​Տոչ. Տօքթ. Դալար Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեան՝ Պարգեւատրուած - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

31 Ekim 2024  

​Տոչ. Տօքթ. Դալար Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեան՝ Պարգեւատրուած -

​Տոչ. Տօքթ. Դալար Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեան՝ Պարգեւատրուած ​Տոչ. Տօքթ. Դալար Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեան՝ Պարգեւատրուած

Քանի մը օրէ ի վեր համացանցի վրայ եւ ընկերային ցանցերու հայկական հարթակներուն վրայ կը շրջի ընդհանուր վիրաբոյժ, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի բժշկական անձնակազմէն Տոչ. Տօքթ. Դալար Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեանի անունը։ Համայնքի ծոցէն հասած պատուաբեր այս բժշկուհին ո՛չ միայն իր ասպարէզը կը գործադրէ, այլ նաեւ իր ոլորտին առնչակից կարեւոր յօդուածներով ուշադրութիւն կը գրաւէ բժշկագիտական ոլորտէն ներս։

Տօքթ. Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեան շաբաթավերջին պարգեւատրուեցաւ Յունաց Պարթոլոմէոս Պատրիարքի ձեռամբ։ Ան արժանի նկատուեցաւ «Երիտասարդ գիտնականներ» մրցանակին։ Մրցանակատուչութիւնը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի յոյներու համընդհանուր դաշնութեան կազմակերպութեամբ՝ ի յիշատակ 19րդ դարու կարեւոր բժիշկներէն մէկուն՝ Մարքօ Փիցիփիոս փաշայի։

Մրցանակը ստանալէ ետք Տօքթ. Դալար Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեան իր սրտի խօսքը արտասանեց, ուրախութիւն յայտնելով գնահատանքի արժանանալու համար։ Ըսաւ որ այսպիսի պարգեւներ կ'ամրապնդեն բժիշկներու ջանքերը՝ հասարակութեան առողջութեան նպաստելու տեսակէտէ։

Տօքթ. Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեանի մասնագիտական շրջանակներուն մէջ են կրծքագեղձի վիրաբուժութիւնը, վահանաձեւ գեղձի, շաքարախտի, գիրութեան, աղիքային ճողուածքներու վիրահատութիւնները, նաեւ ուռուցքաբանական վիրաբուժութիւնը, եւլն։

Յիշեցնենք որ Տօքթ. Վարդանօղլու ծնած է 1989ին եւ շրջանաւարտ եղած է Ետիթէփէի բժշկական համալսարանէն։ Աշխատած է Վանի Մուրատիէի պետական հիւանդանոցի, Պաղճըլարի ուսումնական ու հետազօտական հիւանդանոցի, Կարսի Սարըքամըշի պետական հիւանդանոցի, «Մետիքալ Փարք» հիւանդանոցի մէջ, իսկ վերջին քանի մը տարիներուն ան միացած է Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի անձնակազմին։

Կը շնորհաւորենք Տօքթ. Դալար Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեանը եւ մասնագիտական նոր ձեռքբերումներ կը մաղթենք իրեն։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+