Լեւոն Արք. Զէքիեանի Սրտի Խօսքը -
Լեւոն Արք. Զէքիեանի Սրտի Խօսքը
Սրբազան Հօր օրհնութեան վերջին խօսքէն առաջ կ'ուզեմ իմ խօսքը ըսել այս մեծ ներկայացման առնչութեամբ, որ ինչպէս ըսուեցաւ կը բանայ Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի 200ամեակը, պանծալի յոբելեան մը որ նաեւ միաժամանակ պիտի փափաքէի որ ըլլար Մխիթարին եւ Մխիթարեան միաբանութեան հայ իրականութեան մէջ առհասարակ, բայց նաեւ համաշխարհային իրականութեան մէջ մեծ ներդրումին մէկ ոգեկոչումը, նաեւ վերյուշը յատկապէս խրախոյս տալու համար մեր անմիջական ապագայի քայլերուն։
Ես այստեղ կ'ուզեմ նաեւ ողջունել,- կարծեմ մեր միջեւ ներկայ չէ,- այս թատրերգութեան հեղինակ Պր. Ռոպէր Հատտէճեանը, որ անկասկած 20րդ դարու երկրորդ կէսի, հայ գրականութեան, առհասարակ Հայաստանի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի, մեծագոյն գրողներէն մէկն է, վստահաբար առաջին երեքէն մէկը։ Ան նաեւ միաժամանակ, բանբերն է, պատգամախօսն է շատ այժմէական հարցի մը, գաղթի հարցը։ «Առաստաղը»ը եւ «Առաստաղի միւս կողմը» վէպերը, եւ այս թատերախաղը, որուն ծանօթ չէի անկեղծօրէն, ինծի համար մեծ անակնկալ մը եղաւ, այս տրամը, պիտի չուզէի ողբերգութիւն բառը գործածել, որովհետեւ գաղթը կայ եւ բոլոր գաղթողներուն յաջողութիւն կը մաղթեմ, բայց ամէնքը գիտեն որ գրեթէ ամէն Կիրակի քարոզներուս մէջ կ'ըսեմ՝ «Մնացէք այս երկրին մէջ»։ Կ'ենթադրեմ թէ այն տարիներուն, երբ այս թատերախաղը գրուած է, բնականաբար շատ դժուար տարիներ էին։ Ընդհանուր ակնարկ մը նետելով, մէկ երկու հոգի միայն ինձմէ աւելի բարձր տարիք ունի,- այսօր կը լրացնեմ 81 տարեկանս,- գիտեմ այս երկիրը, գիտեմ որ դժուարին շրջաններէն անցած է երկիրը, դժուարին հանգրուաններ եղած են եւ գաղթի շարժումը փորձանքի պէս առած տարած է հայութիւնը։ Վերջին մնացորդը Պոլիսն էր բայց ախտը հո՛ս ալ հասաւ։
Ամենայն անկեղծութեամբ կ'ըսեմ որ վերջին տարիներուն եւրոպական որեւէ երկրի մէջ չեմ տեսած այն յարգանքը, զոր կը տեսնեմ պետութեան սահմաններուն մէջ։ Ուրեմն արձանագրենք բարեփոխումները եւ յառաջ շարժինք։ Ձեզի կը վստահեցնեմ որ այս հողերուն վրայ դեռ ամուր է «ընտանիք» հասկացողութիւնը, մինչդեռ Եւրոպայի մէջ տարբեր է պարագան, «ընտանիք»ը փուլ եկած է։
Շնորհապարտ եմ Պր. Հատտէճեանին, որ այս հարցերը արծարծած է, կը շնորհաւորեմ Տիկին Կիւվէնը, որ մէկուկէս ժամ մեզի զմայլելի հոգեկան խրախճանք մը տուաւ։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com