Աղօթքը նախատեսուած է Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարանի պատկան Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի 10 Նոյեմբեր 2024ի կէսօրէն ետքը ժամը 5ին
2020 թ. Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն Արցախի Հանրապետութեան դէմ իրականացուած ռազմական յարձակումը, որուն յաջորդեց 2023 թ. Սեպտեմբերին սկսած Լաչինի միջանցքի տասնամեայ շրջափակումը, շուրջ 120,000 հայերու իրենց հայրենի հողերէն հարկադիր տեղահանումը, ինչպէս նաեւ հայկական շինութիւններու, կրօնական եւ պատմամշակութային յուշարձաններու ծրագրուած ոչնչացումն ու Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան անօրինական գերեվարումը՝ կը շարունակէ խոր մտահոգութիւն առաջացնել։
11-22 Նոյեմբեր 2024 թ. Պաքուի մէջ կայանալիք COP29 միջազգային համաժողովի նախօրէին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) կոչով հանդէս եկաւ «բոլոր բարի կամքի տէր մարդոց» միանալ Հայաստանին նուիրուած աղօթքի օրուան, որ համայն աշխարհի մէջ հայ եւ այլ համայնքներու կողմէ պիտի նշուի յատուկ աղօթքով՝ նուիրուած Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար ներկայիս պահուող հայ գերիներուն:
Նոյեմբերի 10-ին, Պաքուի մէջ նախատեսուած կլիմայական բանակցութիւններու (COP29) բացման նախօրէին, Հռոմի մէջ եւս պիտի կազմակերպուի համամիութենական աղօթք, որ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ` ժամը 17:00-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանի եւ Սուրբ Աթոռի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ՝ «Վասն եղբարց մերոց գերելոց շնորհեայ ազատութիւն զՏէր աղաչեսցուք»» (Սուրբ Պատարագ, աղօթք առաքելու մեր Տիրոջ՝ գերեվարուած մեր եղբայրներու ազատութեան համար)։ Բոլոր բարի կամքի տէր մարդիկ, որոնք կը հաւատան ճշմարտութեան ու արդարութեան, հրաւիրուած են միանալու։
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել Սուրբ Աթոռի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան․
pontificallegate@gmail.com