25 Mart 2012
Այսօր Լոս Անճելըսի մէջ համերգով ելոյթ պիտի ունենայ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը, այս առիթով մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթի մէջ հրապարակուած Նանէ Աւագեանի Սիպիլի հետ կատարած զրոյցը՝ արեւմտահայերէնի վերածուած։
«Երազիս մէջ այրում էիր,
Նամակներս քեզ գրած,
Ա՜խ, նրանց մէջ՝ թէ բանայիր՝
Իմ սիրտը կա՛ր, իմ սիրած…»
Յովհաննէս Շիրազի «Նամակ» բանաստեղծութեան հիման վրայ գրուած համանուն երգը Սիպիլի կատարմամբ անցեալ տարի Թուրքիոյ եւ համաշխարհային մամուլի գլխագաւոր նիւթն էր: Պոլսահայ երգչուհիի հայալեզու երգը աննախադէպ ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ թուրք հասարակութեան կողմէ, ինչը պատահական չէր, քանզի երիտասարդ հայուհիի ջերմ ու թովիչ ձայնը, կանացի իւրատեսակ քնքշութեամբ կատարումը, որ կը թափանցէ հոգիի բոլոր անկիւնները, անտարբեր չէր կրնար մատնել նաեւ ամենախիստ՝ թուրք քննադատները: Առաջին անգամ Թուրքիոյ հանրային եւ այլ հեռուստաալիքներով եթեր հեռարձակուեցաւ հայերէն լեզուով տեսահոլովակ, որ յայտնուեցաւ նաեւ երկրի երաժշտական լաւագոյն տասնեակի մէջ:
«Ինծի համար ամենակարեւորը ժողովուրդի արձագանգն էր: Կը փափաքէի, ինքնութիւնս, մայրենի լեզուս իմ երգովս ներկայացնել թուրքերուն: Երազանքս իրականացաւ՝ երգը ոչ միայն ընդունուեցաւ, նաեւ սիրելի դարձաւ: Բոլորը ինծի կ’ըսէին, ինչ գեղեցիկ լեզու է, ինչ հաճելի երաժշտութիւն»:
Թուրքիոյ երիտասարդներու շրջանակէն ներս երգը դարձաւ հիթային, Սիպիլի ձայնը կը հնչէր իւրաքանչիւր վաճառատունէ, երգչուհիի մասին գրեցին երկրի ճանչուած լրատուամիջոցները: «Նամակ» տեսահոլովակի նկարահանման ընթացքին ստեղծագործական ողջ խումբի անդամները հայերէն կը կրկնէին երգի բառերը», կը պատմէ Սիպիլ, որ իր կատարմամբ նաեւ կոտրեց Թուրքիոյ մէջ առկայ կարծրատիպեր:
Թուրքիոյ պետական «ԹՐԹ» հեռուստաալիքի «Երազային Երգեր» յայտնի հաղորդման ընթացքին Սիպիլի մասնակցութիւնը, միաժամանակ պատմական կարելի է համարել: Երիտասարդ հայուհին ուղիղ եթերով, ճանչուած թուրք երաժիշտներու նուագակցութեամբ, ներկայացուց հայու համար նուիրական՝ «Կիլիկիա», «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ», նաեւ՝ «Տէր Ողորմեա» երգերը՝ կատարման իրեն բնորոշ նրբութեամբ մեր ազգի կարօտի ու վշտի երգերը ներկայացնելով միլիոնաւոր թուրք հեռուստադիտողներու:
«Իւրաքանչիւր երգէ առաջ նաեւ երգի բառերը թրքերէն կը թարգմանէի ու կը ներկայացնէի երգի իմաստը: Այդ բոլորը անհաւատալի կը թուէր», կը պատմէ Սիպիլը:
Այսօր Սիպիլի հայալեզու ձայնասկաւառակը կը վաճառուի Թուրքիոյ երաժշտական բոլոր վաճառակէտերու մէջ եւ մեծ պահանջք ունի ոչ միայն հայերու, նաեւ՝ թուրքերու եւ օտարերկրացիներու կողմէ:
Հայկական եկեղեցի այցերու ժամանակ հոգեւոր երաժշտութիւնն էր, որ մանուկ հասակին Սիպիլի մօտ սէր արթնցուցած էր դէպի արուեստի այս ժանրը: Ու թէեւ Սիպիլը երաժշտական կրթութիւն չստացաւ, իսկ յետագային աշխատանքի անցաւ տնտեսագէտի իր մասնագիտութեամբ, երբեք չհեռացաւ երաժշտութենէն: Հաւատարիմ մնալով երգարուեստի նկատմամբ իր նախասիրութեան, Սիպիլը 1991 թուականէն հանդէս կու գայ Պոլսի «Սուրբ Վարդանանց» երգչախմբի մէջ: Անոր երաժշտական յետագայ ուղին կը նախանշուի պոլսահայ յայտնի երգահան Մաժակ Թոշիկեանի հետ հանդիպումէն ետք:
«Երգելու եւ իմ ձայնասկաւառակս ունենալու մասին երբեք չեմ դադրիր մտածել, նոյնիսկ աշխատանքիս ժամերուն: Շիրազի բանաստեղծութիւնը, որ առաջին պահէն սիրելի էր ինծի, կը պահէի դարակիս մէջ եւ կը հաւատայի, որ պիտի գայ պահ մը: Մաժակ Թոշիկեանի հետ հանդիպումը շրջադարձային էր ինծի համար: Անոր խնդրեցի մեղեդի գրել բանաստեղծութեան հիման վրայ, որ իմ երգս պիտի դառնար: Երեք օր անց ստեղծուեցաւ «Նամակ»ը, այնուհետեւ ձայնագրեցինք «Կիլիկիա»ն եւ հայկական մի քանի այլ երգեր ու թողարկուեցաւ իմ առաջին՝ «Սիպիլ» ձայնասկաւառակս», կը պատմէ երգչուհին: Այն անսպասելի աննախադէպ յաջողութիւն կ’ունենայ: Տաղանդաւոր հայուհիի մասին կը գրեն նաեւ համաշխարհային լրատուամիջոցները, իսկ ամենաբաղձալին երգչուհին կը համարէ Հայաստան հրաւէրը:
«Առաջին անգամ հայրենիքի մէջ եղած էի տասը տարի առաջ եւ առիթ ունեցած էի մասնակցելու համահայկական խաղերուն: Այդ ժամանակ շատ յուզուած էի, երբ հայրենի հողի մէջ համախմբուած տեսայ աշխարհի տարբեր կողմերէն ժամանած հայեր: Այդ պահուն երազեցի, որ օր մը երգեմ իմ բոլոր հայրենակիցներուս համար: Տասը տարի անց, 2011 թուականին հրաւէր ստացայ Հայաստանէն՝ երգելու համահայկական խաղերու ժամանակ: Անիկա հրաշք էր եւ հայրենիքի մէջ գտնուելուս իւրաքանչիւր օրը շնորհակալութիւն յայտնած եմ Աստուծոյ», յուզուած կը նշում է Սիպիլ:
«Եթէ հաւատաս, գործդ ընես անկեղծութեամբ ու սիրով՝ իւրաքանչիւր երազանք կ’իրականայ», կը հաւաստիացնէ նաեւ ազգայինը կրող հայուհին: Սիպիլի կատարումը ջինջ է, հոգիէ բխող ու լի սիրով, որ փոխադարձ է: Ունկնդիրը կը զգայ եւ կը գնահատէ եւ այս առումով յատկանշական է, որ Սիպիլը յաղթող ճանչուած է Մոսկուայի մէջ ամէն տարի իրականացուող «Արմէնիա» հեղիանակաւոր մրցոյթին, «Կախարդական ձայն» անուանակարգի մէջ: Այս յաղթանակը ան ստացած է հանդիսատեսի շրջանակէն ներս իրականացուած հարցումներու արդիւնքով՝ ստանալով 13 հազար ընտրողներէն 9.400 ձայն: Ապրիլ 7ին Սիպիլ իր մրցանակը կը ստանայ՝ մասնակցելով 7րդ ամենամեայ արարողութեան:
«Չափազանզ յուզուած եմ եւ ուրախ նման պարգեւի համար, զոր արժանացայ հայ հանդիսատեսի կողմէ: Սա նաեւ մեծ խթան է ինծի համար», կը նշէ Սիպիլը: Մինչ Ռուսաստան մեկնիլը, Սիպիլը Պոլսահայ համայնքի հրաւէրով համերգներով հանդէս կու գայ Լոս Անճելըսի մէջ՝ Մարտ 24ին եւ Մարտ 31ին՝ Նիւ Եորքի մէջ: Երգչուհին այնուհետեւ կը մեկնի հայրենիք՝ մասնակցելու հայաստանեան երգիչներու հետ զուգերգով հանդէս գալով նախագիծին:
«Երաժշտութիւնը սէր է ինծի համար: Սէրը իմ կեանքիս մէջ ամենաթանկ բանն է՝ ես սիրով կ’աշխատիմ եւ անոր արդիւնքով շրջապատուած եմ սիրով եւ սա է ամենամեծ երջանկութիւնը», կեանքի իր նշանաբանը կը ներկայացնէ երգչուհին:
Սիպիլի կատարումներուն ծանօթ էի տարբեր կայքերէ: Անոր հետ հանդիպումս հաստատեց այն լուսաւոր ու անկեղծ զգացումը, որ ստացած էի առաջին անգամ լսելով զինք: Սակայն եւս մէկ զգացողութիւն ունեցայ. իմ առջեւ չափազանց մեղմ ու գեղեցիկ հայ կին էր, որուն յիրաւի կարելի է մեր օրերու հերոսներէն համարել, որ իր արուեստի միջոցով, խիզախաբար թուրք հասարակութեան կը ներկայացնէ հայը, իր արժէքներն ու ցաւը, նաեւ՝ պահանջները:
«Երբ երգերս կը լսեմ Պոլիսի գլխաւոր փողոցներու մէջ, կը յուզուիմ եւ կ’արտասուիմ: Ամէն ինչ պիտի ընեմ, որ այս հողերու մէջ միշտ լսուի հայ երգը», կը նշէ Սիպիլ, որ ծրագրած է առաջիկային երգել Անիի մէջ:
http://www.tert.am/hy/news/2012/03/24/sibil-concert-usa/