30 Kasım 2011
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Անգարան տնտեսական պատժամիջոցներ սահմանած է Սուրիոյ նկատմամբ:
Ինչպէս կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովըսթի» գործակալութիւնը, այդ պատժամիջոցները կը նախատեսեն սառեցնել Սուրիոյ հետ ռազմավարական համագործակցութիւնը, արգելք կը դնեն յանցանք գործած սուրիացի պաշտօնատարներու եւ գործարարներու` Թուրքիա մուտք գործելուն, կը սառեցնեն յարաբերութիւնները Սուրիոյ Կեդրոնական դրամատան հետ, կը սառեցնեն նախագահ Պաշշար ալ Ասատի վարչակարգի եւ կառավարութեան դրամական հաշիւները:
http://tert.am/hy/news/2011/11/30/turkey-syria/