Սաքըք Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Կը Յայտարարէ. «Ձեր Անցեալի Պատմութիւնը Ջարդերու Եւ Սպանդներու Պատմութիւն Է» - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

08 Ocak 2013  

Սաքըք Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Կը Յայտարարէ. «Ձեր Անցեալի Պատմութիւնը Ջարդերու Եւ Սպանդներու Պատմութիւն Է» -

Սաքըք Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Կը Յայտարարէ. «Ձեր Անցեալի Պատմութիւնը Ջարդերու Եւ Սպանդներու Պատմութիւն Է» Սաքըք Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Կը Յայտարարէ. «Ձեր Անցեալի Պատմութիւնը Ջարդերու Եւ Սպանդներու Պատմութիւն Է»

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի օր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ընդհանուր նիստի ընթացքին փոթորիկ յառաջացած է, երբ Մուշէն քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխան Սըրրը Սաքըք, իր խօսքը Թուրքիոյ անցեալի պատմութիւնը պաշտպանողներուն ուղղելով յայտարարած է. «Ձեր անցեալի պատմութիւնը ջարդերու ու սպանդներու պատմութիւն մըն է»:

Ան այս արտայայտութիւնը ունեցած է, երբ խորհրդարանին մէջ օրակարգի վրայ բերուած է ատելութեան յանցագործութիւններու տարածումը քննարկելու առաջարկ մը: Սաքըք ըսած է, որ Թուրքիոյ արեւմտեան քաղաքներուն եւ գաւառներուն մէջ կը շարունակուին քիւրտերու դէմ յարձակումները, իսկ արեւելեան նահանգներու մէջ, ինչպէս Մուշ, Տիգրանակերտ, Շըրնաք կամ Պաթման` կարելի չէ ըսել որ կ՛անարգուին տարբեր ծագում ունեցող հայրենակիցները` աւելցնելով, որ «եթէ այս քաղաքականութիւնը շարունակուի, մենք չե՛նք, որ հետեւանքներուն պատասխանատու պիտի ըլլանք, այլ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ»:

Պատասխանելով Սաքըքին` Թուրքիոյ Ազգային շարժում կուսացութեան Կեսարիոյ երեսփոխան տխրահռչակ Եուսուֆ Հալաճօղլու ըսած է, որ իրենք կատարելապէս դէմ են մարդոց միջեւ անոնց կրօնին, ցեղին, դաւանանքին կամ գոյնին համաձայն զատորոշում կատարելու: «Թէ՛ այս երկրին մէջ պիտի ապրիք ու այս երկրի մարդոց դէմ յարձակումներ պիտի գործէք, պիտի անարգէք անոնց իրաւունքները, թէ՛ պիտի հարցնէք, թէ ինչո՞ւ կը պատահին այսպիսի արարքներ: Երբ մենք համալսարանը կ՛ուսանէինք, ոչ մէկը կը հարցնէր, թէ ո՛վ քիւրտ է, ո՛վ թուրք է, ասիկա ոչ մէկուն հոգը չէր, իսկ հիմա եթէ դուք շարունակ քիւրտ ըսէք, ոմանք ալ ձեր դիմաց կ՛ելլեն ու թուրք կ՛ըսեն», ըսած է Հալաճօղլու:

Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճումի երեսփոխանական պլոքի փոխնախագահ Նուրէտտին Ճանիքլիէ իր կարգին ըսած է, որ «այս ազգին պատմութիւնը, ուրկէ ալ նայուի, անօրինակ պատմութիւն մըն է, այս ազգին պատմութեան մէջ սպանդ, ցեղասպանութիւն, ձուլում չկայ»: Ան աւելցուց, որ բուն սպանդը կատարուած է ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ, որ երեսուն տարիէ ի վեր սպանդ կ՛իրագործէ առանց խտրութիւն դնելու մանուկի կամ կիներու միջեւ: Սպանդի յանցագործութիւնը պէտք է փնտռել ահաբեկիչներուն եւ զանոնք պաշտպանողներուն մօտ: Ո՛չ մէկուն հասակը կը բաւէ այս ազգին դէմ խօսելու, մանաւանդ հասակը ձեզի պէսերուն, որոնք 30 տարիէ ի վեր սպանդ գործող կազմակերպութիւնը կը պաշտպանեն:

Ազգային շարժում խմբակի փոխնախագահներէն Օքթայ Վուրալ ըսած է, որ Սաքըք խորհրդարանի ամպիոնին վրայ իսկ ատելութեան յանձնագործութիւն գործեց եւ հիմա ի՜նչ հակասութիւն է, որ ան կը խօսի ատելութեան յանցագործութեան մասին:

Հալաճօղլու անգամ մը եւս խօսք առնելով ըսած է, որ «չկայ ուրիշ պատմութիւն մը, որ այնքան մաքուր ըլլայ, որքան թուրքերուն պատմութիւնը, տարբեր կերպ կրնան մտածել միայն անոնք, որոնք պատմութիւն չունին»` աւելցնելով, որ «ո՞վ ջարդեց հայերը: Որո՞նք են առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ռուսերուն հետ գործակցած քրտական ցեղախումբերը, ինչպէ՞ս պիտի բացատրէք այն ժողովը, որ 1935-ին միասնաբար գումարեցին քիւրտերն ու հայերը»:

Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը քիւրտերուն ուսերուն բեռցնող այս խօսքէն ետք, Սաքըք պատասխանելու իր իրաւունքէն օգտուելով ըսած է. «Եկէք երթանք մինչեւ Տերսիմ, Աղրը, Ուլուտերէ եւ այն ատեն կը տեսնէք, թէ ո՛վ սպանդ իրագործած է: Այս պատերազմը մեր ընտրութիւնը չէ, ասիկա ձեր ժխտումին ու ուրացումին դէմ քիւրտ զաւակներուն արժանապատիւ կեցուածքն է: Եթէ տեղ մը ուրացում ու ժխտում կայ, անոր դէմ կեցուածք ալ կը ստեղծուի: Դուք բոլորդ ալ մէկ բռունցք կը դառնաք, երբ քիւրտերուն մասին խօսք ըլլայ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+