթել, զոհաբերել եւ աշխատիլ, որովհետեւ իր ժողովուրդը սրբացնել ուզող հայորդին պէտք է տառապի իր ազգին եւ իր ազգակիցին համար:

Այնուհետեւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին տարբեր հեղինակներէ ասմունքներու փունջ մը:

Ապա գրող Յակոբ Փամպուքեան կարդաց իր գրքէն «Եէյբըր թը կընու» հատուածը, որմէ ետք ելոյթ ունեցան Այնճարի Սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները:

Ձեռնարկի աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց. Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան շնորհաւորեց եւ գնահատեց մուսալեռցիները իրենց մղած մարտնչումին համար` Մուսա լերան հերոսամարտին ընթացքին, որ մաս կը կազմէ հայոց դարաւոր գոյամարտին:

Ան ըսաւ, թէ մուսալեռցիք իրենց արեան հեղումով հաստատեցին, որ իրենք ապրելու իրաւունք ունին եւ իրենց սեփական բազուկներուվ Այնճարը վերածեցին դրախտանման վայրի մը, որպէսզի հոն ապրին իրենց նախնիներուն հոգիով ու հաւատքով` քաջ գիտնալով, որ հայրենիքը չի կորսուիր, այնքան ատեն որ անոր սեփականատէրը չի մոռնար իր հայրենի բնօրրանը եւ իր նախնիները եւ կը շարունակէ ապրիլ եւ մաքարիլ ի խնդիր գոյութեան եւ իր ժողովուրդի յաւերժական երթին:

Ան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց բոլոր հայերուն պայքարելու հայ ժողովուրդին սպառնացող բոլոր վտանգներուն դէմ որպէսզի Մուսա լերան հերոսամարտը ոգեւորէ եւ նորոգէ հայերը` գալիք բոլոր ժամանակներուն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+