ՏԱՀԵՇ-ի Ահաբեկիչներու Դէմ Պայքարելու Փոխարէն` Էրտողանը Իր Անձնական Շահերը Կը Հետապնդէ - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

03 Ağustos 2015  

ՏԱՀԵՇ-ի Ահաբեկիչներու Դէմ Պայքարելու Փոխարէն` Էրտողանը Իր Անձնական Շահերը Կը Հետապնդէ -

ՏԱՀԵՇ-ի Ահաբեկիչներու Դէմ Պայքարելու Փոխարէն` Էրտողանը Իր Անձնական Շահերը Կը Հետապնդէ ՏԱՀԵՇ-ի Ահաբեկիչներու Դէմ Պայքարելու Փոխարէն` Էրտողանը Իր Անձնական Շահերը Կը Հետապնդէ

Միայն անցեալ ամիս իր կուսակցութեան խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կորցնելէ ետք նախագահ Էրտողանը գիտակցեցաւ, որ հարեւան Սուրիոյ մէջ կան վտանգաւոր ահաբեկիչներ, որոնք կը սպառնան Թուրքիոյ անվտանգութեան:

Զարմանալիօրէն ասոնք այն նոյն ահաբեկիչներն են, որոնց Անգարան շատոնց զինած եւ աջակցած է Սուրիա ներթափանցելու համար եւ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած` թրքական հիւանդանոցներուն մէջ: Ըստ գնահատականներու, վերջին տարիներուն 25 հազար օտար եւ հազար թուրք ժիհատականներ անցած են Թուրքիոյ սահմանը` փորձելով տապալել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը:

Օգտագործելով նախորդ շաբաթ թուրք զինուորի մը սպանութիւնը` Սուրիոյ կողմէ արձակուած կրակոցէն, Էրտողանը հրամայեց ցամաքային եւ օդային ռմբակոծումներ կատարել հիւսիսային Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ մէջ ձերբակալել աւելի քան հազար անձեր, որոնք կասկածելի են` իբրեւ քիւրտ զինեալներ, ձախակողմեան գրոհայիններ եւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմնակիցներ:

Քանի մը տարուան դժկամութենէն ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը յուլիս 24-ին վերջապէս յայտարարեց, որ կ՛արտօնէ Միացեալ Նահանգներուն` օգտագործել իր ռազմական օդակայանները` Սուրիոյ մէջ ժիհատական խմբաւորումներու վրայ յարձակելու համար:

ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներու դէմ պայքարելու կամ Միացեալ Նահանգներու հետ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ռազմական գործողութիւններու մէջ համագործակցելու փոխարէն` Էրտողանի իրական մտադրութիւնն է ամրապնդել իր սեփական իշխանութիւնը` հասնելու հետեւեալ շահադիտական նպատակներուն.

1. Թուրքիոյ նախագահը կը գիտակցի, որ եթէ իր իշխող կուսակցութիւնը չյաջողի ձեւաւորել միատարր կառավարութիւն, ուրեմն պարտաւոր է խորհրդարանական ընտրութիւններու նոր փուլ անցընել: Հետեւաբար, խիստ գործողութիւններ ձեռնարկելով ՏԱՀԵՇ-ի եւ քիւրտ զինեալներու դէմ, Էրտողանը յոյս ունի, որ թուրք ընտրողները լրացուցիչ քուէներ պիտի տան իր կուսակցութեան, որոնք անհրաժեշտ են խորհրդարանական մեծամասնութեան վերականգնման համար:

2. Միւս կարեւոր նպատակը, որուն համար Թուրքիա կը ռմբակոծէ հիւսիսային Սուրիան եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ռազմակայանները Իրաքի մէջ, ինչպէս նաեւ կը ձերբակալէ հարիւրաւոր քիւրտ զինեալներ Թուրքիոյ մէջ, ոչ թէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարիլն է, այլ` Սուրիոյ, Իրաքի եւ Թուրքիոյ քիւրտերու միաւորման խափանումը, որոնք կը փափաքին ստեղծել անկախ Քիւրտիստան:

3. Ռազմական գործողութիւններ իրականացնելով Սուրիոյ մէջ` Էրտողանը յոյս ունի յաջողցնել Սուրիոյ կառավարութեան տապալման եւ խամաճիկ վարչաձեւի հաստատման իր վաղեմի երազանքը, ատով իսկ ընդլայնելով իր` իբրեւ նորօսմանեան սուլթանի անձնական իշխանութիւնը:

4. Վերջապէս, յանդուգն յայտարարութիւններ ընելով ՏԱՀԵՇ-ի դէմ եւ թոյլ տալով ամերիկացիներուն օգտագործելու Ինճիրլիքի ռազմակայանը` Թուրքիա մտադիր է համոզել Միացեալ Նահանգներն ու արեւմտեան Եւրոպան, որ ինք ՕԹԱՆ-ի վստահելի դաշնակից է եւ հաւատարիմ գործընկեր` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ: Նման դրական կերպարի ստեղծումը յատկապէս կարեւոր է այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մեծ տէրութիւնները աւարտած են հիւլէական ծրագիրի շուրջ Իրանի հետ համաձայնութիւնը, որ կրնայ բարձրացնել վերջինիս դերակատարութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ նուազեցնել Թուրքիոյ դերակատարութիւնը:

Հետամուտ ըլլալով այս չորս նպատակներուն` Էրտողանը վտանգի կ՛ենթարկէ Թուրքիոյ եւ դրացի պետութիւններուն կայունութիւնը`

1. Յարձակելով ՏԱՀԵՇ-ի թիրախներուն վրայ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ` իբրեւ պատասխան սպաննուած թուրք զինուորի, Անգարա կը խզէ իր գաղտնի փոխըմբռնումը ՏԱՀԵՇ-ի հետ` խուսափելու փոխադարձ յարձակումներէն: Այժմ ՏԱՀԵՇ-ը ստիպուած է պատասխան հարուած տալ: Անցեալ շաբաթ ինքնասպան ահաբեկիչի յարձակումը թրքական Սուրուժ քաղաքին մէջ, երբ սպաննուեցաւ 32 եւ վիրաւորուեցաւ 100-է աւելի մարդ, թերեւս ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական գործողութեան նախերգանքն է ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին:

2. Անցեալ շաբաթ Թուրքիան խախտեց զինադադարի համաձայնագիրը, որ ստորագրած էր Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ 2013 թուականին` ռմբակոծելով վերջիններիս ռազմակայանները հիւսիսային Իրաքի մէջ եւ ձերբակալելով հարիւրաւոր քիւրտ զինեալներ Թուրքիոյ մէջ: ՔԱԿ արդէն պատասխանած է` սպաննելով քանի մը թուրք ոստիկան եւ խոստանալով աւելի մեծ արիւնահեղութիւն: Բացի այդ, յարձակելով քիւրտերու վրայ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, Թուրքիա պիտի տկարացնէ այն միակ ուժը, որ յաջողութեամբ կը պայքարէր ՏԱՀԵՇ-ի դէմ: Քանի որ Միացեալ Նահանգները քիւրտ զինեալները կը դիտարկեն իբրեւ զիրենք փոխարինող ցամաքային ուժեր, ուստի թրքական յարձակումները քիւրտերու դէմ պիտի խոչընդոտեն Միացեալ Նահանգներու ռազմական նպատակներու իրագործումը` տարածաշրջանին մէջ:

3. Եթէ Էրտողան ներխուժէ հիւսիսային Սուրիա «անվտանգութեան գօտի» ստեղծելու պատրուակով, թրքական զօրքերը, ամենայն հաւանականութեամբ, շատ մեծ կորուստներ պիտի ունենան կռուելով ոչ միայն սուրիական բանակին, այլեւ քիւրտ զինեալներու եւ տասնեակ մը ժիհատական խմբաւորումներու դէմ: Թուրքիա կրնայ բախիլ նաեւ Իրանի զօրքերուն, որոնք օգնութեան պիտի հասնին իրենց սուրիական դաշնակիցին եւ լիբանանեան Հըզպալլա կուսակցութեան զինեալներուն, որոնք կը սատարեն Ասատի վարչակարգին:

Թուրքիոյ նախագահի ինքնանպատակ կեղծ պատերազմը ահաբեկիչներու դէմ կրնայ ողբերգական հետեւանքներ ունենալ` բռնութիւններու աճ արձանագրելով ամբողջ Թուրքիոյ եւ դրացի երկիրներու մէջ: Եթէ Անգարա իրօք շահագրգռուած է ժիհատականներու դէմ պայքարով, ուստի ան շատոնց պէտք էր ընէր ատիկա` ՏԱՀԵՇ-ն ու ահաբեկչական այլ խմբաւորումները զինելու եւ սադրելու փոխարէն: Թուրք ղեկավարները կը հնձեն այն, ինչ ցանած են: Անոնք կրնան մեղադրել միայն իրենք զիրենք…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց` «Եռագոյն» կայքը






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+