​Տօքթ. Մարտիրոս Ենիեորկանի Փառաշուք Յուղարկաւորութիւնը - Հայերէն
21 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Գրգոռ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

04 Aralık 2024  

​Տօքթ. Մարտիրոս Ենիեորկանի Փառաշուք Յուղարկաւորութիւնը -

​Տօքթ. Մարտիրոս Ենիեորկանի Փառաշուք Յուղարկաւորութիւնը ​Տօքթ. Մարտիրոս Ենիեորկանի Փառաշուք Յուղարկաւորութիւնը

Երէկ, կէսօրուայ ժամերուն, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին կը յորդէր խուռներամ բազմութեամբ մը։ Համայնքային շրջանակներէն մեծաթիւ գործիչներ, Ենիեորկան ընտանիքի բարեկամներ եւ ընկերներ հոն հաւաքուած էին բաժնելու համար Օր. Լենա Ենիեորկանի, Տէր եւ Տիկին Արան-Լենա Ենիեորկանի ու Ենիեորկան ընտանիքի հարազատներու վիշտը, հրաժեշտ տալու Տօքթ. Մարտիրոս Ենիեորկանին, որ իր մահկանացուն կնքած էր պատկառելի տարիքին մէջ։ Տրուած ըլլալով որ հանգուցեալի երկու զաւակներն ալ համայնքային գործունէութիւն կը տանին, բնական է որ բոլոր թաղերէն ներկայացուցիչներ եկած էին մասնակցելու յուղարկաւորութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ եկեղեցական դասու գրեթէ բոլոր անդամները եւս հոն էին իրենց պարտականութիւնը կատարելու համար։ Սգակիրներու դասուն մէջ էին նաեւ Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութիւն կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան եւ կաթողիկէ համայնքէն՝ Յակովբոս Ծ. Վարդապետ։

Հանգուցեալի դագաղին շուրջ կերոնակիր կանգնած էին Տօքթ. Արմենակ Մեծատուրեան, Սարգիս Չաւուշեան, Մկրտիչ Արծիւեան, Մկրտիչ Սէրթշիմշէք, Տօքթ. Մագսուտ Ահպապ եւ Սարօ Պէնկլեան։ Յուղարկաւորութեան կարգը կատարեց Պէյօղլուի եկեղեցեաց քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Կուռ դամբանական մը խօսեցաւ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ Աւետարանական պատգամներէ մեկնելով ծանրացաւ ծառայասիրութեան ու նուիրումի գաղափարներու վրայ։ Նշեց որ առանց աշխատանքի վարձահատուցում չկայ, առանց ծառայասիրութեան Աստուած ալ չի՛ վարձատրեր։ «2024ը կը մօտենայ իր աւարտին։ Այս տարի բաւական մեծ կորուստներ ունեցանք։ Ցաւ է մեզի համար։ Եւ ահաւասիկ համայնքին ծառայող սպասաւոր մը, «մարգարիտ» մը եւս կը յուղարկաւորենք այսօր։ Տօքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան իր կեանքը նուիրեց այս համայնքին», ըսաւ Արամ Սրբազան, ընդգծելով որ դիւրին չէ այսպիսի ծառայասէր մարդիկ գտնել մեր միջեւ։

Շեշտելով որ հանգուցեալը իր ուսումը ստացած էր հայկական վարժարաններու մէջ, Արամ Արքեպիսկոպոս դիտել տուաւ որ համալսարանական ուսումը ստանալէ եւ որպէս բժիշկ վկայուելէ ետք եւս, Տօքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան մի՛շտ համայնքէն ներս աշխատած էր։ Եղած էր Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Բժշկապետ, յետոյ՝ Հոգաբարձութեան անդամ, յետոյ՝ վարչային գործիչ։

«Կապուած էր Կեդրոնականին եւ Կեդրոնական Սանուց Միութեան հիմնադիրներէն մէկը եղած էր, կապուած էր Գարակէօզեան տան եւ ծառայած էր որպէս խնամակալ, կապուած էր Կազդուրման Կայանին, աշխատած էր Ուսուցչաց Հիմնարկի մէջ, Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ հայ համայնքը ներկայացուցած էր ազգային-եկեղեցական ժողովներու ընթացքին եւ տակաւին շատ ու շատ այլ գործեր, զորս չենք կրնար յիշատակել։ Ահաւասիկ Աստուծոյ սպասաւոր մը, երէց սերունդի անդամ մը, որու կեանքը լիուլի անցաւ բազմաբեղուն գործունէութեամբ։ Իր ողբացեալ կնոջ՝ Մելինէին հետ միասին մասնակցեցաւ համայնքային գրեթէ բոլոր ձեռնարկներուն», դիտել տուաւ Արամ Արք. Աթէշեան, շեշտելով որ ողբացեալը հեզ եւ խոնարհ նկարագրի տէր գործիչ մըն էր։ Մենք այսպիսի անդամներ կը փնտռենք մեր միջեւ, համայնքին ծառայելը դիւրին չէ, մեր հաստատութիւնները ոտքի կը մնան այսպիսի անձերու շնորհիւ, ընդգծեց Սրբազանը, ցաւակցութիւն յայտնելով ողբացեալի զաւակներուն եւ բոլոր հարազատներուն։

Յուղարկաւորութենէն ետք, գերեզմանատան ճամբու վրայ, մեռելակառքը, ըստ հանգուցեալի կտակին, անցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի դռնէն, ուր Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ՝ վարչութեան, բժշկական դասու, բոյժ քոյրերու, հիւանդապահներու եւ աշխատողներու ներկայացուցիչներ դիմաւորեցին եւ իրենց յարգանքի տուրք մատուցին։

Այսպէս, նորոգ հանգուցեալ Տօքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան դարձաւ յաւերժութեան ճամբորդ։ Սգակիրները աղօթակցութեամբ բարոյական զօրակցութեան առարկայ դարձուցին հանգուցեալի զաւակներն ու ազգականները։

Հոգելոյս բժիշկի մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլը գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։






Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+